«Էս-400» Ընդդէմ «Էֆ-35» -ի

06 de agosto de 2019

Անհասկնա­լի կրնայ թուիլ այս վերնա­գի­րը, քա­ղա­քա­կան անցուդարձե­րով հե­տեւո­ղէն աւե­լի, մասնա­գէտ ռազմա­գէտնե­րու հա­մար: Մա­նաւանդ, որ վերջերս լսուած այս երկու արդիա­կան կա­ռոյցնե­րը զի­րար կը լրացնեն…եւ ոչ թէ մրցա­կիցներ ըլլա­լով, միեւնոյն դե­րը կը կա­տա­րեն: Աւե­լի տրա­մա­բա­նա­կան պի­տի ըլլար ռազմա­կան շուկա­յէն ներս դէմ յանդի­ման հա­նել ռուսա­կան «Սու-35» եւ ա­մե­րի­կեան «Էֆ-35» հա­լա­ծիչ-ռմբա­ձիգներն ու «Էս-400» եւ «Փաթրիըթ» հա­կա-օ­դա­յին պաշտպա­նութեան հա­մա­կարգե­րը:
Սա­կայն, ռազմա­կան շուկան ալ հա­մաշխարհայնա­ցած ու տարբեր ուղղութիւն ստա­ցած է՝ թէ՛ արտադրո­ղին եւ թէ՛ յա­ճա­խորդին հա­մար: Իսկ բնա­կա­նա­բար, ե­թէ խնդրոյ ա­ռարկայ յա­ճա­խորդ երկի­րը Թուրքիան է, յանձին նա­խա­գահ Էրտո­ղա­նի…ալ ա­մէն ձեւ կա­րե­լի է սպա­սել ու ե­րեւա­կա­յել ա­նոր «շո­ղո­քորթել ու տի­րա­նալ» գործե­լա­ձեւէն եւ ստեղծուած արդիւնքէն:
Վերջերս, Էրտո­ղա­նի հա­մար գո­յութիւն ա­ռած է ե­րա­զա­յին «Դժո­խա­յին Աթլանթիս» մը՝ Եփրա­տի ա­րեւե­լեան ա­փին վրայ գտնուող ա­հա­բեկչա­կան մի­ջանցք մը, որ կը գտնուի Սուրիոյ սահմա­նա­մերձ շրջա­նին մէջ եւ յաւե­լեալ ա­րեւելք ուղղուե­լով՝ հիւսի­սա­յին Ի­րաք:
Հաւա­նա­բար, անցուդարձե­րու հե­տեւողնե­րուն հա­մար, Էրտո­ղա­նի նշած դժո­խա­յին հո­ղա­շերտը, յստակ է, թէ հիւսի­սա­յին Սուրիա գործող քրտա­կան Ժո­ղո­վուրդի պաշտպա­նութեան ուժե­րուն տի­րա­պե­տութեան տակ գտնուող մասն է:
Այս «Դժո­խա­յին Աթլանթիս»-ին դէմ պայքա­րե­լու հա­մար, ան կա­րի­քը ունի արդիա­կան հա­լա­ծիչ-ռմբա­ձիգնե­րու եւ միեւնոյն ժա­մա­նակ հա­կա-օ­դա­յին պաշտպա­նութեան հա­մա­կարգե­րու: Տա­րի­նե­րէ ի վեր Էրտո­ղան, նոյնիսկ երբ քրտա­կան ուժե­րու ստեղծուած գօ­տին գո­յութիւն չունէր, Սպի­տակ Տան դուռը թա­կած էր, փա­փա­քե­լով իր տրա­մադրութեան տակ ունե­նալ «Փաթրիըթ» հա­կա-օ­դա­յին պաշտպա­նութեան հա­մա­կարգեր: Այդ օ­րե­րուն, արդեօք ի՞նչ մութ հա­շիւներ կա­յին, որ ան կը պնդէր տի­րա­նալ այս ռազմամթերքին: Անկա­տար անցեա­լը մէկդի ձգե­լով, այժմ արդէն իսկ ի­րա­գործուած է Ռուսաստա­նէն «Էս-400» հա­կաօ­դա­յին պաշտպա­նութեան հա­մա­կարգե­րու ա­ռա­ջին խումբին մա­տա­կա­րա­րումը Թուրքիոյ: Այս ի­րա­դարձութեան դէմ իբրեւ պատժա­մի­ջոց, Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու արտա­քին գործոց նա­խա­րար Մայք Փոմփէօ պաշտօ­նա­պէս յայտա­րա­րեց, թէ Թուրքիան հե­ռա­ցուած է «Էֆ-35» հա­լա­ծիչ-ռմբա­ձիգնե­րու արտադրութեան ծրա­գի­րէն:
Ակնթարթ մը մէկդի դրած այս Էրտո­ղա­նեան ռազմա­խա­ղը, ի՞նչ է կարծի­քը վե­րո­յի­շեալ Եփրա­տի ա­րեւե­լեան ա­փին վրայ գտնուող ա­հա­բեկչա­կան մի­ջանցքի հո­ղա­տի­րոջ, այսինքն՝ Սուրիոյ: Տե­ղին է նշել Սուրիոյ արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութեան մէկ պաշտօ­նա­կան յայտա­րա­րութիւնը, ո­րուն մէջ յստա­կօ­րէն կը շեշտուի, թէ Դա­մասկո­սը կը վե­րա­հաստա­տէ իր կտրուկ մերժումը թուրք-ա­մե­րի­կեան փոխ-յա­րա­բե­րութեան, որ Սուրիոյ գե­րիշխա­նութեան, հո­ղի եւ ժո­ղո­վուրդի միութեան դէմ բա­ցա­յայտ ոտնձգութիւն մըն է, նաեւ ոտնա­հա­րում՝ մի­ջազգա­յին օ­րէնքի եւ Մ.Ա.Կ.-ի ուխտի սկզբունքնե­րուն:
Էրտո­ղա­նի հա­մար պաշտպա­նութեան հարցը լուծուած է «Էս-400»-ի ժա­մա­նումով, կը մնայ յարձա­կո­ղա­կան բնա­գաւա­ռը…: