ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ամեակը

09 de agosto de 2019

Մօթէվիտէոյի Համազգայինի ̕̕̕<Լ. Շանթ> մասնաճիւղի Վարչութեան ճիգերով  ամիսներ տեւած աշխատանքը, տուաւ սպասուած արդիւնքը։

Արդարեւ <Հայկական երեկոյ> անուան տակ  բեմադրութիւնը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։ Ան բաղկացած էր երկու բաժիններէ, առաջինով պալէի մեծ վարպետ և Պ. Այրէսի աշխարհահռչակ Գոլոն Թատրոնի մէջ երկար տարիներ  հանդէս եկած իբրև գլխաւոր պարող, իսկ այժմ գեղարուեստական ղեկավար, Վահրամ Համբարձումեանը մարմնաւոեց Մեծն Կոմիտաս վարդապետի կեանքի չարափաստիկ Ապրիլ 24-ի վերջին գիշերը, սքանչելի բեմադրութեամբ և իր մտայղացման իբրև արդիւնք յուզումի և ցասումի վայրկեաններ ապրեցանք, իրեն կ՛ընկերանար <Լռութեան մեղեդին> Գոլոն Թատրոնի պալէթի մենակատարներէն Մակտալէնա գորթէսը։ Երկու արուեստագէտնները իրենց  ապրումները այնքան լաւ դրսեւորեցին որ արդարօրէն արժանացան հանդիսատեսի երկար ծափողջիւններուն։

Երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ նուիուած էր Համազգայինի Շիրազ պարախումբի ելոյթին։ Մեր տղաքն ու աղջիկները մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստուած էին և անհամբեր կը սպասէին անոր գործադրութեան, այդպէս ալ եղաւ։ Ժպտադէմ և երջանիկ տրամադրութեամբ պարախումբի բոլոր անդամները, իրենց լաւագոյն վայրեանները ապրեցան և կարողացան փոխանցել այն սէրը որ կը տածեն մեր ժողովրդական պարի նկատմամբ, անշուշտ կարմիր թելի պէս իւրքաչիւր պարի հետ կ՛զգացուեր հմուտ պարուցոյց մայէսթրօ վահրամ Համբարձումեանի աշխատանքը որ, այդ սիրողական համոյթը իսկապէս մօտեցուցած է արհեստավարժութեան։

Այստեղ պէտք է արժանին մատուցել պարուսոյց Գաթիա Զագարեանի որ, ստանցնած է փոքրիկ պարողները մարզելու և մեծ բեմ բարձրացնելու պարտականութիւնը։ Այս ելոյթի ընթացքին գրեթէ մանուկներէ բաղկացած փոքրիկ խումբը, ներշնջեց մեզի որ մօտիկ ապագան ապահուած է։

Կարօ Հէքիմեան