Սեդօ Պոյաճեան

Թուրքերը անցան Ուաշինկթընէն

22 de mayo de 2017

Erdogan WashingtonԹուր­քե­րը շատ տե­ղե­րէ ան­ցած են՝ միշտ ի­րենց ե­տին թող­նե­լով ա­ւեր եւ կո­տո­րած, ինչ­պէս ա­տե­նին հաս­տա­տած է Ֆ­րան­սա­ցի մեծ գրող ­Վիք­թոր ­Հիւ­կօ։

Ե­րեք­շաբ­թի՝ ­Մա­յիս 16ին, թուր­քե­րը նաեւ ան­ցան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­մայր Ո­ւա­շինկ­թը­նէն՝ ի­րենց ե­տին ձգե­լով վի­րա­ւոր ու ա­րիւն­լո­ւայ ան­մեղ ա­մե­րի­կա­ցի քա­ղա­քա­ցի­ներ։

Ո­ւա­շինկ­թըն գե­ղե­ցիկ եւ հրա­պու­րող քա­ղաք է։ ­Փո­թո­մաք գե­տի ա­փին կա­ռու­ցո­ւած այս փոքր քա­ղա­քը կը ներշնչէ կա­ռա­վար­ման եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան տար­րա­կան գի­տե­լիք­նե­րու զգա­ցում մը, որ կը յի­շեց­նէ պատ­մու­թեան ­Յու­նա­կան եւ Հ­ռով­մէա­կան դա­սա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րը։ Ան նաեւ կը հան­դի­սա­նայ ա­մե­րի­կեան պե­տու­թեան ջղա­հան­գոյ­ցը եւ երկ­րի կա­ռա­վար­ման շնչե­րա­կը։

Հա­կա­ռակ քու­լիս­նե­րու ե­տին կա­տա­րո­ւող քա­ղա­քա­կան ա­ռեւ­տու­րին, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջա­վայրն ու մթնո­լոր­տը ոե­ւէ մէ­կուն կը պար­տադ­րեն օ­րի­նա­պա­հու­թիւն եւ օ­րէն­քի յար­գում։ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին ո­րե­ւէ շրջա­նէ ա­ւե­լի Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ զգա­լի եւ տե­սա­նե­լի կը դառ­նայ կեն­դա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­մե­րի­կեան սահ­մա­նադ­րու­թեան՝ իր բո­լոր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով եւ քա­ղա­քա­ցիին ի­րա­ւունք­նե­րը ա­պա­հո­վող յա­ւե­լո­ւած­նե­րով (Bill of Rights)։

"Թուր­քե­րըան­ցանհոս­կէ…"
("Les turcs ont passe…")
Վիք­թոր ­Հիւ­կօ

Ո­ւա­շինկ­թըն թէ՛ քու­րան է եւ թէ փոր­ձա­դաշ­տը քա­ղա­քա­ցիին ի­րա­ւունք­նե­րը ա­պա­հո­վող ա­ռա­ջին յա­ւե­լո­ւա­ծի (First Amendment) խօս­քի եւ հա­ւա­քի ա­զա­տու­թիւն­նե­րուն։ Այս յա­ւե­լո­ւա­ծը, ի մի­ջի այ­լոց, կը տրա­մադ­րէ, թէ ­Քոնկ­րէ­սը ի­րա­ւա­սու չէ որ­դեգ­րե­լու օ­րէնք­ներ, ո­րոնք կը սահ­մա­նա­փա­կեն խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ժո­ղո­վուր­դին խա­ղաղ հա­ւա­քի ի­րա­ւունք­նե­րը։ Այս հի­մամբ տո­ւեալ ո­րե­ւէ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ բազ­մա­թիւ հա­ւաք­ներ տե­ղի կ­՚ու­նե­նան, ուր խօս­քի ա­զատ ար­տա­յայ­տու­թեան ի­րա­ւուն­քով մին­չեւ իսկ նստող նա­խա­գա­հը խա­չին կը գա­մեն։ Այս հա­ւաք­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը հա­մախմ­բեն հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­ներ, մին­չեւ իսկ մի­լիո­նէ ա­ւե­լի ցու­ցա­րար­ներ։

Սա­կայն այ­սօր ա­րա­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զա­տու­թիւն ներշն­չող Ո­ւա­շինկ­թը­նի պայ­ծառ դի­մա­գի­ծը։ Պղծո­ւե­ցաւ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ ­Կոպ­տօ­րէն բռնա­բա­րո­ւե­ցաւ խօս­քի եւ ա­զատ հա­ւա­քի ի­րա­ւուն­քը։ Ն­ման դա­տա­պար­տե­լի ա­րար­քի հե­ղի­նակ­նե­րը կրնա­յին միայն թուր­քեր ըլ­լալ, եւ ե­ղա՛ն։
Այս­պէս, Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի, Ա­մե­րի­կա­յի ­Հել­լէ­նա­կան ­Խոր­հուր­դին եւ շարք մը այլ քրտա­կան, ա­սո­րա­կան ու յու­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու միա­ցեալ ջան­քե­րով Ե­րեք­շաբ­թի՝ ­Մա­յիս 16ի յետ­մի­ջօ­րէին, ցու­ցա­կան հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր՝ բո­ղո­քե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­չեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի այ­ցե­լու­թեան դէմ։ ­Ցոյ­ցը ըստ ձե­ւի եւ ըստ էու­թեան խա­ղաղ էր ու միան­գա­մայն պատ­շաճ եւ օ­րի­նա­կե­լի ո­ւա­շինկ­թը­նեան չա­փա­նի­շե­րով։ ­Մինչ Ա­մե­րի­կա­յի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թ­րամփ եւ Էր­տո­ղան կը հան­դի­պէին Ս­պի­տակ ­Տան մէջ, ցոյ­ցի եր­թը սկսաւ Լա­ֆա­յէթ հրա­պա­րա­կէն (Lafayette Square):

Յետ Ս­պի­տակ ­Տան հան­դիպ­ման, Էր­տո­ղան շա­րու­նա­կեց իր տե­սակ­ցու­թիւ­նը Ա­մե­րի­կա­ցի գոր­ծա­րար­նե­րու հետ՝ Ա­մե­րի­կա­յի մօտ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նի բնա­կա­րա­նը, որ կը գտնո­ւի ­Շէ­րի­տըն շրջա­նա­կի (Sheridan Circle) դի­մաց։ ­Ցու­ցա­րար­նե­րէն ո­րոշ խում­բեր հա­ւա­քո­ւե­ցան ­Շէ­րի­տըն շրջա­նա­կին ներ­քեւ՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ի­րենց խա­ղաղ ցոյ­ցը։ Շր­ջա­նա­կը բաժ­նող պո­ղո­տա­յին միւս կող­մը դիրք բռնած էին թուր­քեր՝ թրքա­կան դրօ­շակ­նե­րով։

Ա­նակն­կա­լօ­րէն թուր­քե­րը ճեղ­քե­ցին Ո­ւա­շինկ­թը­նի ոս­տի­կան­նե­րու շղթան եւ խու­ժե­ցին դէ­պի ­Շէը­րի­տըն շրջա­նակ։ ­Յար­ձա­կում գոր­ծե­ցին խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն վրայ՝ դի­մե­լով ձեռ­քի եւ ա­քա­ցի հա­րո­ւած­նե­րու։ ­Հա­րո­ւա­ծե­լու հա­մար հա­ւա­քած էին գետ­նէն ո­րե­ւէ գոյք, որ մարմ­նա­յին վնաս կրնայ պատ­ճա­ռել։

Ո­րոշ ժա­մա­նակ ետք, ոս­տի­կան­նե­րը կա­րո­ղա­ցան զսպել եւ պո­ղո­տա­յին միւս կող­մը մղել թուրք գրո­հա­յին­նե­րը։ Թր­քա­կան վայ­րագ յար­ձա­կում­նե­րէն վի­րա­ւո­րո­ւած եւ վնա­սո­ւած էին բազ­մա­թիւ խա­ղաղ ցու­ցա­րար­ներ։ Ըստ «Ո­ւա­շինկ­թըն ­Փոսթ»ի, կան լրջօ­րէն վի­րա­ւո­րո­ւած ի­նը ան­հատ­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կը ծանր վի­ճա­կի մէջ։

Այս բար­բա­րոս ա­րար­քով՝ Էր­տո­ղան վեր­ջա­պէս յա­ջո­ղե­ցաւ իր Ան­գա­րա­յի բռնա­բա­րա­կան մշա­կոյ­թը նե­րա­ծել Ա­մե­րի­կա­յի մայ­րա­քա­ղա­քէն ներս։ Այս մշա­կոյ­թը թրքա­կան իւ­րա­յա­տուկ պի­տա­կով ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն է, որ հի­մա կը պար­տադ­րո­ւի Թ­րամ­փի ա­կա­նա­տե­սու­թեամբ եւ Ս­պի­տակ ­Տան շրջա­կայ­քը՝ ոտ­նա­կո­խե­լով Ա­մե­րի­կա­յի սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ ա­մե­րի­կա­ցի քա­ղա­քա­ցիի ի­րա­ւունք­նե­րը։

Պա­տա­հա­կան կամ տեղ­ւոյն վրայ հա­կազ­դե­ցու­թեան ար­դիւնք չէր թուր­քե­րուն վայ­րագ գրո­հը։ Ի սկզբա­նէ ապսպրո­ւած, պատ­րաս­տո­ւած եւ քա­ջա­լե­րո­ւած էր այս գրո­հը։ Պատ­րաս­տու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րը պէտք է փնտռել թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նէն ներս։

Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մար այ­սօր ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պահ­պան­ման հարց կը դրո­ւի։ Այս հար­ցը պէտք է հե­տապն­դո­ւի խա­ղաղ ցոյ­ցի կազ­մա­կեր­պիչ միա­ւոր­նե­րուն կող­մէ։ Այս նպա­տա­կին հա­մար ա­նոնք պէտք է նկա­տի ու­նե­նան հե­տե­ւեալ քայ­լե­րը.-
ա. Ա­ջակ­ցիլ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ոս­տի­կա­նու­թեան՝ յայտ­նա­բե­րե­լու հա­մար թուրք յար­ձա­կող­նե­րուն ինք­նու­թիւ­նը։
բ. ­Յայտ­նա­բե­րել ինք­նու­թիւ­նը թրքա­կան դես­պա­նա­տան այն պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն, ո­րոնք մաս­նա­կից դար­ձան գրո­հին։
դ. Թր­քա­կան ծա­գու­մով ա­մե­րի­կա­ցի այն քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, ո­րոնք մաս­նա­կից դար­ձան յար­ձա­կու­մին, պէտք է են­թար­կո­ւին քրէա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան եւ վնա­սուց հա­տու­ցում կա­տա­րեն։
ե. Թր­քա­կան ծա­գու­մով ա­մե­րի­կաբնակ­նե­րը պէտք է զրկո­ւին ի­րենց բնա­կե­լու ի­րա­ւուն­քէն եւ ար­տաք­սո­ւին Ա­մե­րի­կա­յէն։
զ. Թր­քա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նի այն պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը, ո­րոնք առն­չու­թիւն ու­նե­ցան այս գրո­հին հետ, պէտք է ­Պե­տա­կան ­Քար­տու­ղա­րու­թեան կող­մէ հռչա­կո­ւին ան­բաղ­ձա­լի տարր եւ հե­ռա­ցո­ւին Ա­մե­րի­կա­յէն։
է. Աշ­խա­տանք տա­նիլ ­Քոնկ­րէ­սի մէջ, որ­պէս­զի այս յար­ձա­կում­նե­րուն գծով կա­տա­րո­ւին բո­ղո­քի եւ դա­տա­պար­տան­քի քոնկ­րէ­սա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։
ը. ­Տե­սակ­ցու­թիւն պա­հան­ջել ­Պե­տա­կան ­Քար­տու­ղա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան բա­ժան­մուն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ եւ բո­ղոք ներ­կա­յաց­նել ­Թուր­քիոյ դես­պա­նա­տան մեղ­սակ­ցու­թեան գծով։
Այս եւ այլ աշ­խա­տանք­ներ անհ­րա­ժեշտ են, որ­պէս­զի այս ան­գամ կա­րե­լի ըլ­լայ ը­սել, թէ թուր­քե­րը ան­ցան Ո­ւա­շինկ­թը­նէն՝ ստա­նա­լով ի­րենց ար­դար պա­տի­ժը։