«Ազդակ»-ի խմբագրական

Ընտրական վարքագիծի ուղին` դէպի պետականակայացում

07 de diciembre de 2018

Votaciones 2018Պետականաշինութեան եւ պետականակայացման գործընթացներուն մէջ ընտրութիւնները ըստ էութեան հիմնական գործօն կը հանդիսանան: Ընտրութիւնները կամ ընտրական մշակոյթը ընդհանրապէս բնականաբար սոսկ քուէարկութեան թափանցիկութեամբ չեն սահմանափակուած: Նախընտրական փուլը, ներկայացուող ծրագիրները, գաղափարական հարթութեան վրայ ծաւալած բանավէճերը, օգտագործուած բառապաշարը, յետընտրական ժամանակաշրջանին համար գետին կը պատրաստեն` իշխանութիւն-ընդդիմութիւն կամ առհասարակ պետութիւն-հասարակութիւն անջրպետներու գոյառման բացառումով:

Դաշնակցութիւնը, իբրեւ պետականակերտ կուսակցութիւն, իբրեւ հանրապետութեան հիմնադիր եւ արցախեան պետութեան կերտման ակունքներուն կանգնած կուսակցութիւն, թէ՛ 100 եւ թէ՛ 27 տարի առաջ ժողովրդավար հիմունքներով ստեղծուած պետութիւններուն  եւ համապատասխան կառոյցներու ձեւաւորման եղանակներուն տուած է յատուկ նշանակութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած զանազան գիտաժողովները, գիտահետազօտական աշխատանքներու ներկայացումները`  պատերազմական պայմաններու, անձեւ քաոսներու մէջ  գոյացած խորհրդարաններու ժողովրդավարական կարգերու յարգումը, բազմակուսակցական խորհրդարան ունենալու փաստը, միայն պարտադիր հանգամանքներու մէջ արտակարգ դրութեամբ միակուսակցական ժամանակաւոր դրոյթի հաստատումը, պատմական փաստեր են:

Ժամանակակից պատերազմական պայմաններու մէջ ռազմաճակատներէն խորհրդարան անցումի ժողովրդավարական բնոյթը, Արցախի մէջ առաջին խորհրդարանի կազմութեան եղանակը, Արցախի Գերագոյն խորհուրդի դաշնակցական նախագահի ընտրութիւնը, ինքնորոշման իրաւունքի միջազգայնօրէն ընդունուած կարգի` հանրաքուէի կազմակերպման մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը եւս  փաստացի օրինակներ են:

Այնուհետեւ երկու հանրապետութիւններուն տարբեր փուլերու բոլոր ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան հետեւողական վարքագիծի դրսեւորումը` ընտրութիւններուն անկաշառ մասնակցութիւնը, ապահոված գաղափարականութեան շեշտերը, քաղաքակիրթ բանավէճերու մասնակցութիւնը, բոլո՛ր փուլերուն Դաշնակցութեան կողմէ ընտրական ծրագիրի մշակումն ու հրապարակումը, ուր համաչափ ներկայացուած են ազգային- համահայկական  խնդիրները, արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները, ներքին ընկերային օրակարգերը, արտահոսքի կշռոյթներու դանդաղեցման նպաստող ծրագիրները, աղքատութեան յաղթահարման համար որդեգրելի փուլային միջոցները:

Հասկնալի է, որ զանգուածներուն մօտ քուէահաւաքի աշխատանքը զուտ գաղափարականութեամբ ակնկալուած արդիւնքը չ՛ունենար: Նման փուլերու կայ ժողովրդահաճոյախօսութիւնն ու գաղափարականութիւնը համատեղելու խնդիր, որ միշտ յաջող կերպով չ՛իրագործուիր:

Պետականաշինութիւնը սակայն դրական լիցք ու գործնական ազդակ կը ստանայ ընտրարշաւներու ընթացքին ներկայացուող երկրորդ բաղադրիչով` գաղափարականութեամբ:

Եթէ պետական մարդոցմէ եւ քաղաքական գործիչներէն կ՛ակնկալուի սառնասիրտ դատողութիւն, ապա այս պարագային նման մօտեցում կ՛ակնկալուի նաեւ հասարակութենէն ծրագրային դրոյթներու ներկայացման պահանջի առարկայացումով:

Այլ խօսքով` նախկինը մերժելու, բայց նաեւ վաղուանը ցոյց տուող ճանապարհներու լուսաւորումը: Այդ ճանապարհներու ընտրութիւնն է, որ պիտի կատարէ քաղաքացին իր խնդիրներու ոչ թէ հետեւանքները վերացնելու, այլ` պատճառները հիմնովին վերափոխելու համար:

Պատճառահետեւանքային հիմնադրոյթներ ներառած ծրագիրներն են, որոնք հաստատապէս կրնան նպաստել պետականակայացման աշխատանքներուն: Դաշնակցութեան ընտրական վարքագիծը այս առումով վաստակած է հետեւողականութիւն` հանրապետութեան հիմնադրութեան ժամանակներէն: