«Հազար ու մէկ երգ»-ը՝ Կոմիտասի բացառիկ արժէքը

06 de agosto de 2019

Կո­մի­տա­սի 150-ա­մեա­կը ա­ռիթ է հա­յեացք մը եւս նե­տե­լու անցեա­լին եւ տեսնե­լու, թէ ա­նոր նա­խորդ յո­բե­լեաննե­րը, մա՛նաւանդ Հա­յաստա­նի մէջ, ինչ ձեւով նշուած են: Անշուշտ, Կո­մի­տա­սի գործունէութեան գնա­հատման կա­րեւոր հանգրուան մը ե­ղած է ա­նոր 100-ա­մեա­կը, որ մեծ շուքով նշուած է Հա­յաստա­նի մէջ՝ 1969 թուա­կա­նին: Այդ ժա­մա­նակ էր, որ ժո­ղո­վուրդը ամբողջութեամբ սկսած էր ճանչնալ Կո­մի­տա­սը եւ հա­կա­ռակ ա­նոր հո­գեւո­րա­կան ըլլա­լուն, Հա­յաստա­նի խորհրդա­յին ղե­կա­վա­րութիւնը մեծ արժէք տուած էր Կո­մի­տա­սին՝ ա­նոր հա­րիւրա­մեա­կը վե­րա­ծե­լով հա­մա­ժո­ղովրդա­կան տօ­նախմբութեան: Այդ ժա­մա­նակ էր, որ ե­տեւ ե­տեւի Կո­մի­տա­սի մա­սին գրուած են բազմա­թիւ գիրքեր, յօ­դուածներ, վե­րահրա­տա­րա­կուած են արդէն իսկ լոյս տե­սած գիրքե­րը:
Սա­կայն հա­րիւրա­մեա­կէն ա­ռաջ ալ Հա­յաստա­նի մէջ ե­ղած են ձեռնարկներ, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ հայ մե­ծե­րը յարգանքի տուրք մա­տուցած են օ­տա­րութեան մէջ լուռ ցաւե­րով հո­գին աւանդած մեծ ե­րա­ժիշտին: Կո­մի­տա­սի ա­նունը եւ ա­նոր գործին արժեւո­րումը մեծ տեղ ունի նշա­նաւոր հա­յա­գէտ, հա­սա­րա­կա­կան գործիչ, գրա­կա­նա­գէտ, լե­զուա­բան, բա­ռա­րա­նա­գիր եւ բա­նա­հաւաք Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի գրա­կան ժա­ռանգութեան մէջ: Ա­բե­ղեան յօ­դուածներ եւ յուշեր գրած է Կո­մի­տա­սի մա­սին, ո­րոնք տեղ գտած են 1930 թուա­կա­նին՝ Կո­մի­տա­սի ծննդեան 60-ա­մեա­կին առթիւ հրա­տա­րա­կուած ժո­ղո­վա­ծո­յին մէջ: Ի դէպ, այդ ժո­ղո­վա­ծո­յին մէջ (որ կազմած է հայ ե­րաժշտա­գէտ Ռուբէն Թերլե­մե­զեա­նը) տեղ գտած են նաեւ Կո­մի­տա­սի ա­շա­կերտնե­րէն Սպի­րի­դոն Մե­լի­քեա­նի, գրող Դե­րե­նիկ Դե­միրճեա­նի, գրա­կա­նա­գէտ Գա­րե­գին Լեւո­նեա­նի, երգա­հան Նի­կո­ղա­յոս Տիգրա­նեա­նի, նկա­րիչ Փա­նոս Թերլե­մե­զեա­նի, երգիչ Վա­հան Տէր-Ա­ռա­քե­լեա­նի, երգչուհի Մարգա­րիտ Պա­պա­յեա­նի, ե­րաժշտա­գէտ Ստե­փան Դե­մուրեա­նի, այլ գործիչնե­րու եւ ի­րեն՝ Ռուբէն Թերլե­մե­զեա­նին յօ­դուածներն ու յուշե­րը:
Գիրքը կազմող Ռուբէն Թերլե­մե­զեան յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ կը գրէ, որ այդպի­սի գիրք մը Հա­յաստա­նի մէջ ա­ռա­ջին անգամ լոյս կը տեսնէ: Հե­տաքրքրա­կան է, որ գիրքը լոյս տե­սած է Կո­մի­տա­սի կենդա­նութեան ժա­մա­նակ, այն օ­րե­րուն, երբ Կո­մի­տաս Ֆրանսա հո­գե­բուժա­րա­նին մէջ պառկած էր: Ռուբէն Թերլե­մե­զեան գիրքին մէջ այդպէս ալ կը գրէ. «Մինչեւ այսօր մե­ծա­նուն ա­րուեստա­գէ­տը ա­ռանձին, անմխի­թար կեանքի դառնութիւննե­րը ճա­շա­կե­լով կ՚ապրի իր կեանքի վերջա­լոյսը»:
Հա­կա­ռակ որ 1930-ին Կո­մի­տաս ողջ էր, բայց անտե­ղեակ էր իր մա­սին Ե­րեւա­նի մէջ, Պե­տա­կան հրա­տա­րակչութեան պա­տուէ­րով տպագրուած այդ գիրքին մա­սին: Գիրքին լոյս ընծա­յումէն հինգ տա­րի ետք, ան մա­հա­ցած է… Յե­տա­գա­յին Կո­մի­տա­սի մա­սին լոյս տե­սած բո­լոր յուշագրութիւննե­րը հիմնուած են իր 60-ա­մեա­կին լոյս տե­սած այս գիրքին վրայ: Ա­ռանձնա­յա­տուկ ուշադրութեան արժա­նի են Ա­բե­ղեա­նին յուշե­րը:
Մա­նուկ Ա­բե­ղեանն ու Կո­մի­տա­սը ուսա­նած են Էջմիածնի Հո­գեւոր ճե­մա­րա­նին մէջ. երկուքն ալ մեծ հե­տաքրքրութիւն ունէին բա­նա­հաւաքչութեան, ժո­ղովրդա­կան, գեղջկա­կան բա­նա­հիւսութեան հանդէպ: Կ՚ը­սեն, որ երբ ճե­մա­րա­նա­կան ուսա­նողնե­րը արձա­կուրդնե­րուն ի­րենց հայրե­նի բնա­կա­վայրե­րը կ՚երթա­յին, Մա­նուկ Ա­բե­ղեան եւ Կո­մի­տաս ա­նոնցմէ կը խնդրէին գրի առնել գիւղի բնա­կիչնե­րուն երգն ու խօսքը եւ ի­րենց հետ բե­րել: Ա­նոնք այդ նպա­տա­կով յա­տուկ թերթիկներ կը պատրաստէին, կը բաժնէին ի­րենց ուսա­նող ընկերնե­րուն եւ կը խնդրէին վե­րա­դարձին լե­ցուած յանձնել զա­նոնք: Նոյնպէս Ա­բե­ղեա­նի յուշե­րէն կը տե­ղե­կա­նանք, որ Կո­մի­տա­սը ե­ղած է շատ հիւրա­սէր եւ իր հիւրե­րուն հա­ճոյքով հրամցուցած է իր իսկ ձեռքով պատրաստած սուրճն ու թէ­յը, թէ­յին մէջ ալ լե­ցուցած վարդի թերթեր:
Ըստ Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի՝ Կո­մի­տա­սը ունե­ցած է բա­զում ե­րա­զանքներ, ո­րոնք մնա­ցած են չի­րա­կա­նա­ցուած: Ան, օ­րի­նակ, ե­րա­զած է «Սասնայ ծռեր» հայկա­կան հե­րո­սա­կան է­պո­սի նիւթով օ­փե­րա մը գրել, երկար ժա­մա­նակ ջա­նա­ցած է վերծա­նել հայ միջնա­դա­րեան տա­ղե­րուն խա­զե­րը՝ ձայնա­նիշնե­րը եւ ո­րոշ յա­ջո­ղութիւննե­րու հա­սած:
Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի յուշե­րէն կը տե­ղե­կա­նանք, որ մեծ երգա­հա­նը լաւ ի­մա­ցած է թուա­բա­նութիւն եւ երկրա­չա­փութիւն եւ ճե­մա­րա­նէն ներս երբեմն վա­րած է այդ ա­ռարկա­նե­րուն քննութիւնը:
Մա­նուկ Ա­բե­ղեան նաեւ հե­տաքրքրա­կան դրուագներ կը փո­խանցէ Կո­մի­տա­սի կենցա­ղա­վա­րութեան, սո­վո­րութիւննե­րուն, բնաւո­րութեան մա­սին:
Ա­բե­ղեա­նի մօ­տիկ ծա­նօ­թութիւնը Կո­մի­տա­սի հետ սկսած է 1885 թուա­կա­նի գարնան, երբ Ա­բե­ղեան կ՚աւարտէր Ճե­մա­րա­նի լսա­րա­նա­կան բա­ժի­նը, բայց յե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն ան ա­ռիթ ունե­ցած է բազմա­թիւ անգամներ տեսնե­լու Կո­մի­տա­սը, այդ կարգին՝ արտա­սահմա­նի մէջ, ուր Կո­մի­տաս մեկնած էր ուսա­նե­լու: Արտա­սահմա­նէն Էջմիա­ծին վե­րա­դա­ռա­նա­լով է, որ Կո­մի­տաս ե­ռանդով լծուե­ցաւ մէկ կողմէ մանկա­վարժա­կան գործունէութեան, իսկ միւս կողմէ ստեղծա­գործա­կան բե­ղուն աշխա­տանքի՝ ժո­ղովրդա­կան եւ գեղջկա­կան երգե­րու հաւաքման ու մշակման իր հե­տա­զօ­տութիւննե­րը ամբողջացնե­լով: Բա­ցա­ռիկ գործ մը, որ այսօր ալ կը մնայ անգե­րա­զանցե­լի:N Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի յուշագրութեան մէջ կը կարդանք.
«Կո­մի­տաս կը սի­րէր ա­ռանձին զբօսնիլ. թռչուննե­րուն ճռուո­ղիւնը եւ սո­խա­կին կլկլո­ցը լսել անտա­ռին մէջ, որ ա­րուեստա­կան կերպով տնկուած էր Ներսի­սեան լի­ճէն ներքեւ բաւա­կան ընդարձակ տա­րա­ծութեան վրայ: 1900-ի գարնան, մա­յի­սի ա­ռա­ջին կէ­սին, ես եւ Կո­մի­տա­սը կը զբօսնէինք այդ անտա­ռին մեծ ծա­ռուղիին մէջ, ո­րուն երկու կողմի ա­ռունե­րուն եզրե­րը սկիզբէն տնկուած էին մասրե­նի­ներ եւ վարդե­նի­ներ: Կո­մի­տաս վարդ կը քա­ղէր: Ան կը սի­րէր թէ­յին հետ (ո­րուն ա­մե­նա­լաւ եւ ա­մե­նա­սուղ տե­սա­կը միշտ կը գործա­ծէր) երբեմն չորցած վարդի տե­րեւներ խառնել: Մեր զրոյցին նիւթը ժո­ղովրդա­կան երգն էր: Ան կը գանգա­տէր, թէ մեր ժո­ղովրդա­կան քա­ռեակնե­րը՝ իբր բա­նաստեղծութիւն, յա­ճախ անմտութիւն են, եւ թէ ինքը քա­ռեակ մը երգել տա­լու հա­մար չի գի­տեր, թէ ինչ երգել տայ, որ լաւ ըլլայ: Ես այդ ժա­մա­նակ զբա­ղած էի ժո­ղովրդա­կան քա­ռեակնե­րու ուսումնա­սի­րութեամբ, ո­րոնք, իմ կարծի­քով, անմտութիւն էին միայն այն ժա­մա­նակ, երբ աղճա­տուած են, ո­րովհե­տեւ ժո­ղովրդա­կան երգե­րը շատ սի­րուած էին այդ թուա­կաննե­րուն, ուստի մտադրուե­ցանք միա­սին երգա­րան մը հրա­տա­րա­կել, սկսե­լով ժո­ղովրդա­կան երգե­րէն»:
Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի այս յուշէն հասկնա­լի կը դառնայ, որ ատկէ ետք ծնունդ ա­ռած է հայ ե­րաժշտա­կան գրա­կա­նութեան մէջ իր արժա­նաւոր տե­ղը զբա­ղեցնող «Հա­զար ու մէկ խաղ» ժո­ղովրդա­կան երգա­րա­նը, ո­րուն ա­ռա­ջին յիսնեա­կը Ա­բե­ղեան եւ Կո­մի­տաս կազմած, ա­պա հրա­տա­րա­կած են 1903 թուա­կա­նին, երկրորդ յիսնեա­կը՝ 1905 թուա­կա­նին: Պատրաստ էր նաեւ երրորդ յիսնեա­կը, որ Կո­մի­տաս ի­րեն հետ Պո­լիս տա­րած է, որ շատ երկար ժա­մա­նակ անտիպ մնա­ցած էր, եւ 2015 թուա­կա­նին «Մշա­կութա­յին վե­րածնունդ» հիմնադրա­մը զայն տպագրած է բարձր ո­րա­կով:
Այսօր Հա­յաստա­նի Ազգա­յին գրա­դա­րա­նի մէջ կը պա­հուի Կո­մի­տա­սին նուի­րուած ողջ գրա­կան ժա­ռանգութիւնը՝ թէ՛ ա­նոր մա­սին գրուած գիրքե­րը, թէ՛ ալ իր՝ Կո­մի­տա­սի գրի­չէն ստեղծուած աշխա­տութիւններ: Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նին հետ կազմած «Հա­զար ու մէկ խաղ» երգա­րաննե­րը այսօր ալ մեծ արժէք ունին: Ա­նոնց մէջ տեղ գտած երգե­րը Կո­մի­տաս անգին գանձե­րու պէս մշա­կած եւ փո­խանցած է սե­րունդնե­րուն՝ ա­ռա­ջին անգամ մէկ գիրքի մէջ հաւա­քե­լով հայկա­կան գեղջկա­կան ե­րաժշտութիւնը, որ սկզբնաւո­րուած է հա­զա­րա­մեակներ ա­ռաջ եւ իր պատմութեան ընթացքին անդրա­դարձած է ազգա­յին մշա­կոյթի զարգացման բո­լոր նշա­նա­կա­լի փուլե­րուն: Գեղջկա­կան երգի տե­սա­կը պայմա­նաւո­րուած է բա­նաստեղծա­կան նիւթե­րով, իւրա­քանչիւրը ունի ի­րեն բնո­րոշ ա­ռանձնա­յատկութիւններն ու ե­րաժշտա­կան արտա­յայտչա­մի­ջոցնե­րը: Հայկա­կան գեղջկա­կան ե­րաժշտութիւնը բազմաբնոյթ է՝ աշխա­տանքա­յին, ծի­սա­կան, լա­լիք, քնա­րա­կան, պատմա­կան, պանդխտութեան (անտունի­ներ) երգեր, վի­պերգեր, պա­րերգեր, կա­տա­կերգեր, օ­րօրներ եւ այլն: Գեղջկա­կան ե­րաժշտութեան մէջ ա­ռանձնա­յա­տուկ յատկա­նիշնե­րը ե­րեւան կու գան ինչպէս բա­նաստեղծա­կան, այնպէս ալ ե­րաժշտա­կան բնագրե­րուն մէջ, կ՚ա­ռանձնա­նան հո­գեւոր բնոյթի բա­նաստեղծութիւննե­րով ժո­ղո­վուրդի ստեղծած երգե­րը, տարբեր բո­վանդա­կութեան աշխարհիկ տա­ղե­րը եւ այլն: Գեղջկա­կան ե­րաժշտութե­նէն յայտնի են բազմա­թիւ նմոյշներ, ուր կան բա­ցա­ռիկ արժէ­քաւոր ստեղծա­գործութիւններ՝ ե­րաժշտա­կան բա­նա­հիւսութեան հա­մաշխարհա­յին չա­փա­նիշնե­րով՝ Կո­մի­տա­սի արձա­նագրած, Լո­ռիի, Ղա­րա­բա­ղի եւ Ա­պա­րա­նի հո­րո­վելնե­րը, Սա­նա­հի­նի եւ Լո­ռիի կա­լի երգե­րը, Իգդի­րի, Վա­յոց ձո­րի եւ Ղա­զա­խի սայլերգնե­րը, ընկե­րա­յին նիւթե­րով՝ «Ծի­րա­նի ծառ, բար մի տա», «Կանչէ, կռունկ», «Սիրտս նման է էն փլած տներ», բնութեան նուի­րուած՝ «Լուսնակն ա­նուշ», «Պինկիոլ», սի­րոյ քնա­րա­կան՝ «Գա­րուն ա», «Չի­նար ես՝ կե­ռա­նալ մի», «Քե­լեր, ցո­լեր իմ եա­րը», «Կուժն ա­ռայ ե­լայ սա­րը» եւ «Գնա, գնա, հե­տիդ եմ», հարսա­նե­կան երգե­րու ամբողջութիւնը, Ակնայ բազմա­ժանր երգե­րու շարքե­րը…
Դա­րե­րու ընթացքին աստի­ճա­նա­բար մշա­կուած ու կա­տա­րե­լա­գործուած է ժո­ղովրդա­կան երգը (անհե­տա­ցած են ո­րոշ ձեւեր, ի յայտ ե­կած են նո­րե­րը): Յե­տա­գա­յին շատ ժո­ղովրդա­կան երգա­րաննե­րու մէջ մտած են այդ երգե­րը, բայց 1900-ա­կաննե­րուն Վա­ղարշա­պա­տի մէջ Կո­մի­տա­սի կազմած եւ լոյս տե­սած այդ գիրքե­րը այսօր ազգա­յին արժէքներ են: