Թրքական ժխտողականութեան պատին վրայ լուրջ ճեղք մը

06 de agosto de 2019

Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան պատմա­կան փաստի տա­րածման եւ թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նութեան դէմ պայքա­րին մէջ լուրջ դե­րա­կա­տա­րութիւն վերցուցած են թուրք պատմա­բաններն ու ա­կա­դե­մա­կաննե­րը: Ա­նոնց թիւը հետզհե­տէ բազմա­ցաւ անցած տա­րի­նե­րուն ընթացքին, երբ ի­րար յա­ջորդող գիրքե­րով, յօ­դուածնե­րով եւ ուսումնա­սի­րութիւննե­րով, յանդգնե­ցան լոյս սփռել Թուրքիոյ մէջ ծանր թա­պու նկա­տուող թե­մա­յին շուրջ:
Ա­նոնց մղում տուած է սե­փա­կան ժո­ղո­վուրդը դաստիա­րա­կե­լու եւ երկի­րը ժո­ղովրդա­կա­նացնե­լու ողջա­միտ ձգտում մը, որ միա­ժա­մա­նակ Թուրքիոյ խե­ղա­թիւրումնե­րուն դէմ ա­հազդու զէնք մը դարձած է հայ ժո­ղո­վուրդի պա­հանջա­տի­րա­կան պայքա­րին մէջ` ա­մե­նա­ծանր հա­րուա­ծը հասցնե­լով թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նութեան:
«Պատմա­բաննե­րը թող վճռեն» թրքա­կան պաշտօ­նա­կան կե­ցուածքին դէմ, որ շատ անգամներ իր զո­հը դարձուց նաեւ օ­տա­րազգի լրագրողներ ու քա­ղա­քա­գէտներ, ազդու պա­տասխան տուին նոյնինքն թուրք ա­կա­դե­մա­կաններն ու պատմա­գէտնե­րը, որ թրքա­կան արխիւնե­րը պրպտե­լով` ի յայտ բե­րին փաստեր, որքան ալ ճիգ տա­րուած ըլլար ա­նոնք ոչնչացնե­լու կամ ծածկե­լու:
Յունա­կան մա­մուլը վերջին օ­րե­րուն լայն տեղ տրա­մադրեց Թա­ներ Աքչա­մի նոր գիրքին մէջ բա­ցա­յայտուած նա­մակնե­րուն, ո­րոնք Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան կանխամտա­ծուած եւ լաւա­պէս ուսումնա­սի­րուած ոճրա­գործութեան փաստը կու տան հանրութեան: Խօսքը կը վե­րա­բե­րի Ա­րամ Անտո­նեա­նի 1921-ին հրա­տա­րա­կուած գիրքին, ուր տեղ գտած էին օսմանցի պաշտօ­նեայ Նա­յիմ էֆենտիի յուշե­րը: Ան իւրա­յա­տուկ ձե­ռագրով վե­րարտադրած էր հա­յե­րու բնաջնջնման մա­սին պաշտօ­նա­կան հրա­մա­նա­գիրներ պա­րունա­կող շուրջ 52 օսմա­նեան փաստա­թուղթեր: Անկէ զատ` Նա­յիմ էֆենտին Անտո­նեա­նին յանձնած էր մօտ 26 փաստա­թուղթե­րու բնօ­րի­նակնե­րը: Այդ նա­մակնե­րու լուսանկարներն են, որ հրա­տա­րա­կուած են Անտո­նեա­նի գիրքին մէջ, եւ ա­նոնցմէ երկուքը կը պատկա­նին Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան ի­րա­գործման մէջ կա­րեւոր դեր ունե­ցած Պե­հաէ­տին Շա­քի­րին: Թուրքիոյ հա­մար Հա­յոց ցե­ղասպա­նութիւնը «1915-ի տխուր պա­տա­հարներն» են, այսինքն` Ա. Հա­մաշխարհա­յին պա­տե­րազմին ժա­մա­նակ հա­յե­րու «կո­րուստը»: Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան ժխտումի թրքա­կան գլխաւոր վարկա­ծը կը կեդրո­նա­նայ այն կէ­տին վրայ, որ տե­ղա­հա­նութեան հրա­մա­նէն զատ` ուրիշ հրա­ման չկայ, ուրեմն հա­յե­րը մա­հա­ցած են պա­տե­րազմի բնա­կան հե­տեւանքով®
Թա­ներ Աքչա­մի նոր բա­ցա­յայտումնե­րով, հիմնա­յա­տակ կը փլի թրքա­կան վարկա­ծը, ո­րովհե­տեւ կը հրա­տա­րա­կուին բնա­գիր այն հրա­մաննե­րը, որ պե­տա­կան պաշտօ­նեայ Պե­հաէտտին Շա­քիր ուղարկած է «հա­յե­րը բնաջնջե­լու աղտոտ գործը» ստանձնած ուժե­րուն:
Հելլէն հա­սա­րա­կութիւնը լրջօ­րէն կը հե­տաքրքրուի օսմա­նեան արխիւնե­րու բա­ցա­յայտման վե­րա­բե­րող նման գրութիւննե­րուն մա­սին, ո­րովհե­տեւ նոյն ձեւով կը փաստուի յոյնե­րուն դէմ կանխամտա­ծուած ծրա­գի­րի կրկնութիւնը: Հելլէն մա­մուլը` «Քա­թի­մե­րի­նի», «Պոնտոս Նիուզ» եւ այլն, թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նութեան պա­տին վրայ մեծ բե­կում կը նկա­տեն բա­ցա­յայտումնե­րը, այնքան ա­տեն որ Թուրքիան կը շա­րունա­կէ ժխտել իր ո­ճի­րը:
Շատ յստակ է: Թա­ներ Աքչա­մի բնո­րոշմամբ, փաստա­թուղթե­րը ցոյց կու տան, թէ ինչպի­սի՛ յա­ջորդա­կա­նութեամբ կա­տա­րուած են հա­յե­րու ոչնչացման աշխա­տանքնե­րը:
Պի­տի ենթադրէինք, որ Թուրքիոյ ներկայ սե­րունդին հա­մար աւե­լի դիւրին պի­տի ըլլար ճանչնալ Ցե­ղասպա­նութեան փաստը ու ա­ռե­րե­սուիլ սե­փա­կան պատմութեան մութ է­ջին հետ: Սա­կայն կը տեսնենք, թէ որքա՛ն ալ փո­խուին սե­րունդնե­րը, որքան ալ Թուրքիոյ ժո­ղո­վուրդին մե­կուսա­ցումը սահմա­նա­փա­կուի, եւ հա­մա­ցանցի դիւրութիւննե­րը մարդոց հրամցնեն աշխարհը ցնցող նո­րութիւննե­րը, որքան ալ թուրք հա­սա­րա­կութեան բազմա­կարծիք հա­մա­կարգը լուրջ արգելքներ յա­րուցէ հին կարծրա­տի­պե­րուն դէմ, այսուհանդերձ, մէկ բան անփո­փոխ կը շա­րունա­կէ մնալ թրքա­կան պե­տութեան մէջ: Այդ ալ թրքա­կան ընկե­րութիւնը տա­ռա­պեցնող թա­պուներն են, ո­րոնցմէ լրջա­գոյնը` Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան պատմա­կան փաստի ընդունումը եւ ա­նոր հե­տեւանքնե­րուն ստանձնումն է:
Թող ըլլան փորձեր «հասկնա­լու» հա­մար ոճրա­գործ այդ միտքե­րուն յղա­ցումնե­րը, թող փնտռուին «արդա­րա­ցումներ» ոճրա­գործնե­րուն հա­մար:
Փաստը մէկ է, եւ թրքա­կան պատմա­կան արխիւնե­րուն մէ­ջէն է, որ կը բա­ցա­յայտուի նոյնինքն թուրք պատմա­գէտնե­րուն կողմէ: