10 Դեկտեմբեր 1991

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրաւական վէմը՝ Արցախի անկախութեան հանրաքուէն

11 de diciembre de 2018

Artsaj plebiscitoԴեկ­տեմ­բեր 10ի օ­րը, ա­մէն տա­րի, Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն կը տօ­նէ 27րդ ­տա­րե­դար­ձը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին։

Հայ­կա­կան երկ­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը վճռո­ւե­ցաւ ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ի այս օ­րը, երբ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը միա­հա­մուռ շար­քե­րով դի­մեց քո­ւէա­տուփ, որ­պէս­զի միաս­նա­կան իր ձայ­նով «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նէ Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին։

Այդ օ­րե­րուն ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը դեռ չէր լու­ծա­րո­ւած՝ առ­նո­ւազն պաշ­տօ­նա­պէս ու ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն։ Իսկ ա­տե­նին տա­կա­ւին գոր­ծող խորհր­դա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ու օ­րէնք­նե­րով, հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան քո­ւէար­կու­թեամբ կա­տա­րո­ւած հան­րա­քո­ւէն ի­րա­ւա­կան միակ ե­րաշ­խիքն էր ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նո­թեան մը հա­ւա­քա­կան կամ­քին ա­զատ ար­տա­յայ­տու­թեան։

Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը, ընտ­րե­լով ա­զա­տագ­րա­կան իր պայ­քա­րով՝ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ նո­ւա­ճո­ւած ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման իր ի­րա­ւուն­քը ամ­րագ­րե­լու ի­րա­ւա­կան ու­ղին, օ­տա­րերկ­րեայ դի­տորդ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան ի­րա­գոր­ծեց, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան չա­փա­նիշ­նե­րով, ան­նա­խըն­թաց հան­րա­քո­ւէ մը։

Ատ­կէ եր­կու ա­միս ա­ռաջ, 1991ի ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին, Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ­Մար­զա­յին ­Խոր­հուր­դը եւ Շա­հու­մեա­նի Շրջա­նա­յին ­Խոր­հուր­դը, միա­ցեալ նիստ գու­մա­րե­լով, Ար­ցա­խը հռչա­կած էին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն՝ մօտ 5000 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րած­քի վրայ։

Դեկ­տեմ­բեր 10ի Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէն կո­չո­ւած էր ի­րա­ւա­կան վէ­մը դառ­նա­լու Լ.Ղ.Հ. պե­տա­կա­նու­թեան կա­յա­ցու­մին։

Յու­նո­ւար 1989ին կա­տա­րո­ւած ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան վեր­ջին մար­դա­հա­մա­րով ճշդո­ւած Լ.Ղ.Ի.Մ.ի 132 հա­զար մարդ բնակ­չու­թեան շուրջ 20 տո­կո­սը կազ­մող ա­զե­րի­նե­րը, հե­տե­ւե­լով ­Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թեանց հրա­հան­գին, մեր­ժե­ցին մաս­նակ­ցիլ հան­րա­քուէին։ Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին ար­դիւն­քով՝ Ար­ցա­խը 1992ի ­Յու­նո­ւար 6ին Լ.Ղ. ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դին կող­մէ հռչա­կո­ւե­ցաւ ան­կախ պե­տու­թիւն:

Գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով Ար­ցախն ու ողջ հա­յու­թիւ­նը նո­ւա­ճե­ցին դէ­պի Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէ տա­նող ու­ղին։

1988ի ­Փետ­րո­ւա­րին թափ ա­ռած Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն ի­րա­ւա­կան ու­ղիով յա­ռա­ջա­նա­լու իր նա­խան­ձախնդ­րու­թեան եւ հաս­տա­տա­կա­մու­թեան, շա­րու­նակ հա­րո­ւա­ծի եւ ծան­րա­գոյն բռնաճն­շու­մի տակ առ­նո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան խա­ղաղ բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րուն՝ Ատրպէյ­ճան պա­տաս­խա­նեց ա­նօ­րի­նակ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րով։ Մայր ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միա­նա­լու Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րուն՝ Ատր­պէյ­ճան պա­տաս­խա­նեց Ար­դա­րու­թեան եւ Ի­րա­ւուն­քի շար­ժու­մը ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու բար­բա­րո­սու­թեամբ՝ ­Սում­կայ­թի, ­Պա­քո­ւի եւ հա­յաբ­նակ այլ շրջան­նե­րու հա­կա­հայ ջար­դե­րը գոր­ծադ­րե­լով։

Բայց որ­քան խոր վէր­քեր բա­ցաւ թշնա­միին հա­րո­ւա­ծը, այն­քա՛ն հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցան մեր ժո­ղո­վուր­դին ընդվ­զումն ու ցա­սու­մը, իսկ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խը՝ զէն ի ձե­ռին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օր­հա­սա­կան կռիւ մղե­լով հան­դերձ, միշտ կառ­չած մնաց պա­հան­ջա­տի­րա­կան իր պայ­քա­րը խորհր­դա­յին գոր­ծող օ­րէնք­նե­րուն եւ Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քին սահ­մա­նած շրջա­գի­ծին մէջ պա­հե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան։
Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բարձ­րա­ցու­ցած զէն­քը ոչ մէկ պա­րա­գա­յի ան­դին ան­ցաւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օ­րի­նա­կան եւ ի­րա­ւա­կան սահ­մա­նէն։ Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պահ­պա­նեց Օ­րէն­քի եւ Ի­րա­ւուն­քի հու­նով յա­ռա­ջա­նա­լու իր ողջմ­տու­թիւ­նը։

Ծան­րա­գոյն կո­րուստ­նե­րու ճնշման տակ պար­զա­պէս թափ ա­ռաւ եւ ներք­նա­պէս կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դող ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը։ Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծադ­րած հա­կա­հայ կո­տո­րած­նե­րը ոչ միայն կռա­նե­ցին ար­ցա­խա­հա­յու­թեան պայ­քա­րու­նա­կու­թիւ­նը, այ­լեւ ընդ­հա­նուր դա­տա­պար­տան­քի ա­լիք բարձ­րա­ցու­ցին աշ­խար­հով մէկ՝ ի նպաստ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ար­դա­րա­գոյն դա­տին։

Ար­ցա­խի Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին քա­ղա­քա­կան են­թա­հո­ղը պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի քան եր­կու տա­րի շա­րու­նա­կո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու խորհր­դա­յին ճնշում­նե­րու եւ հա­լա­ծանք­նե­րու ճամ­բով։ 1990ի Ապ­րիլ 3ին ըն­դու­նո­ւած էր Խ.Ս.Հ.Մ. այն օ­րէն­քը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ այս­պէս կո­չո­ւած «ինք­նա­վար միա­ւոր­ներ» ու­նե­ցող «միու­թե­նա­կան հան­րա­պե­տու­թիւն» մը, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն դուրս գա­լու ի­րա­ւունք ու­նե­նա­լու հա­մար, պար­տա­ւոր էր հան­րա­քո­ւէ կազ­մա­կեր­պել իր կազ­մին մէջ գտնո­ւող «միա­ւոր­ներ»էն իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ՝ ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին:

Այդ օ­րէն­քին վրայ հիմ­նո­ւե­լով եւ տես­նե­լով, որ ա­ռանց Լ.Ղ.Ի.Մ.ի հա­յու­թեան կամքն ու ձայ­նը նկա­տի ու­նե­նա­լու՝ Ատր­պէյ­ճան դուրս կու գար ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան կազ­մէն, Ար­ցա­խը ո­րո­շեց տէր կանգ­նիլ Օ­րէն­քով ճշդո­ւած իր ի­րա­ւուն­քին եւ 1991ի ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին հռչա­կեց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Իսկ Ատր­պէյ­ճան 1991ի Հոկ­տեմ­բե­րին դուրս ե­կաւ Խ.Ս.Հ.Մ. կազ­մէն: Ատր­պէյ­ճա­նի այդ քայ­լին պա­տաս­խա­նե­լով էր, ա­հա, որ 1991ի ­Դեկ­տեմ­բեր 10ին` ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Պաշտ­պա­նու­թեան Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը, Ար­ցա­խի մէջ կա­յա­ցաւ Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէն։

Թէեւ 1991ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւէին Ար­ցա­խի մէջ, սա­կայն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մար­զի (ԼՂԻՄ) տա­րած­քին տա­կա­ւին կողք-կող­քի կ’ապ­րէին հա­յերն ու ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ` այլ ազ­գու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Այդ պատ­ճա­ռով էր, նաեւ, որ ­Հան­րա­քուէի հար­ցա­թեր­թիկ­նե­րը տպագ­րո­ւած էին ե­րեք լե­զու­նե­րով` հա­յե­րէն, ազր­պէյ­ճա­նե­րէն եւ ռու­սե­րէն: Ա­զե­րի­ներ կ­þապ­րէին յատ­կա­պէս ­Շու­շիի եւ ­Խո­ջա­լո­ւի, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի մի քա­նի տաս­նեակ գիւ­ղե­րուն մէջ։ Եւ ճիշդ այդ շրջան­նե­րէն էր, որ կը ռմբա­կո­ծուէին Ս­տե­փա­նա­կերտն ու հայ­կա­կան բնա­կա­վայր­նե­րը:

Հա­կա­ռակ շա­րու­նա­կո­ւող կռիւ­նե­րուն, Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ձեռ­նար­կեց Ան­կա­խու­թեան Հան­րա­քո­ւէի կազ­մա­կեր­պու­մին, որ­պէս­զի միա­ձայ­նու­թեամբ վճռէ իր վրա­յէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ թօ­թա­փել ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­նար­դար եւ ա­նօ­րի­նա­կան լու­ծը։

Եւ այդ­պէ՛ս Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը միա­ձայ­նու­թեամբ վճռեց իր վրա­յէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ թօ­թա­փել ատրպէյ­ճա­նա­կան լու­ծը։

Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէի գոր­ծադր­ման ըն­թաց­քին հե­տե­ւե­ցաւ մօտ 40 հո­գի­նոց օ­տա­րերկ­րեայ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ու դի­տոր­դա­կան խումբ մը, ո­րուն մաս կը կազ­մէին Խ.Ս.Հ.Մ. ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Միու­թե­նա­կան Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիր­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին տար­բեր կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Հան­րա­քո­ւէին ար­ձա­նագ­րած ժո­ղովր­դա­կան մաս­նակ­ցու­թեան աշ­խու­ժու­թիւ­նը խո­րա­պէս տպա­ւո­րեց դի­տորդ­նե­րը: ­Հան­րա­քո­ւէին օ­րը Լ.Ղ.Հ. ողջ տա­րած­քը, յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տը են­թար­կո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի հրթի­ռահ­րե­տա­կո­ծու­թեան՝ խլե­լով 10 զոհ: ­Սա­կայն այդ բո­լո­րը չկրցան խո­չըն­դո­տել Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ա­զատ կամ­քին միաս­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։

Հան­րա­քո­ւէին մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նէին 132.328 ընտ­րող­ներ, ո­րոնց 108.736ը մաս­նակ­ցե­ցան (այ­սինքն՝ ընտ­րա­կան ի­րա­ւունք ու­նե­ցող­նե­րու 82,2 տո­կո­սը): Հան­րա­քո­ւէին չմաս­նակ­ցե­ցան Լ.Ղ.Հ. տա­րած­քին վրայ բնա­կող ու ընտ­րա­կան ի­րա­ւունք ու­նե­ցող ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը` 22.747 հո­գի։

Հան­րա­քո­ւէի դրո­ւած հար­ցը մէկ ու միակ էր.- «­Հա­մա­ձա՞յն էք ար­դեօք, որ հռչա­կո­ւած Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը լի­նի այլ պե­տու­թիւն­նե­րի եւ հան­րու­թիւն­նե­րի հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ինք­նու­րոյն ո­րո­շող ան­կախ պե­տու­թիւն»: ­Հան­րա­քուէի մաս­նա­կից­նե­րուն բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, շուրջ 99,7 տո­կո­սը (108.615 մաս­նա­կից) հար­ցադ­րու­մին յստակ ու կտրուկ «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նեց. 24 մաս­նա­կից պա­տաս­խա­նեց՝ «Ո՛չ», իսկ 95 քո­ւէա­թեր­թիկ ան­վա­ւեր ճանչ­ցո­ւե­ցան։

10 ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ի ­Հան­րա­քուէով պատ­մա­կա­նօ­րէն ամ­րագ­րո­ւած միա­հա­մուռ այդ «Ա­յո՛»ն ­հան­դի­սա­ցաւ օ­րի­նա­կան եւ ի­րա­ւա­կան գե­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին մար­տու­նա­կու­թեան, ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ վճռա­կա­նու­թեան, ո­րոնք մին­չեւ մեր օ­րե­րը թափ կու տան Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մը մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մով պսա­կե­լու հա­մազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան պայ­քա­րին։

Այ­սօր Ար­ցա­խը ու­նի շուրջ 12 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րա­ծու­թիւն, որ ամ­րագ­րո­ւած է Լ.Ղ.Հ. մայր օ­րէն­քով՝ սահ­մա­նադ­րու­թեամբ:
Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը իր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ըն­դու­նեց նոյն­պէս ­Դեկ­տեմ­բեր 10ին, 2006 թո­ւա­կա­նին, ի­րա­ւա­կան ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մի­ջազ­գա­յին պայ­ման­նե­րուն լրիւ հա­մա­պա­տաս­խա­նող հան­րա­քո­ւէով։

Ար­ցա­խի ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ու­նի 12 գլուխ, ո­րուն ա­ռա­ջին յօ­դո­ւա­ծը վճռա­հա­տած է՝

«­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ինք­նիշ­խան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ի­րա­ւա­կան, սո­ցիա­լա­կան պե­տու­թիւն է»:

 

Նազարէթ Պէրպէրեան