Աբօ Պողիկեան

Ի Հեճուկս Առարկողներուն

27 de febrero de 2018

Aram-ManukianԵրեւանի Աւագանիին անցեալ երեքշաբթի օրուան նիստը ուշադրութեան արժանացաւ իր գայթակղալից «ծեծկռտուք»ով: Այս ամօթալի երեւոյթէն ցնցուած հանրութեան ուշադրութենէն վրիպեցաւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի հարցը, որ նախորդ օրերուն դարձած էր քննարկումներու եւ քննադատութեանց առարկայ:

Երեւանի Աւագանին, գործադրելով իր իրաւունքը եւ ի հեճուկս մամուլով հնչած քննադատութիւններուն՝ հաստատեց Դաւիթ Մինասեանի նախագիծը:

Իրաւունքը, այո՛, Աւագանին ունէր, եւ մենք, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ գտնուող առարկողներս, այլեւս խօսք չունինք այս հարցին մէջ. պէտք է ընդունինք որոշումը եւ համակերպինք Արամ Մանուկեանի այդ կերպարին:

Պէ՛տք է… Բայց չե՛նք կրնար համակերպիլ։ Ո՛չ մէկ իրաւասութիւն ունինք, ո՛չ մէկ լծակ ունինք այս որոշումը փոխելու: Բայց չենք կրնար չարձանագրել մեր բողոքն ու ընդվզումը, այդ զգացումներէն բխած ուղղակի կամ անուղղակի, գիտակցական թէ անգիտակցական հետեւանքները, բարոյալքումն ու յուսախաբութիւնը:

Ի՛նչ խօսք՝ պէտք է ամէն ճիգ թափենք, որ այս զգացումները չառաջնորդեն մեզ: Մենք գիտակից ենք մեր պատասխանատուութեան, թէ յուսախաբութիւնն ու բարոյալքումը անուղղակիօրէն կը վնասեն մեր հետապնդած ազգային շահերուն: Բայց չենք ուզեր, որ այդ պատասխանատուութեան գիտակցումով շարժողները ըլլան միա՛յն անոնք, որոնց կարծիքները կ՛անտեսուին՝ «հողին վրայ» չըլլալու պատճառաբանութեամբ:

Հողին վրայ չենք, բայց հողո՛վ կ՛ապրինք: Մեր բողոքը արտայայտելու միակ ձեւը՝ Արամ Մանուկեանի այդ արձանին քովէն չանցնելով կրնանք արտայայտել:

Մայիս 28ին մեր յարգանքը կը յայտնենք անկախութեան հիմնադիրին՝ այցելելով ու խոնարհելով իր անշուք, բայց այդ նոյն անշքութեամբ խորհուրդ դարձած գերեզմանին առջեւ: