Թրքական Հակահայ ղեկավար մը դէմ Է Պապին Թուրքիա այցելութեան` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն պատճառով

20 de noviembre de 2014

7_papa turquiaԹրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ այսպէս կոչուած «Հայկական անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարի միութեան» ղեկավար Կէօքսել Կիւլպէյ յայտնած է, որ ինք դէմ է Ֆրանչիսկոս պապի Թուրքիա այցելութեան, որովհետեւ պապը 1915-ի դէպքերը կը նկատէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

Ան յայտարարած է, որ պապը հոգեւորական է եւ աւելի լաւ է պատմութեան փոխարէն զբաղի աշխարհի վրայ խաղաղութիւն հաստատելու առաքելութեամբ: «Հոգեւոր ղեկավարներու կողմէ այսպիսի նիւթերու մասին կարծիք յայտնելը սխալ է: Աշխարհի պատմաբանները տակաւին յստակօրէն չեն կողմնորոշուած այդ հարցին մէջ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պապին խօսքերը միակողմանի են: Հայկական լոպին ցեղասպանութեան պնդումները եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներու միջոցով կը տարածէ», ըսած է ան:

Կիւլպէյ պահանջած է խոչընդոտել 30 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս պապի Թուրքիա նախատեսուած այցելութիւնը եւ պահանջել, որ ան ներում հայցէ թուրք ժողովուրդէն` «սխալ, անհիմն եւ միակողմանի» խօսքերու համար:

Ան նշած է, որ իրենց կազմակերպութիւնը պապը չ՛ուզեր տեսնել Թուրքիոյ մէջ: