Լե­զուն՝ ազդակ բա­ժանմա՞ն, թէ միացման…

07 de enero de 2020

Մէկ ազգ, մէկ պատմութիւն, մէկ մշա­կոյթ…
Բայց՝ երկո՞ւ լե­զու:
Աւե­լի ճիշդ պի­տի ըլլար ը­սել՝ երկու լե­զուա­ճիւղ, երկու հնչե­լա­ձեւ, երկու գրե­լա­ձեւ, երկու գրա­կա­նութիւն: Տա­կաւին՝ երկու ապրե­լա­կերպ եւ այլ երկուութիւններ:
Ինչպէ՞ս ուրեմն՝ մէկ մշա­կոյթ, մէկ պատմութիւն, մէկ ազգ:
Սա՛ է սա­կայն մեր ի­րա­կա­նութիւնը, որ ի­րաւամբ մեզ կը մղէ հարցա­կա­նի տակ դնե­լու մեր այդ “մէ­կութիւն”ը: Ի վերջոյ, այսօր նոյն հո­ղին վրայ ալ չենք ապրիր, նոյն պե­տութեան քա­ղա­քա­ցի­ներն ալ չենք, ա­պա ինչպէ՞ս կը յաւակնինք տա­կաւին “մէկ” ըլլալ:

Խոստո­վա­նիմ ի սկզբա­նէ, որ այս հարցին մէջ չէ­զոք մը չեմ. “կողմ” եմ, ջա­տա­գովն եմ այդ տա­րօ­րի­նակ, անհաւա­նա­կան, գուցէ նաեւ անկա­րե­լի թուող մէ­կութեան, ուստի անկողմնա­կալ չեմ կրնար ըլլալ, որքա՛ն ալ ա­նա­չառ փորձեմ մնալ:
Այս գրութեամբ կ՛ուզեմ խօ­սիլ մեզ բաժնող (բայց թե­րեւս եւ աւե­լի հաւա­նա­բար՝ միացնո՛ղ) մէկ ազդա­կի մա­սին, որ ինչպէս բարձրա­ձայն կը ծա­նուցէ վերնա­գի­րը՝ լե­զո՛ւն է: Չկա՞ն այլ բա­ժա­նա­րար ազդակներ եւս: Անկասկա՛ծ: Բայց այսօր կ՛ուզեմ կեդրո­նա­նալ լե­զուի՛ն վրայ, որ կրնայ նաեւ, ի հարկէ, նկա­տուիլ միացման ազդակ:

Ճիշդ է, ունինք երկու լե­զուա­ճիւղ՝ ա­րեւմտա­հա­յե­րէնն ու ա­րեւե­լա­հա­յե­րէ­նը, ո­րոնցմէ ա­ռա­ջի­նը կը գործա­ծուի ա­ռաւե­լա­բար Սփիւռքի մէջ, յատկա­պէս Մեծ Ե­ղեռնէն վե­րապրած հա­յութեան ժա­ռանգորդնե­րուն կողմէ, բայց նաեւ հետզհե­տէ հայրե­նա­դարձ սփիւռքա­հա­յութեան կողմէ՝ հայրե­նի­քի մէջ. իսկ երկրորդը՝ ա­ռաւե­լա­բար հայրե­նի­քի մէջ (Հա­յաստա­նի եւ Արցա­խի Հանրա­պե­տութիւններ, Ջաւախք), բայց հետզհե­տէ աւե­լի ու աւե­լի նաեւ Սփիւռքի մէջ՝ պարսկա­հա­յե­րուն թէ հին կամ նոր ժա­մա­նակնե­րու արտա­գաղթած հա­յե­րուն կողմէ: Երկու լե­զուա­ճիւղ, ո­րոնք սա­կայն սե­րած են նոյն ա­կունքէն՝ գրա­բա­րէ՛ն:
Երկու լե­զուա­ճիւղերն ալ զարգա­ցան ԺԹ. դա­րու կէ­սե­րէն սկսեալ, մշա­կուե­ցան ու դարձան մեր գրաւոր հա­ղորդակցութեան մի­ջոցնե­րը՝ փո­խա­րի­նե­լով Ե. դա­րէն մե­զի ժա­ռանգ հա­սած գրա­բա­րը: Պո­լիս ու Թիֆլիս, երկուքն ալ հայրե­նի հո­ղէն հե­ռու, հանդի­սա­ցան երկու լե­զուա­ճիւղե­րու քուրա­նե­րը, ա­ռա­ջի­նը՝ այն ա­տեն մե­ծա­մասնութիւն կազմող ա­րեւմտա­հա­յութեան հա­մար եւ երկրորդը՝ փոքրա­մասնութիւն կազմող ա­րեւե­լա­հա­յութեան գրաւոր լե­զունե­րուն՝ ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նին ու ա­րեւե­լա­հա­յե­րէ­նին:

Թէ ինչպէ՛ս ե­ղաւ այդ երկուո­րեակ ծնունդը, ինչպէ՛ս նոյն գրուող լե­զուն ծնունդ տուաւ երկու խօ­սուող լե­զունե­րու (ո՛չ՝ լե­զուա­ճիւղե­րո՛ւ) գրա­կա­նացման, այսինքն՝ աշխարհա­բա­րի երկու տարբե­րակնե­րու ստեղծման, հե­տեւանք՝ պատմա­կան ի­րա­դարձութիւննե­րու, ա­տի­կա արդէն դուրս կու գայ այս յօ­դուա­ծի սահմաննե­րէն: Կա­րեւոր է նշել սա­կայն, որ ի­րենց բազմա­թիւ տարբե­րութիւննե­րով հանդերձ, ա­նոնք չվե­րա­ծուե­ցան երկու տարբեր լե­զունե­րու, ինչպէս լա­տի­նե­րէ­նէն սե­րած ֆրանսե­րէնն ու ի­տա­լե­րէ­նը, ո­րոնց բա­ռե­րու արմատնե­րէն շա­տե­րը նոյնպէս նոյն ա­կունքէն ե­կած են, սա­կայն բա­ռե­րը ստա­ցած են տարբեր տեսք ու հնչիւն: Ա­րեւմտա­հայ մը եւ ա­րեւե­լա­հայ մը դիւրաւ կրնան հա­ղորդակցիլ ի­րա­րու հետ, հասկնալ ու հասկցուիլ, նոյնիսկ ե­թէ ո­րոշ բա­ռե­րու հա­կա­դիր ի­մաստնե­րը ծի­ծա­ղե­լի կա­ցութիւններ ստեղծեն, օ­րի­նակ՝ “ձգել”ը, որ մէ­կուն հա­մար թող տալ կը նշա­նա­կէ, իսկ միւսին հա­մար՝ քա­շել, մինչ նոյնը չէ պա­րա­գան ֆրանսա­ցիին ու ի­տա­լա­ցիին, կամ սպա­նա­ցիին եւ այլոց: Արդա­րեւ, իր ջախջա­խիչ մե­ծա­մասնութեամբ նոյնն է բա­ռա­պա­շա­րը մեր երկու լե­զուա­ճիւղե­րուն, նաեւ փոքր տարբե­րութեամբ նոյնն են քե­րա­կա­նութիւնն ու շա­րա­հիւսութիւնը, իսկ այդ տարբե­րութիւննե­րը չեն խանգա­րեր փո­խա­դարձ հասկա­ցումը:

Զի­րար աւե­լի լաւ ճանչնա­լով, ի­րա­րու հետ խօ­սե­լով ու ի­րա­րու գրե­լով, լե­զուա­կան տարբե­րութիւննե­րուն լաւա­պէս ծա­նօ­թա­նա­լով, կարդա­լով մի­մեանց մա­մուլն ու գրա­կա­նութիւնը եւ ընտե­լա­նա­լով մէ­կը միւսին հնչե­լա­ձեւին, գրե­լա­ձեւին: Ա­սոնք կրնա՞ն օր մը, տեղ մը միա­նալ՝ երկու լե­զուա­ճիւղե­րու պա­րա­գա­յին: Կը յուսամ անհնար չէ ա­սի­կա, եւ ցանկութիւնս պի­տի ըլլար, որ ա­րեւմտա­հա­յե­րը վե­րա­տի­րա­նա­յին հա­յե­րէ­նի ճիշդ հնչումին, ա­րեւե­լա­հա­յե­րը՝ ճիշդ ուղղագրութեան: Ա­յո՛, ես ջա­տա­գովն եմ նաեւ վե­րա­դառնա­լու դա­սա­կան ուղղագրութեան, սա­կայն գուցէ այդ եւս բա­րե­կարգման կը կա­րօ­տի, որպէսզի հնչե­լա­ձեւն ու գրե­լա­ձեւը հա­մա­պա­տասխա­նեն ի­րա­րու. օ­րի­նակ՝ կը գրենք “հայ” ու “բայ” եւ կը հնչենք բա­ռա­վերջի յին, իսկ “տայ” ու “կայ” եւ զայն չենք հնչեր…

Այստեղ վերջա­պէս կ՛ուզեմ խօ­սիլ ծրա­գի­րի մը մա­սին, զոր տա­րի­նե­րէ ի վեր կը փայփա­յեմ, եւ յոյսս է, որ մօտ ա­տե­նէն ի­րա­կա­նացման ճամբուն մէջ կը մտնէ: Այդ՝ հա­յե­րէ­նի արդի բա­ցատրա­կան առցանց բա­ռա­րան մըն է, կենսա­կա՛ն բա­ռա­րան մը, որ անվճար մատչե­լի ըլլայ բո­լո­րին, որ երկու լե­զուա­ճիւղե­րը պարփա­կէ եւ ունե­նայ մէ­կէն միւսին, ինչպէս նաեւ մէկ ուղղագրութե­նէն միւսին անցնե­լու դիւրութիւնը, բո­վանդա­կէ բո­լոր բա­յե­րու խո­նարհումնե­րը եւ խնդրա­ռութիւննե­րը, բո­լոր ա­նուննե­րու եւ դե­րա­նուննե­րու հո­լո­վումնե­րը, գործա­ծութեան օ­րի­նակնե­րը, հո­մա­նիշներն ու հա­կա­նիշնե­րը, հնչիւններն ու ձայնա­կան արտա­բե­րումնե­րը եւ այլն, եւ այլն: Ա­սի­կա պի­տի հանդի­սա­նայ Հայրե­նիք-Սփիւռք գործակցութեան տի­պար օ­րի­նակ մը եւ պի­տի նպաստէ մեր փո­խա­դարձ ծա­նօ­թացման ու մերձեցման: Գործնա­կան քայլ մը՝ խօսքէն գործի անցնե­լու հա­մար: Եւ՝ պէտք պի­տի ունե­նայ բո­լո­րի՛դ ա­ջակցութեան:

Ա­յո՛, սի­րե­լի Շի­րազ հանգուցեալ, “Լոկ ցանկա­նա­լով հարցեր չեն լուծւում”…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ