Էրտողանի հետ շրջագայող սահմանադրական լիազօրութիւններ

12 de noviembre de 2015

turkey-erdoganԹուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու երկ­րորդ փու­լը նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հա­մար կէս չա­փով բա­ցաւ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու դու­ռը: Ա­ռա­ջադ­րան­քը այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն գեր­նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գի հաս­տա­տումն է, կամ այլ խօս­քով` էր­տո­ղա­նա­կան վար­քա­գի­ծի միա­բե­ւե­ռա­ցու­մը: Իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան ա­պա­հո­ված խորհր­դա­րա­նա­կան ա­թոռ­նե­րուն թի­ւը  չ­՛ար­տօ­ներ, որ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քո­ւէի ո­րո­շու­մը առ­նէ խորհր­դա­րա­նը: Այս­տեղ պէտք է միա­նան իշ­խող կու­սակ­ցու­թե­նէն դուրս խորհր­դա­րա­նա­կան այլ քուէ­ներ, որ­պէս­զի գո­յա­նայ անհ­րա­ժեշտ թի­ւը:

Բայց ա­ռա­ջադ­րո­ւած նո­ւա­զա­գոյն թի­ւի ան­ցո­ղի­կու­թիւն ա­պա­հո­վե­լը կը թուի, որ հե­ռա­հար եւ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի հարց չէ էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րած կու­սակ­ցու­թեան հա­մար: Ու­րեմն, պի­տի փո­խո­ւի սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ Էր­տո­ղա­նի սուլ­թա­նա­ցու­մը սկիզբ պի­տի առ­նէ: Գոր­ծող սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը Թուր­քիոյ պա­րա­գա­յին վար­չա­պե­տա­կան է: Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւող­նե­րը գի­տեն, հա­մո­զո­ւած են սա­կայն, որ ու­ժի բե­ւե­ռա­ցու­մը տա­կա­ւին այ­սօր նա­խա­գա­հա­կան ա­ռա­ջադ­րո­ւած  լիա­զօ­րու­թիւն­ներ չա­պա­հո­ված Էր­տո­ղա­նի մօտ է: Վար­չա­պե­տի գոր­ծա­կա­տա­րը կամ ե­րէ­կո­ւան վար­չա­պե­տը` Տա­ւու­թօղ­լուն Էր­տո­ղա­նի կա­յա­ցու­ցած ո­րո­շում­նե­րը դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­րո­ւես­տով ի­րա­կա­նաց­նողն է պար­զա­պէս: Ի վեր­ջոյ կ­՛են­թադ­րո­ւի, որ Ար­դա­րու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն ու կար­գա­պա­հու­թիւ­նը այն­քան ու­շագ­րաւ կա­տա­րե­լու­թեամբ չեն յատ­կան­շո­ւիր, որ վար­չա­պե­տին թե­լադ­րեն իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու կրճատ­ման հա­մար այս թա­փով աշ­խա­տիլ:

Այս վար­կա­ծը ա­ւե­լի հա­մո­զիչ կը դառ­նայ, երբ մտա­բե­րենք մօ­տիկ ան­ցեա­լին միեւ­նոյն սահ­մա­նադ­րու­թեամբ գոր­ծող նա­խա­գահ Կիւլ-վար­չա­պետ Էր­տո­ղան զու­գա­պե­տու­թիւ­նը, երբ տա­ռա­ցիօ­րէն կը յար­գո­ւէր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ամ­րագ­րո­ւած վար­չա­պե­տա­կան հա­մա­կար­գը:

Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը չէ փո­խո­ւած. փո­խո­ւած է նա­խա­գա­հը, ո­րուն հետ նաեւ` ի­րո­ղա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը: Խն­դի­րը այս պա­րա­գա­յին Էր­տո­ղա­նի հետ շրջա­գա­յող ի­րո­ղա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­ներն են, ո­րոնք Թուր­քիան կը հե­ռաց­նեն սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւա­կա­նու­թե­նէ:

Ի­րո­ղա­պէս նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գը նաեւ սահ­մա­նադ­րա­կա­նաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին կը ձեռ­նար­կո­ւի այս ձե­ւով: Պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րո­ւածն ալ այդ է ար­դէն: Յե­տընտ­րա­կան Թուր­քիան, սա­կայն, նա­խագ­ծուած բե­մագ­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ հե­զա­սահ ճամ­բա­նե­րէ չէ, որ պի­տի ըն­թա­նայ: Թէ՛ ա­պա­հո­վա­կան եւ թէ՛ քա­ղա­քա­կան ա­ռում­նե­րով խմո­րում­նե­րը սա­ռե­լու մի­տում­ներ ցոյց չեն տար: Էր­տո­ղա­նի սուլ­թա­նաց­ման վար­քա­գի­ծը ան­պայ­ման կը բա­խի ճա­կա­տագ­րո­րոշ խո­չըն­դոտ­նե­րու: Ներթր­քա­կան հար­թու­թեան վրայ ար­տա­քին մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն եւ ներշն­չում­նե­րուն Ան­գա­րան պա­տաս­խա­նեց  պա­տան­դի կար­գա­վի­ճա­կի հա­մա­զօ­րու­թեամբ իր մօտ պա­հած գաղ­թա­կան­նե­րուն ա­ռա­ջին զան­գո­ւա­ծա­յին խմբա­քա­նա­կը Եւ­րո­պա ու­ղար­կե­լով եւ մար­դա­սի­րա­կան հա­մաեւ­րո­պա­կան ճգնա­ժամ ստեղ­ծե­լով:

Մինչ, ազ­գայ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան եւ ձա­խա­կող­մեան քա­ղա­քա­ցիու­թեան մի­ջեւ եր­կա­կի խաղ բե­մագ­րե­լով Էր­տո­ղա­նը թէ՛ սար­սա­փի մթնո­լորտ ստեղ­ծեց ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժում­նե­րու մօտ եւ թէ՛ ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­կան­նե­րը զսպե­լու դեր ստանձ­նեց: Բո­լո­րը ազ­դե­ցին ընտ­րա­կան ար­դիւնք­նե­րուն վրայ: Նա­հան­ջը` ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան թէ Ազ­գայ­նա­կան շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան պա­րա­գա­նե­րուն, ա­ւե­լի քան պարզ է:

Հե­տաքրք­րա­կան զու­գա­դի­պու­թեամբ մը նոյն օ­րը կա­յա­ցան նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Այս­տեղ ո՛չ սահ­մա­նադ­րու­թիւն փո­խե­լու հարց կայ, ո՛չ ալ ժո­ղովրդա­վար կար­գեր նոյ­նիսկ ե­րե­ւու­թա­պէս ցու­ցադ­րե­լու: Ե­ղա­ծը ընտ­րա­կան  ձեռ­նարկ մըն է ա­լիե­ւեան վար­չա­կար­գի վե­րար­տադ­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու:

Դէ­պի միանձ­նեայ հան­րա­պե­տու­թիւն ուղ­ղո­ւող Թուր­քիոյ եւ բռնա­տի­րա­կան Ազր­պէյ­ճա­նի հա­րե­ւա­նու­թեամբ Ե­րե­ւա­նը կ­՛ըն­թա­նայ դէ­պի յա­ւե­լեալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, դէ­պի օ­րէնս­դիր-գոր­ծա­դիր-դա­տա­կան ի­րար հա­կակշռ­ման դրու­թիւն, դէ­պի խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կարգ: Այս­տեղ ա­հա, դէ­տե­րուն, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն թէ ընդ­հան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին հա­մար եր­կա­կի չա­փա­նիշ­ներ կամ հա­մա­հա­ւա­սա­րեց­ման խա­ղեր կի­րար­կե­լու տեղ չկայ:

«Ազ­դակ»