Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահին յայտարարութիւնը զայրացուցած է Պաքուն

10 de febrero de 2018

Buman_webԶուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Տոմինիք տը Պիւման վերջերս Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած էր, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը կը պատկերացնէ բանակցութիւններու ճամբով՝ հիմնուած ՄԱԿ-ի բազմաթիւ համաձայնագրերու եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի վրայ:

Այս յայտարարութիւնը խիստ զայրացուցած է Ազէրպայճանը: Haqqin.az-ի հետ զրոյցին՝ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Տոմինիք տը Պիւման վնաս կը հասցնէ ԼՂ-ի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացին:

Ըստ Հաճիեւի՝ Պիւմանի ելոյթը կարելի է համարել խտրականութիւն եւ աջակցութիւն ցեղապաշտութեան: “2012-ին Տոմինիք տը Պիւման ապօրինի այցելած էր ԼՂ՝ այդպէսով խախտելով Ազէրպայճանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերաբերեալ օրէնքները։ Այդ այցով եւ այս յայտարարութեամբ ան կը փորձէ արդարացնել ընդդէմ Ազէրպայճանի Հայաստանի յարձակումը”, ըսած է Հաճիեւ