Կրթութեան Նախարար

Լեւոն Մկրտչեան Մատենադարանը կ՛ուզէ դարձնել անկախ միաւոր

08 de febrero de 2017

madenataranԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան արդէն ժամանակը հասած կը նկատէ, որ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը կառավարութեան որոշումով դուրս հանուի որեւէ մէկի ենթակայութենէն, անոր համար ստեղծելով ինքնուրոյն հզօր հիմնարկ:

«Մատենադարանը մեր երկրի կարեւորագոյն հաստատութիւններից է, եւ կարիք ունենք այն դարձնելու յատուկ հիմնադրամ: Արդէն իսկ կազմակերպչական աշխատանքների ճանապարհին ենք, որպէսզի Մատենադարանը դառնայ մեր երկրում գիտութեան, մշակոյթի, հայագիտութեան կարեւորագոյն  բրենդներից մէկը, որտեղ ձեռագրային ֆոնդերը, ըստ էութեան,  կը լինեն պետութեան բացառիկ  սեփականութիւնը, իսկ հիմնադրամը կը տնօրինի հաստատութիւնը:
Եւ Մատենադարանը կը լինի իսկապէս անկախ միաւոր:

Սա է կառուցուածքի  փոփոխութիւնը, սա կ՛անենք, եւ դրանից յետոյ նոր ձեւաչափով կը կայանան տնօրէնի ընտրութիւններ», ըսած է Լեւոն Մկրտչեան: