Գիրքը արժէքաւոր աղբիւր մըն է՝ աւելի լաւ ընկալելու համար Իզմիրի անցեալն ու ներկան...

"Իզմիրի հայերը"

24 de mayo de 2017

Izmiri hayerԻ­րա­պէս կա­յի՞ն զմիւռ­նիա­հա­յե­րը։ ­Կա­յի՞ն, շնչե­ցի՞ն, քա­լե­ցի՞ն, վա­զե­ցի՞ն, ծնա՞ն ու մե­ռա՞ն երկ­րի վրայ դրախ­տը յի­շեց­նող Ե­գէա­կա­նի այս ա­փե­րուն վրայ։

Այս հար­ցում­նե­րուն դժո­ւար է «Ա­յո՛, ապ­րե­ցա՛ն, կա­յի՛ն» պա­տաս­խա­նել՝ դի­տե­լով Թուր­քիոյ ա­մե­նա­մեծ ու յա­տուկ քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն՝ Իզ­մի­րի մէջ ու ա­նոր շրջա­կայ­քին դա­րե­րու ան­ցեալ ու­նե­ցող ի­րենց կեան­քէն մնա­ցած եւ գրե­թէ ոչնչա­ցած հետ­քե­րը։

Բա­ցի քա­նի մը խղճա­միտ մաս­նա­գէ­տէ, ­Թուր­քիոյ մէջ Իզ­մի­րի վե­րա­բեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ալ կա­ցու­թիւ­նը տար­բեր չէ։ Ըստ բազ­մա­թիւ թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու՝ ա­նոնք (զմիւռ­նիա­հա­յե­րը) բա­ցի 1922ի Զ­միւռ­նիոյ հրդե­հին պատ­ճա­ռը ըլ­լա­լէ, ու­րիշ ոչ մէկ դեր կա­տա­րած են քա­ղա­քի պատ­մու­թեան մէջ։ Չ­կա­յին, եւ ետ­քը ի­րենց թա­ղա­մա­սը հրդե­հե­ցին եւ նա­ւար­կե­լով հե­ռա­ցան։

«Իզ­մի­րի հա­յե­րը» գիր­քը ի մի կը բե­րէ յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնք այս գե­ղե­ցիկ քա­ղա­քին ու ա­նոր շրջա­կայ­քի կարգ մը բնա­կա­վայ­րե­րուն պատ­մու­թիւ­նը կը քննեն ­Հա­յե­րու բնա­կու­թեան դի­տան­կիւ­նէն եւ առ­հա­սա­րակ հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու հի­ման վրայ։ Հա­յե­րուն քա­ղա­քին մէջ ու­նե­ցած դիր­քը, ի­րենց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, դպրոց­նե­րը, հի­ւան­դա­նո­ցը, տպա­րան­նե­րը, մա­մու­լը եւ նման հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը, ա­րո­ւեստ­նե­րը, ա­ռեւտ­րա­յին կեան­քէն ներս դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, հա­րե­ւան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, նոյ­նիսկ տա­րազ­նե­րը կը քննո­ւին լու­սան­կար­նե­րու ալ օգ­նու­թեամբ՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով դիւ­րաց­նել հասկ­նա­լու զմիւռ­նիա­ցիի ինք­նու­թիւ­նը կրե­լու վի­ճա­կը։ Ինչ­պէս նաեւ կը ձգտի ծա­նօ­թաց­նե­լու կարգ մը սկզբնաղ­բիւր­ներն ու քննար­կում­նե­րը բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք հե­տաքրք­րո­ւած են քա­ղա­քի պատ­մու­թեամբ, գլխա­ւո­րա­բար նո­րօ­րեայ Իզ­մի­րի մէջ բնա­կող ի­րենց հայ­րե­նա­կից­նե­րով։

Քա­ղաք­նե­րը վայ­րեր են, ո­րոնք բնա­կա­նա­բար ի մի կը բե­րեն ի­րա­րու նմա­նող կամ ի­րար­մէ տար­բե­րող, յա­մե­նայն­դէպս հա­սա­րա­կաց տա­րածք ու միաս­նա­կան մշա­կոյթ բաժ­նող մար­դի­կը։ Ան­ցեա­լին միաս­նա­բար ապ­րե­լու ա­ռի­թը թե­րեւս վրի­պած է մեզ­մէ, ինչ որ ար­գելք մը չէ ան­ցեա­լը դի­տե­լով կարգ մը հե­տե­ւանք­ներ բա­նա­ձե­ւե­լու հա­մար։ «Իզ­մի­րի հա­յե­րը» գիր­քը այս ա­ռու­մով ար­ժէ­քա­ւոր աղ­բիւր մըն է։

Ա­ւե­լի լաւ ըն­կա­լե­լու հա­մար Իզ­մի­րի ան­ցեալն ու ներ­կան…