Թուրքիան կիսով չափ կրճատած է Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ պայքարին համար յատկացուող գումարը

26 de noviembre de 2019

Թուրքիոյ խորհրդա­րա­նի ծրագրաւորման եւ պիւտճէա­կան յանձնա­խումբին մէջ ե­րեքշաբթի օր հաստա­տուած պիւտճէին մէջ Հե­տա­զօ­տութիւննե­րու եւ անվտանգութեան գծով աշխա­տանքնե­րու գլխաւոր վարչութեան պիւտճէն 2019 թուա­կա­նին 11,2 մի­լիո­նին փո­խա­րէն 2020 թուա­կա­նին հա­մար նուա­զե­ցուած է 5,9 մի­լիոն լի­րա­յի: «Երկիր» կը տե­ղե­կացնէ, թէ այս մա­սին կը հա­ղորդէ թրքա­կան «Ճումհուրիեթ» կայքը:
«Ճումհուրիեթ»-ի լրագրող Հուսէյն Հա­յաթսեւեր կը նշէ, որ Թուրքիան «ցե­ղասպա­նութեան թե­զե­րուն» դէմ պայքա­րը կը կրճա­տէ, երբ շարք մը երկիրնե­րու խորհրդա­րաննե­րուն մէջ` Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու գլխաւո­րութեամբ, Հա­յոց ցե­ղասպա­նութիւնը ճանչցող բա­նա­ձեւեր կ՛որդեգրեն:
Ըստ թուրք լրագրո­ղին, Թուրքիոյ արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութեան պիւտճէա­կան ա­ռա­ջարկին մէջ նաեւ նշուած է, որ պի­տի զարգա­ցուին Թուրքիոյ դէմ քա­րոզչութեան հա­կազդե­լու աշխա­տանքնե­րը` ա­կա­դե­մա­կան, քա­ղա­քա­կան, դիւա­նա­գի­տա­կան, մշա­կութա­յին եւ ի­րաւա­կան ո­լորտնե­րու մէջ:
«Երկիր» կը նշէ, որ վե­րոնշեալ վարչութիւնը նաեւ կ՛ի­րա­կա­նացնէ մի­ջազգա­յին ընտա­նի­քին մօտ Ֆեթհուլլա Կիւլե­նի վե­րա­բե­րեալ հա­կա­քա­րոզչութիւնը: