«Եւ­րո­պա­ցի գոր­ծիչ­նե­րու Ար­ցախ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին»

14 de julio de 2017

kaspar_KarapԵւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեա­կը պի­տի շա­րու­նա­կէ տե­ղե­կաց­նել Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի եւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը՝ սահ­մա­նին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ յար­ձա­կում­նե­րուն եւ զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն մա­սին: Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին նշեց Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ ­Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան:

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ պէտք չէ բա­ցա­ռել 2016ի Ապ­րի­լեան վայ­րագ յար­ձա­կում­նե­րու նման նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը, սա­կայն պէտք է ա­մէն ինչ ը­նել, որ ա­նոնք չկրկնուին: Այն դի­տարկ­ման, թէ ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեա­կը, ինչ­պէս նա­խորդ, այն­պէս ալ այս տա­րի շա­րու­նա­կած է Եւ­րո­պա­յէն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու, հա­սա­րա­կա­կան խում­բե­րու այ­ցե­լու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պել դէ­պի Ար­ցախ, ար­դեօ՞ք նման այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին, ­Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան ը­սած է.-

«Ա­յո՛, այս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին, ո­րով­հե­տեւ Ար­ցա­խը մեր ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեան ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րէն մէկն է: Տա­կա­ւին քա­նի մը օր ա­ռաջ կազ­մա­կեր­պե­ցինք ­Պել­ճի­քա­յի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ: Ա­նոնք տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցան պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ: Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը 2017ին ար­դէն 3րդն­ էր­»: Անդ­րա­դառ­նա­լով այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն՝ ­Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան ը­սած է.-

«Ինչ­պէս տե­ղեակ էք, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը եւ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շրջա­փա­կու­մը Ար­ցա­խը կը պա­հէ մե­կու­սաց­ման մէջ: Այս մե­կու­սա­ցու­մը միայն քա­ղա­քա­կան չէ, այ­լեւ` տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին:

Ուս­տի եւ­րո­պա­ցի եւ օ­տար քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ լրագ­րող­նե­րուն ա­ռիթ պէտք է տրո­ւի այ­ցե­լե­լու Ար­ցախ, ըլ­լա­լու ա­կա­նա­տե­սը տեղ­ւոյն զար­գաց­ման յա­ռա­ջըն­թա­ցին, հան­դի­պե­լու պե­տա­կան եւ կա­ռա­վա­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հետ, ծա­նօ­թա­նա­լու ­Ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տագ­նա­պի վեր­ջին տե­ղե­կա­տո­ւու­թեանց: Գ­րա­սե­նեա­կը այս գործն է, որ կը կա­տա­րէ եւ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն նոր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ պի­տի ուղ­ղո­ւին դէ­պի մեր զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը: Այս պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու դրա­կան ար­դիւնք­նե­րը կրնանք տես­նել Եւ­րո­պա­յի մէջ հե­տա­գա­յին տա­րո­ւող գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին»: