Թրքական լրատուամիջոցները ամէնէն շատ կը քարկոծեն հայերը

10 de agosto de 2018

TurquiaՀայերը խիստ քննադատութեան կ՛ենթարկուին արցախեան տագնապին պարունակին մէջ, կը մեղադրուին «բռնութիւններու հակամէտ» ըլլալու եւ Թուրքիոյ թշնամիներուն աջակցելու յանցանքով:

Թուրքիոյ այլ փոքրամասնութիւններու շարքին, լրատուամիջոցներու կողմէ ամէնէն շատ քննադատութեան արժանացած են հայերը: Այս մասին նշուած է «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հրապարակած զեկուցումին մէջ:

«Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ  2018-ի յունուարէն ապրիլ ամիսներուն, թրքական մամուլին մէջ 76 տարբեր խումբերու նկատմամբ ատելութիւն եւ թշնամանք բովանդակող 3076 յայտարարութիւն  արձանագրուած է:

Նշուած ժամանակաշրջանին հրապարակուած է ազգային եւ կրօնական խումբերը թիրախ դարձնող 2265 յօդուած եւ լուր: Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ առաւել յաճախ թիրախ դարձած են հայերը, յոյները եւ հրեաները:

Նշուած չորս ամիսներուն ընթացքին, թրքական մամուլին մէջ հայերը գլխաւորաբար քննադատուած են հայ-ազրպէյճանական տագնապին վերաբերեալ հրապարակումներու մէջ, պիտակաւորուած են իբրեւ բռնութիւններու հակամէտ ազգային խումբ, մեղադրուած են Թուրքիոյ համար «թշնամի» հռչակուած խումբերուն կամ անհատներուն թիկունքէն աջակցութիւն ցուցաբերելու յանցանքով: