Իսթանպուլի Հիլթըն ու Տիվան պանդոկները կառուցուած են Հայոց գերեզմանատան վրայ

11 de mayo de 2015

Divan-2Ագշամ թերթը ունի հետաքրքրական էջ մը ուր կը յիշեցնէ թէ Իսթանպուլի Հիլթըն ու Տիվան պանդոկները, որոնց մասին այնքան գովաբանական խօսքեր կը հրատարակուին համացանցի ծանօթացման էջերու վրայ, իրականութեան մէջ կառուցուած են Հայոց 400 տարուն գերեզմանատան հողերուն վրայ։ Այսօր աշխարհի ամէն կողմէ զանազան ազգութենէ զբօսաշրջիկներ, նաեւ Հայեր, գոհունակութեամբ կը գիշերեն այս պանդոկներուն մէջ բայց չեն գիտեր որ այս պանդոկներուն մէջ գիշերելով կը քնանան տասնեակ հազարաւոր հայերու դագաղներուն ու մարմիններուն վրայ։

Թերթը այնուհետեւ պատմական տեղեկութիւններ կուտայ այն ընդարձակ գերեզմանատան մասին որ կը պատկանէր Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցին։ 1930 թուականին թուրք քաղաքապետն է որ ձեռք դրեր է այս հողամասին վրայ։ Անկէ վերջ ալ թալանի ենթարկուեր են պատմական իրեղէններ ու շիրմաքարեր։