Էդուարդ Նալբանդեան “Ժխտողականութիւնը հեռանկար չունի”

22 de abril de 2015

nalbandian«Շատոնց ակնյայտ է, որ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը ոչ մէկ հեռանկար ունի», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին խնդրանքով մեկնաբանելով Թուրքիոյ արձագանգը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Եւրոպական խորհրդարանին ընդունած բանաձեւին:

«Դեսպաններ ետ կանչելով, կոպիտ քննադատութիւն հնչեցնելով երկիրներու, կազմակերպութիւններու հասցէին, որոնք յարգանքի տուրք կը մատուցեն ցեղասպանութեան զոհ դարձած մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու յիշատակին, իրենց ձայնը կը բարձրացնեն  ժխտողականութեան դէմ, մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգիլման ի նպաստ, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը աւելի եւ աւելի առանձին կը մնայ խորտակուող ժխտողականութեան նաւուն վրայ»,  շեշտած է արտաքին գործոց նախարարը:

«Թուրքիա կը փորձէ ճնշումներ բանեցնել, ես կ՛ըսէի` շանթաժի ենթարկել միջազգային կառոյցներ, բազմաթիւ երկիրներ: Սակայն, դժուար թէ այս հարցին մէջ յաջողութիւն ունենայ, թերեւս  յաջողի միայն այն երկիրներուն մէջ, ուր չեն յարգուիր մարդկային իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, ուր խարխուլ է ժողովրդավարութիւնը», շարունակած է Նալբանդեան:

«Ի՞նչ արդիւնք կու տայ դեսպանները ետ կանչելը: Lաւ կը յիշենք, որ ետ կանչէն ետք ստիպուած կ՛ըլլան դեսպանները վերադարձնել»,  ըսած է արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով. «Եւրոպական 28 երկիր ներկայացնող խորհրդարանը երէկ բանաձեւ ընդունած է: Լաւ է, որ Անգարայի մէջ գոնէ գիտակցած են` 28 երկիրէ ետ չեն կանչած  դեսպանները: Հակառակ պարագային թուրք դեսպաններուն համար գործազրկութեան լուրջ խնդիր կը յառաջանայ»:

Թուրքիոյ իշխանութիւններու արձագանգը, ըստ Նալբանդեանի, կը յիշեցնէ անել կացութեան մատնուած ճատրակ խաղացողը, որուն իւրաքանչիւր յաջորդ քայլը աւելի կը բարդացնէ անոր դիրքերը:
«Ինչպէս կ՛ըսուի Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին մէջ` առանց ճշմարտութեան կարելի չէ  հասնիլ հաշտեցման, ես կ՛աւելցնէի` միջազգային հանրութեան հետ», եզրափակած է Էդուարդ Նալբանդեան: