Թուրքիոյ մէջ առաջին գրախանութները բացած են հայերը

07 de noviembre de 2017

Libreria-Bolis«Էրմէնիհապեր»-ը կը տեղեկացնէ, որ թրքական «Պիրկիւն» թերթի կայքի սիւնակագիր Ռեֆիք Տուրպաշը «Պապը Ալիի առաջին գրավաճառը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ, կը յատնէ, թէ Պոլսոյ Պապը Ալի պողոտայի առաջին գրավաճառը եղած է Առաքել Թոզլուեանը:

Առաքել Թոզլուեան էֆենտին Պապը Ալիի մէջ իր գրախանութը հիմնած է 1875-ին եւ ժամանակի ընթացքին սկսած է զբաղելու նաեւ հրատարակչութեամբ: 1884-ին հրատարակուած է «Առաքելի գրադարան»-ի գրացուցակը, որ առաջինն էր իր տեսակին մէջ: Գրքոյկին նպատակն էր ընթերցասէր հասարակութեան համար դիւրացնել անհրաժեշտ գիրքերու որոնումը:

Աղբիւրին համաձայն, Պապը Ալիի մէջ ընդհանրապէս սկզբնական շրջանի բոլոր գրավաճառները եղած են հայեր: Հայերու շնորհիւ է, որ գիրքը դարձած է առուծախի առարկայ, վաճառուած` սրճարաններու, խանութներու եւ այլ մարդաշատ վայրերու մէջ:

Առաքել էֆենտին հրատարակած է օսմանեան շրջանի գրողներէն Ահմեթ Ռասիմի եւ Հալիթ Զիայի շարք մը ստեղծագործութիւնները: Աւելի ուշ Մուալլիմ Նաճիի հետ ձեռնարկած է հրատարակման դասագիրքերու, որոնք տպագրուած են 100-աւոր օրինակներով: 1891-94 թուականներուն Առաքել Թոզլուեան «գրպանի գիրք»-ի չափով շարք մը վէպեր հրատարակած է:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Առաքել Թոզլուեանէն առաջ Թորոս անունով մարդ մը Պապը Ալիի մէջ գրախանութ բացած է, սակայն գործերը այնքան ալ յաջող չեն ընթացած. ան ստիպուած եղած է գիրքերը պարկերու մէջ լեցնելով` վաճառելու եւ հեռանալու:

Իբրեւ Պապը Ալիի առաջին գրավաճառ` յայտնի է Առաքել Թոզլուեան: Վերջինիս մասին կենսագրական տուեալները քիչ են: Յայտնի է, որ Առաքել էֆենտին ծագումով Կեսարիայէն եղած է: