«Ժամանակին Հայեր Կային» խորագիրով ձեռնարկներ Թուրքիոյ մէջ

06 de diciembre de 2014

UrfaErmenihaber - Թուրքիոյ մէջ պիտի իրականացուի «Ժամանակին Հայեր Կային» խորագիրով ձեռնարկներու շարք մը:

Առաջինը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 9-ին, Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին մէջ: Անոր ընթացքին, Մուրատ Պելկէ պիտի ներկայացնէ իր նոր հատորը՝ «Հայերը Գրականութեան Մէջ. Օսմանեան Կայսրութենէն Մինչեւ Հանրապետութիւն», իսկ պոլսահայ օփերայի երգիչ Արթուր Պաղտասարեան պիտի ներկայացնէ «Հայկական Երաժշտութիւնը» գիրքը:

Նախաձեռնութեան համար «Ֆէյսպուք» ընկերային կայքին վրայ բացուած էջով կը նշուի, որ 2015-ը առիթ մըն է պատմութեան հետ առերեսուելու համար: «Մենք, իբրեւ հակադրամատէր ուսանողներ, Ապրիլ 24-ին, Ցեղասպանութեան զոհերը պիտի ոգեկոչենք Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Սակայն այս տարի միայն յիշատակելով չենք ուզեր բաւարարուիլ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: