«Իւրաքանչիւր սփիւռքեան երկիր ունի հայուն համար յատուկ ազդեցութիւն, եւ կարեոր է բաղդատական կերպով եւ դրականութեամբ դասեր քաղել իրարմէ», կ’ըսէ Վերապատուելի Տոքթոր Փօլ Հայտոսթեան

21 de mayo de 2019

Պուէ­նոս Այրէս և Ռո­սա­րիօ կա­տա­րած իր ա­ռա­ջին այցե­լութեան աւարտին, ԱՐՄԵ­ՆԻԱ զրուցեց Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նի տնօ­րէ­նին հետ իր բազմա­կողմա­նի հանդի­պումնե­րուն, հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթնե­րուն և ա­կա­դե­մա­կան գործունէութեան, ինչպէս նաև ա­պա­գա­յի հե­ռանկարնե­րուն մա­սին:

Ձեր ա­ռա­ջին այցե­լութիւնն է Արժանթին և Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նի հա­մա­գործակցա­կան ա­ռա­ջին նա­խա­ձեռնութիւնն է Հա­րաւ Ա­մե­րի­կեան բարձրա­գոյն ուսման հիմնարկի մը հետ...

Հա­մաշխարհայնացման ընդհա­նուր ենթա­հո­ղին մէջ եւ ընդհանրա­պէս հա­մալսա­րաննե­րու մի­ջազգայնա­ցումի կենսա­կան ուղղութիւննե­րէն մղուած, Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նի վերջին տա­սը տա­րի­նե­րու ջանքե­րուն մէկ մա­սը ե­ղան արտա­սահմա­նի հա­մալսա­րաննե­րէն ո­մանց հետ յուշա­գիրնե­րու, փոխ-այցե­լութիւննե­րու կամ միա­ցեալ ծրա­գիրնե­րու կնքումն ու գործադրութիւնը: Այս ի­մաստով՛ նա­խա­պա­տուութիւնը տրուե­ցաւ Հա­յաստա­նի ա­ռա­ջա­տար հա­մալսա­րաննե­րու, եւ Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու կարգ մը liberal arts հա­մալսա­րաննե­րու: Վերջին շրջա­նին կա­պեր հաստա­տուե­ցան նաեւ Հունգա­րա­կան Կա­թո­ղի­կէ Հա­մալսա­րա­նին հետ: Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նը արդէն 1970էն ի վեր մաս կը կազմէ Եւրո­պա­կան եւ Մի­ջին Ա­րեւե­լեան տա­րա­ծաշրջաննե­րու ա­մե­րի­կեան հա­մալսա­րաննե­րու ցանցին AAICU: Գա­լով Արժանթի­նի պա­րա­գա­յին, պարզ է որ լե­զուա­կան եւ աշխանրհագրա­կան արգելքներ գո­յութիւն ունին ուստի ծրագրին մէջ չկար յա­րա­բե­րութիւններ մշա­կե­լը հոն: Ուստի պարզա­պէս մեր վերջերս հաստա­տած կա­պե­րը եւ ութօ­րեայ այցե­լութիւնը կը պարտինք Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նի շրջա­նաւարտ եւ ինծի անձնա­պէս հա­մալսա­րա­նա­կան դա­սընկեր Դոկտ Խա­չիկ Տէր Ղուկա­սեա­նի Պէյրութ այցե­լութեան եւ ա­ռա­ջարկին որ Արժանթի­նեան կարգ մը հա­մալսա­րաննե­րու հետ մշա­կուին կա­պեր: Ուրեմն ինք ձեւով մը երկու կողմե­րու ա­կա­դե­մա­կան ծրա­գիրնե­րը ծա­նօ­թա­ցուց ի­րա­րու եւ գործօն դեր խա­ղաց իմ այցե­լութեանս պատրաստութեա­նը եւ գործադրութեա­նը մէջ ո­րուն հա­մա կը մնամ շնորհա­կալ: Մեր ակնկա­լութիւնը այն էր որ մենք պի­տի նախ ծա­նօ­թա­նանք Արժանթի­նեան հա­մալսա­րա­նա­կան հա­մա­կարգին, հայ հա­մայնքին, հա­յա­գի­տա­կան աշխա­տանքնե­րուն, Ձե­ղասպա­նա­գի­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մարզե­րուն եւ ա­կա­դե­մա­կան կեդրոննե­րուն եւ դա­սա­խօսնե­րուն: Այժմ մենք ունե­ցանք երկու ստո­րագրուած յուշա­գիրներ Ռո­սա­րիօ քա­ղա­քի UNR եւ UCEL հա­մալսա­րաննե­րուն հետ եւ վե­րեւ յի­շուած մտքե­րուն գո­նէ կա­րեւոր մէկ մաս մը ի­րա­կա­նա­ցած կը սե­պենք:

Ռո­սա­րիո­յի հա­մալսա­րա­նի մէջ տե­ղի ունե­ցած պաշտօ­նա­կան օ­րա­կարգի զուգա­հեռ ա­ռի­թը ունե­ցաք նաև հանդի­պե­լու հայ հա­մայնքէն այլ ա­կա­դե­մա­կաննե­րու հետ: Ձեր ունե­ցած հանդի­պումնե­րու հի­ման վրայ հա­մա­գործակցութեան ի՞նչ կա­րո­ղա­կա­նութիւն կայ, ի՞նչ մարզե­րում էջ և ի՞նչ ձև­ե­րով:

Ի­րա­պաշտ ըլլա­լով պէտք ը­սենք որ հա­մալսա­րա­նա­կան հա­մա­գործակցութեան ո­լորտը պարզ չէ ո­րովհե­տեւ կա­խեալ կ՛ըլլայ իւրա­քանչիւր հաստա­տութեան եւ երկրի ծրա­գիրնե­րէն, նա­խա­պա­տուութիւննե­րէն եւ մարդկա­յին, ա­կա­դե­մա­կան թէ նիւթա­կան կա­րե­լիութիւննե­րէն: Սա­կայն յստակ թուե­ցաւ ինծի թէ ցե­ղասպա­նա­գի­տութեան, սփիւռքա­գի­տութեան, հա­մաշխարհա­յին քա­ղա­քա­կան գի­տութիւննե­րու, Մի­ջին Ա­րեւելքի վե­րա­բե­րեալ հարցե­րու, եւ Լի­բա­նա­նեան հա­րաւա­մե­րի­կեան տա­րա­ծա­կա­նութեան բնա­գաւարնե­րուն մէջ կան զա­նա­զան դրա­կան հնա­րաւո­րութիւններ: Իսկ Հայկա­զեան Հա­յա­գի­տա­կան Հանդէ­սի, միա­ցեալ գի­տա­ժո­ղովնե­րու եւ յաւե­լեալ այցե­լութիւննե­րու մի­ջո­ցով կա­րե­լի է այդ նիւթե­րը ա­ռաջ տա­նիլ:

Հայ Սփիւռքի ի­րա­կա­նութեան մէջ Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նը միակ բարձրա­գոյն ուսման հիմնարկն է և որպէս այդպի­սին՝ ա­ռանձին երև­ոյթ: Ի՞նչ ե­ղած է ա­նոր դե­րը ընդհանրա­պէս և ի՞նչ նոր աշխա­տանքա­յին դաշտեր բա­ցուած են Հա­յաստա­նի անկա­խութե­նէն յե­տոյ, ի մասնաւո­րի 21րդ դա­րուն հա­յութեան դի­մագրաւած մարտահրաւէրնե­րուն դէմ յանդի­ման:
Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նը ծա­նօթ է շա­տե­րու իր 64 տա­րիե­րու հա­րուստ պատմութեամբը, նա­մա­նաւանդ կրթա­կան ու ազգա­յին մշակնե­րու եւ մանկա­վարժնե­րու զարգա­ցումո­վը, գի­տա­կան եւ ա­ռեւտրա­կան մարդուժի պատրաստութեամբը, հա­յա­գի­տութեան զարգա­ցումնե­րո­վը, կրթա­կան լուրջ մա­կարդա­կո­վը, Ա­րա­բա­կան աշխարհին մէջ գործօն ու հա­յուն վա­յել դրա­կան ներդումո­վը, մշա­կոյթնե­րու եւ կրօննե­րու հա­մա­կե­ցութեան օ­րի­նա­կո­վը, յատկա­պէս հայ ուսա­նո­ղին նիւթա­բա­րո­յա­կան ա­ռա­տա­ձեռն նե­ցուկո­վը, եւայլն: Հոս անմի­ջա­պէս նշեմ որ այդպէս տպաւո­րուե­ցայ որ հա­րաւա­մե­րի­կեան հայ աշխարհին մէջ Հայկա­զեան Հա­մալսա­րան ի­րա­կա­նութիւնը այդքան ալ ծա­նօթ չէր, ինչ որ իմ ա­ռա­քե­լութիւնս կը դժուա­րացնէր մէկ կողմէն բայց միա­ժա­նա­կան խիստ կա­րեւոր եւ խանդա­վա­ռող կը դարձնէր:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան վե­րանկա­խա­ցումէն ետք ստեղծուած հնա­րաւութիւննե­րուն՛ պարտ է յի­շել այն որ Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նը, 1990ա­կաննե­րու սկիզբէն, ուղղա­կի ա­ջակցութեամբը Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Աւե­տա­րանչա­կան Ընկե­րակցութեա­նը, ձեռնարկեց հիւրընկա­լե­լու ուսա­նողներ Հա­յաստա­նէն, ըլլայ այդ դիւա­նա­գի­տա­կան պատրաստութեան նպա­տա­կով, թէ ա­ռա­ջա­դէմ ե­րի­տա­սարդնե­րու բարձրա­գոյն ուսման հե­ռանկա­րով, եւ կամ 2004 թուա­կա­նէն ետք ուղղա­կի գի­տա­հե­տա­զո­տա­կան հա­մա­գործակցութեամբը Ե­րեւա­նի Պե­տա­կան Հա­մալսա­րա­նի, Գի­տութիւննե­րու Ազգա­յին Ա­կա­դե­միա­յի, Հա­յաստա­նի Պե­տա­կան Կա­ռա­վարման Ա­կա­դե­միա­յի, Նո­րա­վանք Հիմնարկի, Հա­յաստա­նի Ազգա­յին Գրա­դա­րա­նի, Ցե­ղասպա­նութեան Հիմնարկի, Սփիւռքի Նա­խա­րա­րութեան, Մա­տե­նա­դա­րա­նի եւ այլ հաստա­տութիւննե­րու հետ հա­մա­գործակցա­բար: Իսկ վերջին եօ­թը տա­րի­նե­րոն ընթացքին, Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նի Սփիւռքի Ուսումնա­սի­րութեան Կեդրո­նի նա­խա­ձեռնութիւնով եւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի եւ զա­նա­զան հիմնարկնե­րիու օ­ժանդա­կութեամբը կա­րե­լի ե­ղաւ մե­ծա­թիւ հայրե­նի եւ օ­տար դա­սա­խօսնե­րու այցե­լութիւննե­րէն օգտուիլ եւ կազմա­կերպել տա­րե­կան հա­մաշխարհա­յին գի­տա­ժո­ղովներ: Իսկ 2018ի Նո­յեմբե­րին ամրապնդուե­ցաւ նաեւ մեր հա­մա­գործակցութիւնը Արցա­խի Պե­տա­կան Հա­մալսաա­նին եւ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան Արտա­քին Գործոց Նա­խա­րա­րութեան հետ:
21րդ դա­րը ա­զատ հա­ղորդակցութեան ու հա­մադրումի հնա­րաւո­րութիւննե­րու հո­յա­կապ ա­ռիթ ստեղծող դար է, եւ հա­յը պարտի այդ բո­լո­րը օգտա­գործել հայկա­կան ամբողջութեան ի նպաստ: Միա­ժա­մա­նակ այս դա­րը շփոթմունքի եւ ինքնութեան նոսրացման, եւ արժե­չա­փե­րու յա­րա­բե­րա­կա­նացման դար է : Ուստի պարտինք յստա­կացնել բո­լորս միա­սա­բար եւ գի­տա­կան ու բո­լո­րա­նուէր հա­մա­գործակցութեամբ թէ մեր ուժերն ու մտքե­րը ինչպէս պէտք է սրին, եւ մեր հո­գին, ըստ իս մեր դա­րաւոր քրիստո­նէա­կան հո­գին, ուր պէտք է հանգչի ու մեզ բա­րեհնչիւն ու հա­մե­րաշխ դարձնէ մենք ի­րա­րու հետ եւ ետքը այլոց հետ, բա­րե­կամ թէ ո­սոխ:

Այցե­լութեան օ­րա­կարգին էին նաև հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթներ և հա­մայնքա­րին հանդի­պումներ: Ի՞նչ ա­ռանձնա­յատկութիւն, դրա­կան թէ ժխտա­կան, Ձեր ուշադրութիւնը գրաւեց:

Ութ օ­րե­րու ընթացքին զիս խանդա­վա­ռեց եւ հրա­պուրեց զիս ընդունողնե­րու սէրն ու նուի­րուա­ծութիւնը: Տպաւո­րուե­ցայ Պուէ­նոս Այրէ­սի Արմե­նիա թա­ղա­մա­սին մէջ եւ անկէ փխած հայկա­կան փե­թա­կի ա­նոյշ արդիւնքո­վը: CARIի մէջ զիս տպաւո­րեց քա­ղա­քա­կան գի­տութեանց լրջութիւնը, Մա­րա­շի Հայրե­նակցա­կան Կեդրո­նի հա­րա­զա­տութիւնը, IARAի մի­ջո­ցով ստեղծուած կա­րեւոր հա­մադրո­ղա­կան աշխա­տանքի ֆո­րումը, ՀԲԸ­Մի վարժա­րա­նի շա­բա­թա­կան ընթրիքնե­րուն օ­րի­նա­կե­լի նա­խա­ձեռնութիւնը, ՀՄԸ­Մի կա­րո­ղութիւնը հա­յը, մեծ ու փոքր, դաստա­րա­կե­լու, մարզե­լու եւ խանդա­վա­ռե­լու ա­ռա­քե­լութեամբը, Րո­սա­րիո­յի յա­րա­բե­րա­բար փոքր գա­ղութին մեծ ներդումը հայկա­կան նիւթե­րու մէջ, Պէ­նոս Այրէ­սի եւ Ռո­սա­րիո­յի Լի­բա­նա­նեան եւ Սուրիա­կան կազմա­կերպութիւննե­րու գնահտանքը Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նի Լի­բա­նա­նեան դե­րին, Հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շա­րունա­կուող հո­գա­տար դե­րը, Հայ Դա­տի յանձնա­խումբին ազդու գո­ծունէութիւնը, Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան Դեսպա­նութեան, մեր հայրե­նի­քին եւ Արժանթի­նա­հա­յութեան վա­յե­լած բարձր վարկը:
Այ բո­լո­րը չեն նշա­նա­կեր որ չ՛ապրե­ցայ նաեւ յուսա­խա­բութիւններ: Մե­ծա­գոյն կո­րուստը եւ ոչ զարմա­նա­լին հա­յե­րէն լե­զուի օգտա­գործման եւ ուսուցման չա­փա­զանց սահմա­նա­փակ ըլլալն է: Պատճառնե­րը կրնան գի­տա­կա­նօ­րէն հասկնա­լի ըլլալ: Սա­կայն պի­տի մնան խոր ցաւ: Այս մարզին մէջ նկա­տե­ցի մեծ տարբե­րութիւնը հայկա­կան վարժա­րաններ փոքրա­թիւ յա­ճա­խողնե­րու լաւ հա­յե­րէնն ու մե­ծա­թիւ չյա­ճա­խողնե­րու հա­յե­րէ­նի ընդհանրա­պէս անգի­տութիւնը: Դա­սեր քա­ղե­ցի նաեւ Լի­բա­նա­նի, Ա­մե­րի­կա­յի եւ այլ երկիրնե­րու հա­մար: Իւրա­քանչիւր սփիւռքեան երկիր ունի հա­յուն հա­մար յա­տուկ ազդե­ցութիւն, եւ կա­րեոր է բաղդա­տա­կան կերպով եւ դրա­կա­նութեամբ դա­սեր քա­ղել ի­րարմէ, միշտ յի­շե­լով որ Հա­յաստա­նը պէտք է ըլլայ ներկայ մեր ի­րա­կա­նութեան մէջ: Մինչ կան կա­րեւոր թիւով հայ նուի­րեալներ եւ նուի­րա­տուներ, տպաւո­րուե­ցայ թէ փոքր տո­կո­սի մը ուսե­րուն բերցուած է ներդրում կա­տա­րե­լը, ըլլայ այդ նիւթի, ժա­մա­նա­կի, կա­մաւոր աշխա­տանքի կամ այլ:

Հա­մայնքա­յին ի­րա­կա­նութեան ո՞ր ե­րեսն էր որ կը փա­փա­քէիք ծա­նօ­թա­նալ և ա­ռի­թը չե­ղաւ:

Այցե­լութիւնս բաւա­կա­նին հա­գե­ցած եւ գո­հա­ցուցիչ սե­պե­լով հանդերձ, պի­տի փա­փա­քէի որ Պուէ­նոս Այրէ­սի գա­ղութին հետ աւե­լի խոր հա­ղորդակցութիւն ունե­նա­յի, նա­մա­նաւանդ ե­րի­տա­սարդնե­րուն եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն հետ:

Յա­ջորդի՞ն յուսանք...

Թէ պի­տի կա­րե­նամ ծրագրել յա­ջորդող այցե­լութիւն մը թէ ոչ, տա­կաւին կա­նուխ է ճշդել: Սա­կայն յստակ է որ երբ այդ մէ­կը ի­րա­կա­նա­նայ սի­րով եւ ուրա­խութեամբ պի­տի ըլլայ: Պի­տի փա­փա­քիմ նաեւ որ մեր Հա­մալսա­րա­նի գործա­կիցնե­րէն ո­մանք ներգրաւուին մեր այս մշա­կած նոր յա­րա­բե­րութիւննե­րուն մէջ: