Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններ ներողութիւն, ճանաչում եւ հատուցում կը պահանջեն

22 de abril de 2015

IstamboulՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» «100ամեակ. Վե՛րջ Ուրացման» անուան հովանիին տակ միացած Թուրքիոյ մէջ գործող մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած են.

«Անհերքելի, մեծ ոճիր մը գործուեցաւ այս հողերուն վրայ, 100 տարի առաջ. ոճիր մը, որ պիտի մնայ անշրջելի, անդարմանելի եւ աններելի: 1915ի ցեղասպանութեան ընթացքին հայեր եւ փոքր Ասիոյ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներ, որոնց շարքին ասորիներ եւ յոյներ, թիրախ դարձան բնաջնջումի հետեւողական քաղաքականութեան եւ իրենց տնտեսութեան, արուեստի, արհեստի եւ պատմական ու մշակութային կոթողներուն հետ քանդուեցան:

Մեր՝ «100ամեակ. Վե՛րջ Ուրացման» նախաձեռնութիւնը հաստատուեցաւ Ապրիլ 24ին Պոլսոյ եւ Տիգանակերտի մէջ նշելու համար ցեղասպանութիւնը: Նախաձեռնութեան կը մասնակցին՝ Անատոլիական մշակոյթներ եւ ուսումնասիրութիւն ընկերակցութիւնը, Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնախումբը, «Նոր Զարթօնք»ը, Պատմութեան առերեսուելու հարթակը, Ասորիներու «Թուրապտին» հարթակը, ինչպէս նաեւ Յանուն ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հետազօտութէան «Զեն» հիմնարկը: Մեր նախաձեռնութիւնը նաեւ կը վայելէ աջակցութիւնը Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկին, Եւրոպայի հայկական խորհուրդին, եւ «Վան» համախմբումի (Փարիզ), որոնց ներկայացուցիչները պիտի միանան մեզի:

«100ամեակ. Վերջ Ուրացման» նախաձեռնութեան գաղափարը հիմնուած է ամօթի ու պատասխանատուութեան վրայ: Կը հաւատանք, որ այս հողերուն վրայ ցեղասպանութեան ոճիրի որեւէ ոգեկոչում պէտք է արտայայտէ ինքնին՝ ցեղասպանութեան ժխտման պատասխանատուութիւնը եւ ամօթը, որ կը զգան ժառանգորդները մարդոց, որոնք առիթը ունին աճելու, բարգաւաճելու եւ հարստանալու՝ ցեղասպանութեան զոհ դարձած մարդոց բացակայութեան:

Ապրիլ 24ի ոգեկոչման մեր ձեռնարկներուն մեր պահանջներն են ճանաչումը, ներողութեան հայցումը, փոխհատուցումը եւ իրաւունքներու վերականգնումը:
Ոգեկոչման մեր ձեռնարկները պիտի սկսին Ապրիլ 24ի ժամը 11ին՝ Սուլթանահմետ հրապարակին վրայ գտնուող Թրքական եւ իսլամական արուեստներու թանգարանին առջեւ, ուր մէկ վայրկեան լռութեամբ պիտի յարգենք զոհերուն յիշատակը: Այս շէնքը 1915ին կեդրոնական բանտն էր: Պոլսոյ հայ համայնքէն անհատներ, ներառեալ մտաւորականներ, իրենց տան մէջ ձերբակալուելով այստեղ արգելափակուեցան եւ ապա ուղարկուեցան Հայտարփաշայի երկաթուղագիծի կայարան։

Մէկ վայրկեան լռութենէն ետք պիտի սկսինք մեր «Ցեղասպանութեան քայլարշաւ»ին, լուռ քալելով Սուլթանահմետէն Էմինէօնու, եւ ապա ծովու ճամբով անցնելով Հայտարփաշա: Ապրիլ 24, 1915ի ձերբակալուածները Հայտարփաշայէն տարուած էին դէպի երկրին խորերը, իրականութեան մէջ, դէպի մահ:

Հայտարփաշայէն պիտի երթանք Շիշլիի հայկական գերեզմանատուն, յարգելու համար յիշատակը Սեւակ Շահին Պալըքճըին, որ 24 Ապրիլ 2011ին Պաթմանի մէջ, պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին, ազգային ատելութեան հիմամբ կատարուած ոճիրի զոհ գնաց. հոն մեր աջակցութիւնը պիտի յայտնենք Պալըքճը ընտանիքի արդարութեան հետապնդման:

«100ամեակ. Վերջ Ուրացման» նախաձեռնութենէն առաջ եւ ետք, նախաձեռնութեան մաս կազմողները պիտի մասնակցին երկու այլ ձեռնարկներու: Եւրոպայի հայկական խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնք Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնախումբի կողմէ հրաւիրուած են Պոլիս, նոյն օրը՝ Ապրիլ 24ին, ժամը 10ին, «Պէյազիչ» հրապարակին վրայ ոգեկոչման ձեռնարկ մը պիտի կատարեն: Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնախումբի գործիչները պիտի մասնակցին Յունիս 15, 1915ին մահապատիժի ենթարկուած Հնչակեան կուսակցութեան 20 ղեկավարներու եւ անդամներու յիշատակի ոգեկոչման:

«Նոր Զարթօնք»ի կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւ մը երեկոյեան ժամը 6:30ին պիտի սկսի «Կալաթասարայ Լիսէ»ն եւ ուղղուի դէպի Թաքսիմի հրապարակ, ուր Իսթիքլալ փողոցի Թաքսիմի կողմը եղող վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հարթակի ղեկավարութեամբ 100ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը:

Միաժամանակ, Տիրանակերտի մէջ, Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան տեղւոյն մասնաճիւղն ու «Կոմիտաս» հիմնարկը միասնաբար պիտի կազմակերպեն հայ եւ ասորի զոհերու յիշատակի ոգեկոչում մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24ի ժամը 12ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ՝ գործակցութեամբ Տիրանակերտի փաստաբաններու ընկերակցութեան եւ «Զեն» հիմնարկին:

Ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարը ո՛չ Ապրիլ 24, 2015ին պիտի աւարտի, ոչ ալ՝ Դեկտեմբեր 31, 2015ին: Մինչեւ հանրապետական Թուրքիոյ պետութիւնն ու պետական գաղափարախօսութեան հետեւող մեծամասնութիւնը չճանչնան ոճիրը եւ անշրջելի ու անդարմանելի կորուստներուն համար փոխհատուցում չտան՝ մենք պիտի շարունակենք Փոքր Ասիոյ ցեղասպանութեան զոհերուն ու աշխարհսփիւռ եւ ժխտողականութեան պատճառով յարատեւող ցեղասպանութեան պայմաններու տակ ապրող ժառանգորդներուն համար արդարութիւն պահանջել»: