րանսա

“Ժխ­տել ե­րէ­կո­ւան կո­տո­րած­նե­րը, կը նշա­նա­կէ թոյլ տալ նման կո­տո­րած­նե­րու` վա­ղը”,- կ­՚ազ­դա­րա­րէ Ֆ­րան­սո­ւա Օ­լանտ

15 de febrero de 2017

hollande-1Ժխ­տել ե­րէ­կո­ւան կո­տո­րած­նե­րը, կը նշա­նա­կէ թոյլ տալ նման կո­տո­րած­նե­րու՝ վա­ղը.- Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ Nouvelles d’Armenieն, նման յայ­տա­րա­րու­թեամբ Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի տա­րե­կան ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին ը­սած է Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Օ­լանտ` անդ­րա­դառ­նա­լով Ֆ­րան­սա­յի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դին կող­մէ «­Հա­ւա­սա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիու­թեան» մա­սին օ­րէն­քին մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող դրոյթ­նե­րու հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան ճանչ­նա­լուն:

«Ես կ­՛ող­ջու­նեմ ­Ժան ­Փոլ ­Քոս­թա­յի կող­մէ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին ո­րա­կը, որ քա­ղա­քա­ցիու­թեան եւ հա­ւա­սա­րու­թեան մա­սին օ­րէն­քին մէջ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակն էր»,- նշած է Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հը:

Ա­նոր խօս­քով` անհ­րա­ժեշտ է շա­րու­նա­կել քայ­լեր կա­տա­րել, քա­նի որ այս հար­ցով պայ­քա­րը ոչ թէ միայն մէկ քայլ է, այլ պայ­քար՝ ճշմար­տու­թեան հա­մար: Օ­լանտ յի­շե­ցու­ցած է, որ Ֆ­րան­սա­յի կրթու­թեան նա­խա­րար ­Նա­ճաթ ­Վա­լոպ­բել­քա­սե­մի եւ պատ­մա­բան ­Վին­սեն ­Տիւք­լե­րի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած է ա­ռա­քե­լու­թիւն մը, ո­րուն նպա­տակն է «­Հիմ­նել բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու, պա­տե­րազ­մի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց մէջ` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի միաս­նա­կան օր մը»:

hollande-muradԱնդ­րա­դառ­նա­լով հայ-ֆրան­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն` Ֆ­րան­սո­ւա Օ­լանտ յի­շե­ցու­ցած է, որ 2017ին կը լրա­նայ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆ­րան­սա­յի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25ա­մեա­կը: «Ես հրա­ւի­րած եմ նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նը պաշ­տօ­նա­կան այց կա­տա­րե­լու ­Փա­րիզ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Մարտ 8ին` կա­նանց տօ­նին: Ա­տի­կա հնա­րա­ւո­րու­թիւն է անդ­րա­դառ­նա­լու տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ պի­տի քննար­կենք նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը, քա­նի որ Ֆ­րան­սա այս հար­ցով ա­ռանձ­նա­յա­տուկ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ու­նի: Այս հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծում գտնե­լը հրա­տապ հարց է»,- շեշ­տած է Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հը:

Եզ­րա­փա­կե­լով խօս­քը` Օ­լանտ բարձր գնա­հա­տած է նաեւ Ֆ­րան­սա­յի հայ հա­մայն­քին դե­րը: «Այս­տեղ մենք կը խօ­սինք Ֆ­րան­սա­յի լա­ւա­գոյն մա­սին հետ, քա­նի որ դուք Ֆ­րան­սա­յի լա­ւա­գոյն­ներն էք: ­Նոյ­նիսկ ­Մա­յի­սէն ետք ես մշտա­պէս պի­տի ըլ­լամ ձեր կող­քին, քա­նի որ միշտ ալ ե­ղած եմ: ­Չեմ ու­նե­նար միեւ­նոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, սա­կայն կ’ու­նե­նամ միեւ­նոյն հա­մո­զում­նե­րը»,- ամ­փո­փած է Օ­լանտ: