Նաթան Պետրոսեան

Հակաթուրք եւ Հայ Դատի պայքարներուն զուգահեռականութիւնը

01 de febrero de 2018

erdogan-1qԱյսօր Թուրքիան միջազգային գետնի վրայ դարձած է քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական կարեւոր ու մեծագոյն ուժերէն մէկը: Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ կրօնամէտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, վերականգնած է համիտեան կարգերը: Ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններ եւ ազատամիտ լրագրողներ կ՛ենթարկուին հետապնդման, հարցաքննութեան եւ բանտարկութեան (ինչ որ նոյնպէս տեղի կ՛ունենար համիտեան օրերուն):

110 տարի առաջ սուլթան Համիտը կը միջամտէր Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի հարցերուն` նեցուկ կանգնելու համար այնտեղի իր բարեկամ, դաշնակից եւ գաղափարակից բռնատիրական կարգերուն եւ ճզմելու համար հայկական յեղափոխական շարժումը, իսկ այս օրերուն Թուրքիան կը միջամտէ Սուրիոյ մէջ` ճզմելու համար քիւրտ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ներկայիս տասնեակ թերթեր փակուած են, տասնեակ լրագրողներ բանտարկուած են, որովհետեւ անոնք միայն իրականութիւնը յայտնեցին այն մասին, որ Թուրքիոյ միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ չի միտիր վերացնել այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութիւն»-ը, այլ` ոչնչացնել քիւրտերը, եւ այդ նպատակի իրագործման համար Թուրքիան նեցուկ կանգնեցաւ կրօնամոլ-ծայրայեղական ուժերուն ու անոնց ապաստան տուաւ իր սահմաններուն մէջ:

Գանք հիմա մեզի` հայերուս: Դժբախտաբար ներկայիս հայութեան մէջ պայքարի ոգին տկարացած է, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Հայ դատի հետապնդման: Հայութեան մէջ ապաքաղաքականացման եւ ապազգայնացման երեւոյթները հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնան համաշխարհայնացման պատճառով: Ամօթալի է եւ անբարոյ` Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Մարգար Եսայեանի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական միջամտութեան: Եթէ դատապարտելի է համաշխարհային մեծ ուժերուն լռութիւնը Թուրքիոյ արտաքին ռազմական միջամտութիւններուն նկատմամբ, նոյնպէս դատապարտելի է հայերուն լռութիւնը: Ամէն միջոց պէտք է օգտագործուի` բացայայտելու ու լուսաբանելու թրքական պետութեան ոճիրները եւ իր ժառանգութիւնը օսմանեան պետութեան կատարած Հայոց ցեղասպանութեան:

Վերջաւորութեան, ինչ կը վերաբերի այս յօդուածի վերնագիրին` «Հակաթուրք եւ Հայ դատի պայքարներու զուգահեռականութիւնը», անիկա երբեք նպատակ չունի սերմանելու  ցեղապաշտութիւն, այլ կը կարծենք, որ պէտք է անդուլ պայքար մղել թրքական թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւններուն դէմ, որովհետեւ այդ քաղաքականութիւնները ուղղակի թէ անուղղակի կապ ունին մեր Դատին հետ: Պիտի նշեմ երեք օրինակներ, որպէսզի յստակ ըլլայ միտքը բոլորին: Թուրքիոյ մէջ այսօր խօսքի ազատութիւն չկայ, ինչպէս որ յայտնի է բոլորին: Այդ ազատութենէն նաեւ կը զրկուին անոնք, որոնք կ՛ուզեն բացայայտօրէն ճանչնալ մեր Ցեղասպանութիւնը: Այդ պատճառով ալ, երբ միջազգային հանրութեան ապացուցենք Թուրքիոյ անազատ կարգավիճակը, այդ ժամանակ խօսքի ազատութեան օրակարգին մէջ պիտի մտնէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու անարգման մասին խօսիլը կը նշանակէ խօսիլ հոն ապրող հայերու ենթարկուած առօրեայ ցեղապաշտութեան մասին, որ բացասական երեւոյթ մըն է ինքն իրեն «ժողովրդավարական» պետութիւն սեպող Թուրքիոյ համար, որ չի կրնար կանխել այդպիսի երեւոյթները (համապատասխան օրէնքներ որդեգրելով): Վերջապէս, դէմ կանգնիլ Թուրքիոյ արտաքին միջամտութիւններուն, որպէսզի Թուրքիոյ միջազգային վարկը նուազի, եւ կապել այդ միջամտութիւնը ներքին ճակատին` խօսքի ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ճնշման հետ:

Խօսքի ազատութիւնը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ու արտաքին ռազմական միջամտութիւնները զէնքեր պէտք է ըլլան հայութեան ձեռքը` նախ մեր հոգիներուն մէջ արթնցնելու համար պայքարի ոգին, իսկ յետոյ ալ պայքար մղելու` վարկաբեկելու համար թրքական պետութիւնը իր ցեղապաշտական քաղաքականութիւններուն համար: