"Ասպարէզ"

Կրկին ու կրկին դէպի երկիր

27 de agosto de 2018

ari-doonՀայրենադարձութիւնը Նոր Հայաստանի իշխանութեանց համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

Հայաստանի անկախութենէն առաջ իսկ, հազիւ խորհրդային կարգերու փլուզման նշանները տեսած (1988ին)՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր 24րդ Ընդհանուր Ժողովին «Դէպի Երկիր» կարգախօսը դարձուց իր հայաստանեան գործունէութեան առանցքային սկզ-բուննքերէն մէկը:

Ողջունելով Հայաստանի իշխանութեանց եւ յատկապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հայրենադարձութեան գաղափարին տուած մեծ նշանակութիւնը՝ յոյս կը յայտնենք, որ զայն կենսագործելու վճռականութիւնը յստակօրէն տեսնուի կառավարութեան յետագայ ծրագիրներուն մէջ:

Անշուշտ կը գիտակցինք, որ այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ հայրենադարձութիւնը շարժումի վերածելը Սփիւռքի մէջ: Սակայն, անցեալի փորձի լոյսին տակ, նաեւ լուրջ հետեւութիւններ կատարելով՝ ներգաղթը ընդհանրապէս խրախուսող ու յատկապէս երիտասարդները հայրենիք տանող փոքր թէ մեծ ծրագիրներու յաջողութիւններէն, Սփիւռքի հետ ձեռք ձեռքի քարոզչական ու գործնական նոր արշաւով պէտք է մշտապէս սատարենք հայրենադարձութեան:

Մենք պատրաստ ենք այդ ուղղութեամբ մեր անսակարկ աջակցութիւնը ցուցաբերելու հայրենադարձութիւնը խթանող պետական բոլոր ծրագիրներուն:

Այս ծիրէն ներս կը գնահատենք Հինգշաբթի 23-ի, Ծաղկաձորի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին մասնակցող սփիւռքահայ երիտասարդներուն ուղղած՝ Հայաստան վերադառնալու յորդորը:

«Ես համարում եմ, որ իւրաքանչիւր հայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է եւ պատիւ ունեմ ձեզ դիմել՝ որպէս սիրելի հայրենակիցներ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ: Մեր աւետեաց երկիրը իրականութիւն դարձնելու ժամանակը եկել է, եւ շատ կարեւոր է, որ ձեզանից իւրաքանչիւրի եւ հեռաւոր Սփիւռքում ապրող իւրաքանչիւր ընտանիքում ամէն օր խօսուի Հայաստան վերադառնալու գաղափարի եւ անհրաժեշտութեան մասին», ըսած էր վարչապետը:

Կը ձայնակցինք վարչապետին, որ Հայաստանը ապրելու երկիր է եւ այն երկիրն է, ուր պէտք է զարգանալ, ստեղծագործել, ուժեղանալ, հարստանալ եւ հարստացնել՝ գաղափարներով եւ սիրով: