Խմբագրական Ազդակ-ի

Իրաւահաւասարութիւն (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

08 de marzo de 2018

derechos-de-las-mujeresԿիներու միջազգային օրուան նշումը եզրաբանական ձեւափոխում կ՛ունենայ հետզհետէ: Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարգախօսային առաջադրանքը այսօր առաւելաբար կ՛արտայայտուի սեռային իրաւահաւասարութիւն եզրոյթով:

Շահագործումի, խտրականութեան, խոշտանգումի կամ բռնաբարումի արարքները իրաւազրկելու առումով կրնան վերաբերիլ ո՛չ միայն կիներուն, հետեւաբար աւելի տրամաբանական ընկալում ունի սեռային իրաւահաւասարութիւն ըսելաձեւը:

Իրաւահաւասարութիւն բառը ինքնին օրինական ենթաիմաստ ունի: Առաջադրանքը ուրեմն այս հաւասարութիւնը սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ամրագրելու իմաստը կը ներառէ: Իսկ իրաւական ամրագրումէն ետք հաւասարութիւնը չյարգելը, խտրականութիւն կիրարկելը կամ սեռի պատկանելիութեան հիման վրայ վերաբերումներ ճշդելը հանրային կենցաղային խնդիրներու մէջ կը նկատուի օրինախախտում:

Եթէ մէկ կողմէ տուեալ պետութեան սահմանադրութիւնը կը խօսի բոլոր քաղաքացիներու իրաւահաւասարութեան եւ քաղաքացիի իրաւունքներուն մասին, այդ պարագային ինչո՞ւ կ՛առանձնանայ սեռերու միջեւ իրաւահաւասարութիւնը ընդգծող յատուկ սահմանադրական յօդուածը:

Տակաւին սուր կերպով խնդիր կայ: Կիները  համաշխարհային մակարդակի վրայ կը դիմագրաւեն արական սեռին հետ յարաբերակցաբար հաւասար իրաւունքներ չունենալու կացութիւնը:

Տրուած ըլլալով, որ տարին յոբելենական է, արժէ անպայման վերյիշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հարիւր տարի առաջ դարձաւ աշխարհի մէջ առաջին երկիրը, որ կիներուն շնորհեց ընտրելու եւ ընտրուելու համահաւասար իրաւունք: Այս հանգամանքը յոբելեանին առիթով կազմակերպուելիք միջազգային գիտաժողովներուն անպայման լոյսին կու գայ եւ հարցի արծարծման միջազգային հնչեղութիւնը նկատի ունենալով մեր երկրի վարկին կարեւոր առաւելներ կ՛ապահովէ:

Այժմ, Երեւանի մէջ հրապարակուած է կիներու եւ տղամարդոց հաւասար իրաւունքներուն վերաբերող ռազմավարութեան նախագիծը, որ կը ներկայացուի կառավարութեան: Վիճակագրական տուեալներով կը ներկայացուի համապատկերը, որուն հիման վրայ կը մշակուին օրէնքներ եւ կը ձեռնարկուին կառավարական համապատասխան ծրագիրներ` գործադրելու համար իրաւահաւասարութիւնը:

Լիբանանահայ համայնքին մէջ եւս հարցը կը մնայ արծարծ, այնքան ատեն որ կարծրատիպեր եւ անոնցմէ բխած դժուարութիւններ, որոշ սահմանափակումներ կան այս մարզին մէջ:

Բայց ծրագիրներ մշակելէ առաջ վիճակագրութիւնը անհրաժեշտ է: Համալիբանանեան մակարդակի վրայ մասնագիտական վիճակագրութիւններ կան սեռային իրաւահաւասարութեան մասին: Լիբանանահայ համայնքին պարագային մեզի կը պակսին տուեալները:

Մեր ընթերցողները հաւանաբար նկատեցին, որ «Ազդակ»-ի «Քննական ոսպնեակ» խմբակը այս մասին հրատարակեց յօդուածներու շարք մը: Իրազեկութիւն ապահովելու մղումով «Ազդակ»-ի էջերը հարցը արծարծեցին կարելի համակողմանիութեամբ: Կը հետեւի վիճակագրութիւն պատրաստելու ծրագիրի գործադրութիւնը: Շղթայական այս քայլերը կը համալրուին տարբեր ուղղութիւններով աշխատելու քննարկումներով եւ այդ մտածումներուն հանրայնացումով:

Հայկական իրականութիւնը հայրենիքի մէջ թէ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի, յառաջատար փաստեր պէտք է տայ սեռային իրաւահաւասարութեան գործնական իրականութեան: