Համբարձումեան. “Նոր Հայաստանի մէջ արդարադատութիւնը որեւէ պարագայի պէտք չէ կողմնակալ ըլլայ”

06 de agosto de 2018
Արսէն Համբարձումեան

Արսէն Համբարձումեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի 45 պատգամաւորներ անձնական երաշխաւորութիւն յայտնած են` Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի կալանքը փոխելու համար:

Այս գծով Դաշնակցութեան տեսակէտը ունենալու նպատակով «Երկիր» զրուցած է ՀՅԴ  Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի հետ, որ դիտել տուած է որ. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը որեւէ անպատեհութիւն չի տեսներ, որ Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւորները միանան Ռոպէրթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու ստորագրահաւաքին: Այս մօտեցումը մեր յայտարարութեան տրամաբանութեան պարունակին մէջ է», ըսած է Համբարձումեան:

Ըստ անոր, 1 Մարտի  գործը պէտք է բացայայտուի ամբողջութեամբ` առարկայական, անաչառ եւ համակողմանի քննութեամբ, այդ իրադարձութիւններուն առնչուած անխտիր բոլոր կողմերուն ներգրաւումով եւ ոչ  միայն մէկ կողմի:

«Այս առումով Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ օրուան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու առաջադրուած մեղադրանքները եւ ընտրուած խափանման միջոցները կու տան ընտրովի արդարադատութեան եւ կողմնակալ քննութեան տպաւորութիւն: Եւ ասիկա մտահոգիչ է: Խնդիրը Ռ. Քոչարեանի եւ միւսներուն մեղաւոր կամ անմեղ ըլլալը չէ: Օրէնքին առջեւ բոլորն ալ հաւասար են: Եւ մեղաւորութեան ապացուցման պարագային բոլորը պէտք է պատժուին, բայց նոր Հայաստանի մէջ արդարադատութիւնը որեւէ պարագայի պէտք չէ կողմնակալ ըլլայ», եզրափակած է Արսէն Համբարձումեան: