Լեւոն Մկրտչեան: Բարձրագոյն կրթութեան համակարգէն ներս արմատական փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան

18 de enero de 2018

Levon MeguerdichianՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Բարձրագոյն կրթութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծին: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ ասիկա տարիներու աշխատանքի արդիւնք է: Այս մասին կը հաղորդէ 168.am-ը։

«Այս օրէնքին ընդունումէն ետք՝ մեր բարձրագոյն կրթութեան համակարգին մէջ պէտք է տեղի ունենան արմատական փոփոխութիւններ»,- կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Լեւոն Մկրտչեան:

Նախարարին խօսքով` այսպիսով կը կատարուի ԵՄ-ի հետ կրթութեան նախարարութեան համաձայնութիւնը՝ բարձրագոյն կրթութեան համակարգի եւրոպական տարածքին ամբողջութեամբ ընդելուզման հինգ պայմաններէն մէկը:

«Ուսանողը, ըստ էութեան, կը ստանայ շարժունակութիւն, ինքը պէտք է կարենայ ծրագրաւորել իր ուսման գործընթացը»,- ըսած է նախարարը` ընդգծելով, որ օրէնքը բաց ամպիոն կը ստեղծէ եւ շատ ճկուն է:

Մկրտչեանի խօսքով` երեք տարի ժամանակ ունինք մեր համալսարաններու կառուցուածքները ճշդելու եւ ուսումնական գործընթացը ամբողջութեամբ նոր հիմունքներով կազմակերպելու համար: