Ակնարկ

Երրորդ տարածքներու տեսութիւնը

14 de enero de 2020

Տա­րա­ծաշրջա­նա­յին մա­կարդա­կի վրայ տա­րին սկսաւ նոր փուլի նա­խանշա­յին ի­րա­դարձութեամբ: Միա­ցեալ Նա­հանգներ – Ի­րան առճա­կատման յա­րա­բե­րութիւննե­րու մէջ գերլա­րուած ի­րա­վի­ճակ ստեղծուե­ցաւ Թրամփի հրա­հանգով Ի­րա­քի մէջ ի­րանցի զօ­րա­վա­րի սպա­նութեամբ:

Այնուհե­տեւ կա­տա­րուած յայտա­րա­րութիւննե­րը, մե­ղադրանքնե­րը, կարմիր գի­ծե­րը հա­տած ըլլա­լու հաստա­տումնե­րը, դա­տա­պարտանքնե­րը քա­նի մը ուղենշա­յին ե­րեւոյթի մա­սին մտա­ծել կու տան:

Հա­կա­դարձ գործո­ղութիւնը անպայման պի­տի ձեռնարկուէր: Ի­րա­քի մէջ ա­մե­րի­կեան յե­նա­կէ­տեր հա­րուա­ծե­լու Ի­րա­նի պա­տասխա­նը անխուսա­փե­լի էր: Ուա­շինկթը­նը արդէն խորհրդանշա­կան թիւ յայտա­րա­րած էր շա­րունա­կա­կան գործո­ղութիւննե­րու: Կը թուէր, որ ուղղա­կի առճա­կատման փո­խա­րէն կողմե­րը ընտրած էին երրորդ տա­րածքնե­րու վրայ ռազմա­կան հա­կա­մարտութիւնը շա­րունա­կե­լու կա­րե­լիութիւնը: Այս պա­րա­գա­յին գլխաւոր մարտա­դաշտը Ի­րաքն է: Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու նա­խա­գա­հի ուղերձը ո­րո­շա­կիօ­րէն փո­խեց կանխա­տե­սումնա­յին վերլուծա­բա­նութեան ուղղութիւնը: Շեշտը կը դրուէր տնտե­սա­կան պատժա­մի­ջոցնե­րը շա­րունա­կե­լու վրայ. ռազմա­կան հա­րուածնե­րու սպառնա­լի­քը յայտնա­բար փո­խա­րի­նուած էր աւանդա­կան պայքա­րի տարբե­րա­կով: Այս մէ­կը չի նշա­նա­կեր անշուշտ, որ ռազմա­կան ընտրանքը բա­ցա­ռուած է: Գրոհ-հա­կագրոհ ե­րեւոյթին կրնանք ա­կա­նա­տես ըլլալ միշտ` նկա­տի ունե­նա­լով երրորդ տա­րածքի տե­սութիւնը:

Ի­րա­նեան գլխաւոր թի­րա­խը Մի­ջին Ա­րեւելքի մէջ ռազմա­կան գործո­ղութիւննե­րու ընդհա­նուր հա­մա­կարգողն էր: Այլ խօսքով` ի­րա­նեան ազդե­ցութեան գօ­տի­ներ հիմնա­կան ձեւաւո­րո­ղը, որ շատ անգամ խո­չընդո­տած էր աշխարհագրա­կան նոյն տա­րածքին մէջ ա­մե­րի­կեան ծրա­գիրնե­րու ի­րա­կա­նա­ցումը:

Ա­մե­րի­կեան թի­րախնե­րը ուրեմն նոյն տա­րա­ծաշրջա­նին մէջ ի­րա­նեան ազդե­ցութեան գօ­տի­ներն են: Այդ գօ­տի­նե­րէն կը նկա­տուի անշուշտ Լի­բա­նա­նը, ուր Հըզպալլան կ՛ընկա­լուի իբրեւ ի­րա­նեան բա­նա­կի լի­բա­նա­նեան ստո­րա­բա­ժա­նումը: Ի­րա­նա­մէտ կուսակցութիւնը փաստօ­րէն հրա­պա­րա­կած է ռազմա­կան նոր ա­ռա­ջադրանք` տա­րա­ծաշրջա­նէն ա­մե­րի­կեան ուժե­րու հե­ռա­ցումը:

Նախ եւ ա­ռաջ Ի­րա­քէն ա­մե­րի­կեան ուժե­րու հե­ռա­ցումը կրնայ վե­րա­ծուիլ բազմա­կողմ օ­րա­կարգի: Հե­ռացման ո­րո­շումը սա­կայն ա­մե­նայն հաւա­նա­կա­նութեամբ կը կա­յա­նայ ցնցումնա­յին դի­պա­շարնե­րու հե­տեւո­ղութեամբ:

Բա­ցի լի­բա­նա­նեան ռազմա­հարթա­կէն, աշխարհագրա­կան հա­րեւա­նութեամբ առնչութիւններ կը ստեղծուին նաեւ Հա­յաստա­նի հետ: Որքան գերլա­րուի ի­րա­վի­ճա­կը, այնքան Ի­րա­նի սահմա­նա­մերձ երկիրնե­րը կը յայտնուին ա­մե­րի­կեան տե­սա­դաշտին մէջ` շրջա­փակման օ­ղա­կը նեղցնե­լու ուղղութեամբ: Պաշտօ­նա­կան Ե­րեւա­նի յայտա­րա­րութիւնը ըստ էութեան փոխլրա­ցուցիչ, հաւա­սա­րակշիռ քա­ղա­քա­կա­նութեան եւ բազմա­կողմ դիւա­նա­գի­տութեան հիմնադրոյթնե­րը նկա­տի ա­ռած է: Կա­րեւոր հանգա­մանք է նաեւ այն, որ Ի­րա­նի արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րը ի՛նք նա­խա­ձեռնած է հե­ռա­ձայնա­յին հա­ղորդակցութիւն հաստա­տել իր հայ գործընկե­րոջ հետ:

Ուա­շինկթը­նը հա­յաստա­նեան իր դեսպա­նա­տան մի­ջո­ցով Ի­րա­նի դէմ տնտե­սա­կան պատժա­մի­ջոցներ հաստա­տե­լու մի­ջո­ցին յայտա­րա­րած էր, որ հասկնա­լի կը գտնէ Ի­րան – Հա­յաստան ա­ռեւտրա­կան կա­պե­րու շա­րունա­կումը: Թէ՛ Ե­րեւա­նէն եւ թէ՛ Ստե­փա­նա­կերտէն հնչած յայտա­րա­րութիւննե­րը անպայման նկա­տի կ՛ունե­նան մէկ կողմէ սահմա­նա­մերձ Ի­րա­նի կենսա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցող բաց դրան հանգա­մանքն ու Թեհրա­նի հաւա­սա­րակշռուած դիրքո­րո­շումը` արցա­խեան հա­կա­մարտութեան մէջ, միւս կողմէ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան գլխաւոր ուժ Ուա­շինկթը­նի հետ գո­յութիւն ունե­ցող բազմա­կողմ յա­րա­բե­րութիւններն ու Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու միջնորդ հա­մա­նա­խա­գահ ըլլա­լը Արցա­խի հիմնախնդի­րին:

Շա­հարկումնե­րը, հե­տեւա­բար, ա­նընդունե­լի են: Ա­ռաւելներ արձա­նագրե­լու հա­մար հայկա­կան առնչութիւններ շրջա­նա­ռութեան մէջ դնե­լը` իշխա­նութիւն – ընդդի­մութիւն պայքա­րէն շատ հե­ռու, ուղղա­կի կը վնա­սէ պե­տա­կա­նութեան:
Սլաքնե­րը պէտք է ուղղել միւս երկու հա­րեւաննե­րուն ուղղութեամբ: Փորձել նկա­տել հե­տա­գայ ի­րա­վի­ճա­կա­յին այն նեղ պայմաննե­րը, ո­րոնց կրնան մատնուիլ թէ՛ Անգա­րան եւ թէ՛ Պա­քուն, Ի­րան – ա­մե­րի­կեան հա­կա­մարտութեան յաւե­լեալ թէ­ժացման հանգրուաննե­րուն: Երրորդ տա­րածքներ օգտա­գործե­լու ի­րո­ղութիւնը կրնայ չբա­ցա­ռել ազրպէյճա­նա­կան տա­րածքնե­րու վրայ ա­մե­րի­կեան ռազմա­կան յե­նա­կէ­տեր տե­ղադրե­լու պա­հանջը: Պա­քուն կրնայ յայտնուիլ այս անգամ ո՛չ միայն Ի­րա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու, այլ նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու եւ Մոսկուա­յի աքցա­նին մէջ: