Էրտողան: “Մեր մէկ ականջէն կը մտնէ, միւսէն կ՚ելլէ”

22 de abril de 2015

erdogan ridicuԹուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղան կրկին ցնցիչ ար­տա­յայ­տութիւններ ու­նե­ցած է, այս ան­գամ ալ Ղա­զախստան այ­ցե­լու­թե­նէն առաջ:

Ապ­րիլ 15ին, նախ­քան ճամ­բորդու­թիւնը, երբ դեռ Եւ­րո­պական Խորհրդա­րանը չէր քուէար­կած բա­նաձե­ւը, այդ քուէար­կութեան հա­ւանա­կան ար­դիւնքին մա­սին լրագ­րողնե­րու հար­ցումին պա­տաս­խա­նելով Թուրքիոյ նա­խագա­հը ըսած է. “Ինչպի­սի որո­շում կը կա­յաց­նեն չեմ գի­տեր։ Ազ­գո­վին թէ զան­գուածա­յին լրա­տու մի­ջոց­նե­րու մա­կար­դա­կով, չեմ գի­տեր ի՞նչու՝ միշտ պաշտպա­նողա­կան դիր­քեր կ՚որ­դեգրենք։ Ես, որ­պէս Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ, պաշտպա­նողա­կան դիր­քի մտա­հոգու­թիւն չու­նիմ։ Մեր վրայ գո­յու­թիւն չու­նի ցե­ղաս­պա­նու­թեան բի­ծը, շու­քը։ Սա պա­հ

“Հոս կան հա­յեր, որոնք երկրին քա­ղաքա­ցինե­րը չեն եւ կրնանք զա­նոնք ար­տաքսել, բայց չենք ըներ”

Ապա, Էր­տո­ղան շա­րու­նա­կած է հարց տա­լով. “Սա պա­հուս, մեր երկրին մէջ ապ­րող հայ քա­ղաքա­ցինե­րը կրօ­նական կամ կեն­ցա­ղային ի՞նչ հարց ու­նին։ Հոս կան Հա­յեր, որոնք երկրին քա­ղաքա­ցինե­րը չեն եւ կրնանք զա­նոնք ար­տաքսել բայց չենք ըներ։ Վա­նի Ախ­թա­մարի եկե­ղեց­ւոյ ամ­բողջ վե­րանո­րոգու­մը կա­տարուեցաւ պե­տու­թեան կող­մէ։

Մենք կը հիւ­րընկա­լենք իրենց եր­կիրնե­րէն փա­խուստի դի­մած Հա­յերը։ Այսպի­սի վե­րաբե­րում ցու­ցա­բերող երկրի մը հա­մար ան­կա­րելի է ըմբռնել իրեն վե­րապա­հուող նման կե­ցուածք”։ Հուսկ, Էր­տո­ղան եզ­րա­փակած է ըսե­լով՝ “Եւ­րո­պական Խորհրդա­րանը կրնայ կա­յաց­նել իր ու­զած որո­շու­մը. մեր մէկ ական­ջէն կը մտնէ ու միւ­սէն կ՚ելլէ”։