Կիրօ Մանոյեան. “Մենք Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միաւորման կողմնակից ենք”

19 de febrero de 2019

Manoyan_9-11-15ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հարցազրոյց տուած է ազրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան: Հարցազրոյցը տեղի ունեցած է Երեւան, 2 փետրուար 2019-ին, «Թուրան» լրատուամիջոցի խմբագիր Շահին Հաճիեւի կողմէ, որ հարցումները հարցուցած է ռուսերէնով, Մանոյեան պատասխանած է հայերէն, թարգմանութիւնը կատարած է լրագրող Տիգրան Յովհաննիսեան: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած տուեալ հարցազրոյցի ձայնագրութիւնն առկայ է, եւ «Թուրան» գործակալութիւնը զայն ներկայացուցած է իր հայեցողութեամբ: Հրապարակման մէջ առկայ են անճշտութիւններ, եւ զայն ստորեւ կը ներկայացնենք խմբագրական որոշ մեկնաբանութիւններով:

* * *

«Յունուարի վերջաւորութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Դաշնակցութիւն կուսակցութեան համագումարը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ դաշնակցականներուն համար Ղարաբաղը ամէնէն կարեւոր հարցերէն է, եւ կուսակցութիւնը հակամարտութեան լուծումը կը տեսնէ Հայաստանին Ղարաբաղի միացման մէջ»: Այդ մասին «Թուրան» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Դաշնակցութեան համանախագահ Կիրօ Մանոյեանը (ՀՅԴ-ի մէջ համանախագահի պաշտօն չկայ, իսկ Կ. Մանոյեանը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ է, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն-arfd.am խմբ.):

«Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է միանայ Հայաստանին, քանի որ անիկա երբեք չէ եղած Ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ պիտի չըլլայ: Մեր գլխաւոր նպատակն է ամրագրել Ղարաբաղի այդ կարգավիճակը», ըսած է Մանոյեան:

Անոր համաձայն, Ղարաբաղը անկախացած է 1991-ին` հանրաքուէ կատարելով: Ատիկա տեղի ունեցած է տակաւին Խորհրդային Միութեան ժամանակ գործող օրէնքներու հիման վրայ: «Անկախութիւն հռչակեց նաեւ Ազրպէյճանը: Ղարաբաղի անկախութեան միջազգային ճանաչումէն ետք Հայաստանի հետ Ղարաբաղի միացման հարցը միայն թեքնիք բնոյթ կ՛ունենայ», կը կարծէ Դաշնակցութեան առաջնորդը: (Կ. Մանոյեանը ՀՅԴ Բիւրոյի կազմին մէջ չի զբաղեցներ ներկայացուցիչի կամ նախագահի հանգամանք եւ, ընդհանրապէս, կուսակցութիւնը ունի խմբային կառավարման համակարգ-arfd.am խմբ.):

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս հայկական կողմը կրնայ հասնիլ ատոր, եթէ միջազգային հանրութիւնը տէ ժիւրէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածք ճանչնայ, Մանոյեան պատասխանած է, որ նախ կը դրուի Ղարաբաղի` քանի մը երկիրներու կողմէ ճանաչման հարցը: «Ատիկա կարելիութիւն կու տայ դիտարկելու Ղարաբաղը իբրեւ միջազգային իրաւունքի առարկայ եւ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը` խոչընդոտել ատոր չի կրնար: Անկէ ետք Ղարաբաղի ճանաչումը միջազգային հանրութեան կողմէ պիտի ըլլայ միայն ժամանակի հարց», կը նշէ Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք անիրական չի՞ նկատեր նման դիպաշար, Մանոյեան յիշեցուցած է Քոսովոյի ճակատագիրը: «Արդէն շարք մը երկիրներ ճանչցած են Քոսովոյի անկախութիւնը, որ դարձած է միջազգային իրաւունքի առարկայ` հակառակ Սերպիոյ առարկութեան», ըսած է ան:

Հայկական հասարակութեան ո՞ր մասը կողմ է Հայաստանին Ղարաբաղի միացման: Այս հարցումին Մանոյեան պատասխանած է հետեւեալ ձեւով. «Հայ ազգային քոնկրեսի (Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կուսակցութիւնն է) դիրքորոշումը այս հարցով չի համընկնիր մերինին հետ: Սակայն խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ անոնք չեն ստացած ժողովուրդի աջակցութիւնը (այստեղ խօսքը 2017-ի  խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է-arfd.am խմբ.): Միեւնոյն ժամանակ (խօսքը 2018 դեկտեմբերի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է-arfd.am խմբ.), յաղթած կուսակցութիւնը` Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ քայլը» քաղաքական շարժումը, այդ հարցին մէջ կ՛աջակցի մեր դիրքորոշման», կ՛ըսէ դաշնակցականներու առաջնորդը:

«Այդ պարագային, ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը չանցաւ խորհրդարան»: Այս հարցումին Մանոյեան կը պատասխանէ, որ խորհրդարան չեն անցած ո՛չ միայն դաշնակցականները, այլեւ` հանրապետականները, «Սասնայ ծռեր»-ը եւ ՀԱՔ-ը (այստեղ եւս, ՀԱՔ-ի պարագային, խօսքը 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին է-arfd.am խմբ.): «Սակայն այդ հարցին մէջ քաղաքական ուժերու մեծամասնութիւնը եւ Հայաստանի բնակչութիւնը միակարծիք են, թէեւ քաղաքական ընտրանիի փոքր մասը կողմ չէ Հայաստանի կազմին մէջ Ղարաբաղի ընդգրկման: Մասնաւորապէս, այդպիսին է Հայ ազգային քոնկրեսի դիրքորոշումը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի բնակչութեան քանի՞ տոկոսը կողմ հանդէս կու գայ Ղարաբաղի միացմանը, Դաշնակցութեան առաջնորդը կը պատասխանէ` մեծամասնութիւնը:

Մտադի՞ր են արդեօք հայերը պատերազմիլ նշուած նպատակներուն հասնելու համար», այս հարցումին Կիրօ Մանոյեան կու տայ անսպասելի պատասխան` պնդելով, որ ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ տրամադրութիւնները այնպիսին են, որ անոնք կը հասկնան` Ղարաբաղը վերադարձնել կարելի չէ եւ Պաքուն ստիպուած պիտի ըլլայ ատիկա ընդունիլ: «Ձեզի համար բարդ պիտի ըլլայ պատերազմիլ` հասարակութեան շրջանին մէջ նման տրամադրութիւնները հաշուի առնելով», ըսած է Մանոյեան:

Շարունակելով միտքը, ան կը պնդէ, որ 2001 թուականին Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ էին ճանչնալու Ղարաբաղի անկախութիւնը` Քի Ուեսթի մէջ բանակցութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ:

«Միաժամանակ դրուած էր Ղարաբաղը (Մանոյեան ըսած է` ԼՂԻՄ-ը -arfd.am խմբ.) շրջապատող տարածքներու վերադարձի հարցը, սակայն այսօր` 18 տարի անց, իրական չէ խօսիլ անկախութեան դիմաց այդ տարածքներու վերադարձին մասին: Դուք պէտք է ատոր հետ հաշտուիք», տիրական ձայնով կը խօսի Մանոյեան` միաժամանակ մեղմ ժպտալով:

Կարելի՞ է այսօր Քի Ուեսթի կարգաւորման տարբերակը, երբ Ղարաբաղը կը միանայ  Հայաստանին Լաչինի միջոցով, իսկ Նախիջեւանը կը միանայ Ազրպէյճանին: «Ատիկա իրական չէր այն ժամանակ, այսօր` առաւել եւս», կը պատասխանէ Մանոյեան:

«Եթէ դարձեալ պատերազմ ըլլայ, հայերը կը կորսնցնեն Ղարաբաղը շրջապատող տարածքները եւ Ղարաբաղը: Աւելի լաւ չէ՞ հիմա միմեանց ընդառաջ երթալ եւ պայմանաւորուիլ»: Այս հարցումին պատասխանելով Դաշնակցութեան առաջնորդը կ՛ըսէ, որ չի բացառեր նման դիպաշար, սակայն անմիջապէս կ՛աւելցնէ. «Աւելի շուտ դուք կը կորսնցնէք նոր տարածքներ»:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման, ապա ատիկա կ՛ենթադրէ Ղարաբաղի եւ շրջապատող տարածքներու միացում:

«Մենք դէմ ենք փոխզիջման այդ հարցին, եւ Ղարաբաղը շրջապատող տարածքները նոյնպէս պէտք է միանան Հայաստանին», կը յայտարարէ Մանոյեան:

«Հայաստանի մէջ, իշխանափոխութենէն ետք, աւելի յաճախ կը հնչեն կարծիքներ հակամարտութեան փուլային կարգաւորման մասին: Որքանո՞վ իրական է, որ ներկայիս իշխանութիւնները երթան այդ տարբերակին»: Այդ հարցումին Դաշնակցութեան առաջնորդը կը պատասխանէ, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը տակաւին պաշտօնապէս նման բան չէ ըսած: «Ամէն ինչ անորոշ խօսակցութիւններու մակարդակին վրայ է: Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնական Երեւանը յստակօրէն կ՛ըսէ մէկ բան` Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ բանակցային կողմ, առանց անոր մասնակցութեան հակամարտութիւնը չի լուծուիր»:

Ինչպէ՞ս Դաշնակցութիւնը կը տեսնէ Թուրքիոյ հետ հակամարտութեան կարգաւորումը: «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայիս սահմանը անօրինական է: Իրաւական սահմանը որոշուած է Ուիլսընի կողմէ 1920 թուականին, եւ անիկա պէտք է անցնի Կարինով, Կարսով, Տրապիզոնով եւ Վանով: Նման տարածքային վէճեր աշխարհի մէջ շատ կան եւ անոնց առկայութիւնը չի նշանակեր, որ յանուն ատոր պէտք է պատերազմիլ», կը յստակացնէ Կիրօ Մանոյեան:

Աղբիւրը`
turan.az