Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919)

Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան կերտիչը, Հայոց ժամանակակից պետականութեան հիմնադիրը.

03 de febrero de 2018

Aram_Manukian29 ­Յու­նո­ւա­րի օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ մա­հո­ւան 99րդ ­տա­րե­լի­ցը իր մե­ծա­նուն զա­ւակ­նե­րէն ԱՐԱ­Մի, որ հա­յոց հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ ան­մա­հա­ցած է եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի սրտին ու մտքին մէջ ան­խոր­տա­կե­լի իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած է իբ­րեւ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան կեր­տիչն ու հա­յոց ազ­գա­յին ժա­մա­նա­կա­կից պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դի­րը։

Յու­նո­ւար 1919ի այս­պի­սի օր մը, Ե­րե­ւա­նի իր ան­շուք բնա­կա­րա­նին մէջ, ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը հա­րո­ւա­ծած բծա­ւոր տի­ֆէ վա­րա­կո­ւած ու մարմ­նա­պէս լրիւ հիւ­ծած՝ ցա­ւոտ, այ­լեւ մար­տու­նա­կու­թեամբ բո­ցա­վառ իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց Ա­րամ ­Մա­նու­կեան։

Ա­րա­մի մա­հով՝ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յան­կարծ զրկո­ւե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ներ­քին միաս­նու­թիւ­նը շա­ղա­խող ու յա­ռաջ մղող ա­ռաջ­նոր­դէն, յա­նուն ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան՝ ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը Ա­րա­րա­տի հզօ­րու­թեամբ եւ վե­հու­թեամբ ոտ­քի բարձ­րաց­նող քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի կեն­դա­նի, ա­ռինք­նող մարմ­նա­ւո­րու­մէն։

Ա­րամ իր պա­տա­նե­կան տա­րի­քէն նե­տո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար ան­խոնջ պայ­քա­րի ու ան­վե­հեր կռո­ւի դաշտ, ամ­բողջ կեան­քը զո­հա­բե­րեց այդ նպա­տա­կին եւ հա­յոց լեռ­նե­րու ա­մե­հի ու խրոխտ կարծ­րու­թեամբ եւ տո­կու­նու­թեամբ թրծո­ւած իր նկա­րագ­րով, գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ ու մար­տու­նա­կու­թեամբ՝ ինք­նու­րոյն իր դրոշ­մը դրաւ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան վրայ։

Միայն քա­ռա­սուն տա­րի ապ­րե­ցաւ ան­զու­գա­կան Ա­րա­մը, բայց սկսե­լով ­Շու­շիէն, անց­նե­լով ­Կար­սէն ու ­Վա­նէն եւ վեր­նա­կա­նա­պէս հանգ­րո­ւա­նե­լով Ե­րե­ւան՝ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ­Գա­ղա­փա­րի ­Մար­տի­կը, հայ ժո­ղո­վուր­դի պե­տա­կան վե­րած­նուն­դին Ազ­գա­յին ­Ղե­կա­վա­րը եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Դաշ­նակ­ցա­կան ­Կեր­տի­չը հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց ներշնչ­ման ան­խառն ու անս­պառ աղ­բիւր հան­դի­սա­ցող ար­ժա­նա­ւոր վարք ու գործք Ա­րու­թեան։

Ա­րա­մի հե­րո­սա­պա­տու­մին գա­գաթ­նա­կէ­տը եւ, միան­գա­մայն, խտա­ցու­մը հան­դի­սա­ցաւ Դեկ­տեմ­բեր 1917ի ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ­Պա­հը։ ­Պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղաշրջ­ման հե­տե­ւան­քով եւ Լե­նի­նի ան­փա­ռու­նակ կո­չով՝ ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի մեր հո­ղե­րուն վրայ իր տի­րա­կա­լու­թիւ­նը հաս­տա­տած ռու­սա­կան զօր­քը լքեց ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը ու խու­ժա­նա­վա­րի դէ­պի ­Ռու­սաս­տան փու­թաց, ցե­ղաս­պան թրքա­կան զօր­քին խու­ժու­մին դէմ ան­պաշտ­պան ձգե­լով հա­յու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին բե­կոր­նե­րը։ Աս­տե­ղա­յին այդ ­Պա­հուն էր, ա­հա՛, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ խցկուած շի­նա­կան, այ­լեւ գաղ­թա­կան հա­յու­թիւ­նը եւ հայ կա­մա­ւո­րա­կան ջո­կատ­նե­րը ի­րենց հա­յեաց­քը յա­ռե­ցին Ա­րա­մի ուղ­ղու­թեամբ, «դիկ­տա­տոր» հռչա­կե­ցին ողն ու ծու­ծով ժո­ղովր­դա­վար եւ ըն­կեր­վա­րա­կան Ա­րա­մը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան օր­հա­սա­կան բախ­տո­րոշ, այ­լեւ պատ­մա­կերտ ու հայ­րե­նա­կերտ կռո­ւին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վստա­հե­ցան Ա­րա­մի ան­յող­դողդ ­Կամ­քին եւ ­Մար­տու­նա­կու­թեան։
Եւ Ա­րամ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ղե­կա­վա­րեց ա­ւե­լի քան հինգ ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րած հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան վե­րած­նուն­դի այդ օր­հա­սա­կան կռիւ­նե­րը՝ Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սէ­յի հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րով պսա­կե­լով ար­դի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տումն ու հա­յոց ազ­գա­յին եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նադ­րու­թիւ­նը։

Նո­րան­կախ մեր պե­տա­կա­նու­թեան դար­բինն ու ո­գին՝ Ա­րամ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր անձ­նո­ւէր ու ան­խար­դախ նկա­րագ­րով եւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան յե­ղա­փո­խա­շունչ սկզբունք­նե­րով. ­Սար­դա­րա­պա­տեան հե­րո­սա­մարտ­նե­րը կեր­տած «­Դիկ­տա­տոր»ի իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը վար դրաւ եւ վար­չա­պետ Յ. ­Քա­ջազ­նու­նիի գլխա­ւո­րած անդ­րա­նիկ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ստանձ­նեց ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Բուն ա­նու­նով ­Սեր­գէյ ­Յով­հան­նի­սեան՝ Ա­րամ դիւ­ցազ­նա­կան ­Զան­գե­զու­րի զա­ւակ է, ծնած է 1879ին, ­Ղա­փա­նի ­Զէյ­վա գիւ­ղը։ Ա­ւար­տած էր ­Շու­շիի ­Թե­մա­կա­նը, որ ժա­մա­նա­կի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­ւոր­ման հնոց էր։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու սիրտ չու­նե­ցաւ Ա­րամ, ո­րով­հե­տեւ Երկ­րի ­Կան­չը պա­տա­նի տա­րի­քէն ար­դէն գրա­ւած էր ա­նոր միտքն ու հո­գին։

Aram Manukian 2Թե­մա­կա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան շրջա­նին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դա­մագ­րո­ւած, Ա­րամ 1901ին ու­ղար­կուե­ցաւ ­Պա­քու՝ Անդր­կով­կա­սի նաւ­թա­յին կեդ­րո­նի հայ պան­դուխտ բա­նո­ւոր­նե­րուն ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան պատ­րաս­տու­թեան ու կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին լծո­ւե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ ­Թէեւ Ա­րա­մի սիր­տը Եր­կիր անց­նե­լու գա­ղա­փա­րա­կան հու­րով կ’այ­րէր՝ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան կեն­դա­նի պայ­քա­րին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մով, բայց ­Պա­քո­ւի Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէն նա­խընտ­րեց իր մօտ պա­հել գա­ղա­փա­րա­կան խոր հա­մո­զում­նե­րու տէր եւ կազ­մա­կեր­պա­կան մեծ շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած ե­րի­տա­սարդ Ա­րա­մը, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կէ դէ­պի Եր­կիր ուխ­տա­ւոր­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծը։

1903ին Ա­րամ յա­ջո­ղե­ցաւ անց­նիլ ­Կարս՝ հոն­կէ Եր­կիր մուտք գոր­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։ Բայց ­Կար­սի Հ­նո­ցը ղե­կա­վա­րող ­Դաշ­նակ­ցու­թեան օ­րո­ւան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւս նա­խընտ­րե­ցին ի­րենց մօտ պա­հել հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իր շուրջ հա­մախմբե­լու եւ գոր­ծի լծե­լու բնա­ծին տա­ղան­դով ա­ռանձ­նա­ցող գոր­ծի­չին։ Ա­րամ տա­րի մը մնաց ­Կարս, բայց տա­րաւ այն­քան գործ՝ սահ­մա­նը անց­նող­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան ու մար­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան եւ զէն­քի փո­խադ­րու­թեան գոր­ծի ար­դիւ­նա­ւոր կազ­մա­կերպ­ման ի­մաս­տով, որ «­Կար­սի ­Սեր­գէյ»ի հռչա­կով պսա­կո­ւե­ցաւ ա­նոր դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նը։

1904ին վեր­ջա­պէս ար­տօ­նո­ւե­ցաւ Ա­րա­մին, որ սահ­մա­նը կտրէ դէ­պի ­Վան՝ հոն­կէ ­Սա­սուն անց­նե­լու հա­մար։ ­Բայց դար­ձեալ կեան­քը տար­բեր դա­սա­ւո­րում ստա­ցաւ։ ­Վա­նե­ցիք ամ­րօ­րէն փա­րե­ցան ար­դէն Ա­րամ ա­նու­նով մկրտո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծի­չին, որ այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ 1916 թո­ւա­կա­նը, շատ կարճ ընդ­հա­տու­մով, ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի մէջ։

Վա­նի մէջ գոր­ծու­նէու­թեան այդ եր­կա­րա­տեւ շրջա­նը Ա­րա­մի կեան­քին ա­ռանց­քա­յին բա­ժի­նը կազ­մեց՝ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չի ա­նոր մեծ վաս­տա­կին ամ­րա­կուռ պա­տո­ւան­դա­նը հան­դի­սա­նա­լով։

Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. ­Դու­րան-­Վաս­պու­րա­կա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ, այ­լեւ ողջ Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան մօտ Ա­րամ տա­րա­ծեց ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր դա­ւա­նե­լու, հա­մա­հայ­կա­կան ու հա­սա­րա­կաց շա­հի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­մէն սկզբուն­քէ եւ օ­րէն­քէ վեր դա­սե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ուս­մուն­քը։ Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան աչ­քին փու­շը դար­ձած Ա­րա­մին որ­քան ա­տե­ցին, այն­քան ալ պատ­կա­ռան­քով յար­գե­ցին ­Վան ե­կած ու գա­ցած թուրք թէ քիւրտ իշ­խա­նա­ւոր պէ­կերն ու փա­շա­նե­րը։ Այն աս­տի­ճան, որ նոյ­նինքն թշնա­մին Ա­րա­մի մէջ տե­սաւ իր մե­ծա­գոյն ա­խո­յեա­նը եւ «­Փա­շա» ա­նո­ւա­նեց զայն։

Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ պատ­մա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րով յղի այդ եր­կար ժա­մա­նակշր­ջա­նին, Ա­րամ դար­ձաւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան ուժն ու կամ­քը մարմ­նա­ւո­րող ան­վի­ճե­լի ղե­կա­վա­րը։ Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման եւ պե­տա­կան տա­րո­ղու­թեամբ են­թա­կա­ռոյ­ցի ստեղծ­ման ա­ռու­մով՝ Ա­րամ բախ­տո­րոշ ­Գործ կա­տա­րեց վա­նի մէջ։ Ար­գա­սի­քը ե­ղաւ 1915ի ­Վա­նի հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ո­գին եւ հուժ­կու բռունցքն էր Ա­րամ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ռու­սա­կան զօր­քին ու հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու յաղ­թա­կան մուտ­քէն ետք, Ա­րամ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Վա­նի կա­ռա­վա­րիչ, ար­ժա­նա­նա­լով ոչ միայն վա­նե­ցի­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դին վստա­հու­թեան, այ­լեւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հիաց­մուն­քին։

Բայց յատ­կա­պէս Ա­րա­մի ե­րե­ւա­նեան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ տե­սա­նե­լի ու ճա­ռա­գայ­թող է ազ­գա­յին եւ պատ­մա­կան ա­ռու­մով ա­նոր մե­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։

1917ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին իր Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մին­չեւ 29 ­Յու­նո­ւար 1919ի իր վախ­ճա­նը, Ա­րամ ­Մա­նու­կեան բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տի ողջ հա­յու­թեան մար­տու­նա­կու­թեան խտա­ցեալ մարմ­նա­ւո­րու­մը հան­դի­սա­ցաւ։ Որ­բի եւ ող­բի, գաղ­թա­կա­նու­թեան եւ յու­սալ­քու­մի, ար­շա­ւող թուր­քէն սար­սա­փա­հար եւ դէ­պի Ռու­սաս­տան հա­յեաց­քը յա­ռած ցա­նուց­րիւ հա­յու­թե­նէն, ա­միս­նե­րու վրայ տա­րա­ծո­ւող իր տեն­դոտ աշ­խա­տան­քով եւ բազ­մու­թիւն­ներ գե­րե­լու եւ ի մի բե­րե­լու, հա­մախմբե­լու եւ կազ­մա­կերպ ամ­րո­ցի վե­րա­ծե­լու իր տա­ղան­դով՝ Ա­րամ շունչ եւ մար­մին տո­ւաւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին, ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ Ղա­րա­քի­լի­սէ­յի յաղ­թա­կան հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն։

Ա­հա թէ ին­չո՛ւ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր, որ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան օր­հա­սա­կան այդ պա­հուն՝ Ե­րե­ւա­նի հա­յու­թիւ­նը «­Դիկ­տա­տոր» կար­գեց Ա­րա­մին եւ ա­նոր վստա­հե­ցաւ ազ­գա­յին իր ճա­կա­տագ­րին դարբ­նու­մը։ Ա­րամ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ի­րա­գոր­ծեց իր ու­սե­րուն վրայ դրո­ւած ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ դար­ձաւ հիմ­նա­դի­րը Հա­յոց ­Պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։

Ա­րա­մի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան նո­ւի­րո­ւած ծա­ւա­լուն իր մե­նագ­րու­թեան մէջ, անդ­րա­դառ­նա­լով Ե­րե­ւա­նի ­Յա­տուկ ­Կո­մի­տէի ղե­կա­վար­ման շրջա­նին, Ար­շա­լոյս Աս­տո­ւա­ծատ­րեան կը վկա­յէ, թէ ինչ­պէ՛ս 5 ­Յու­նո­ւար 1918ին, ­Սուրբ Ծ­նուն­դի օ­րե­րուն, յա­նուն Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին Ա­րամ ընդ­հա­նուր զօ­րա­կոչ յայ­տա­րա­րեց եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը, Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծ­նուն­դի իր ա­ւան­դա­կան տօ­նախմ­բու­թեանց վերջ տա­լով, յօ­ժա­րա­կամ փու­թաց տէր կանգ­նե­լու ազ­գա­յին իր պար­տա­ւո­րու­թեանց։ Այդ ա­ռի­թով ար­ձա­նագ­րո­ւած է Ա­րա­մի վար­քա­գիծն ու մտա­ծո­ղու­թիւ­նը պար­զող հե­տե­ւեալ յուշ-պատ­գա­մը.-
«Այս­պի­սի պայ­ման­նե­րում,- ա­սաց նա,- մեր ժո­ղո­վուր­դը հրաշք­ներ կա­րող է գոր­ծել։ Շատ ան­գամ ա­ռիթ­ներ եմ ու­նե­ցել նկա­տե­լու, որ մեր գիւ­ղա­ցուն պար­տա­ճա­նա­չու­թեան զգա­ցու­մը հա­րա­զատ է։ ­Գի­տակ­ցու­թեան նշան է այդ։ Ազ­գա­յին ­Խորհր­դի մի կո­չը բա­ւա­րար է, որ նա իր հա­մար այդ ա­զիզ օ­րին թող­նի տուն ու տեղ եւ շտա­պի զէն­քի տակ, երբ ստի­պո­ղա­կան, հար­կադ­րա­կան ո­չինչ չկայ։ ­Մինչ­դեռ ռուս կա­ռա­վա­րու­թեան զօ­րա­կո­չը գլուխ էր գա­լիս ահ ու սար­սա­փի ազ­դե­ցու­թեան տակ։

«Այ­սօր Օ­շա­կա­նից ինձ մի այս­պի­սի դէպք պատ­մե­ցին։ Երբ Ազ­գա­յին ­Խորհր­դի կո­չը հաս­նում է գիւղ, զի­նա­կո­չի են­թա­կայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պատ­րաս­տու­թիւն­ներ են տես­նում ­Վա­ղար­շա­պատ գա­լու՝ ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու հա­մար։ ­Գիւ­ղի ու­նե­ւոր­նե­րից մէ­կը, որ ամ­բողջ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քում իր որ­դուն զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով ա­զա­տել էր զօ­րա­կո­չից, Ազ­գա­յին ­Խորհր­դի կո­չը կար­դա­լով՝ կան­չում է որ­դուն եւ ա­սում.- «­Բա­լա, էլ Աս­տո­ւած ինձ ղա­բուլ չի ա­նի, որ պա­հո­ւես։ ­Պատ­րաս­տո­ւիր եւ Աս­տո­ւած հետդ, բա­րի ճա­նա­պարհ, ո՛չ ո­քից յետ չմնաս։

«- Ես մի բա­նից եմ վա­խե­նում,- շա­րու­նա­կեց Ա­րա­մը,- վա­խե­նում եմ՝ մենք սե­ւե­րես դուրս գանք մեր ժո­ղովր­դի առ­ջեւ, չկա­րո­ղա­նանք կազ­մա­կեր­պել գոր­ծը եւ կորց­նենք նրա հա­ւատն ու վստա­հու­թիւ­նը»։

Ա՛յս աս­տի­ճան պարտ­քի եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մով սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին պաշ­տող Ա­րա­մը ան­տա­րա­կոյս պի­տի յա­ջո­ղէր իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ եւ այդ­պէս ալ ե­ղաւ։ Հայ ժո­ղո­վուր­դը մէկ մար­դու պէս ըն­դա­ռա­ջեց Ա­րա­մի պատ­մա­կան կո­չին, իսկ ինք՝ հա­յոց ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին ան­զու­գա­կան ղե­կա­վա­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ա­ռաջ­նոր­դեց հա­յու­թիւ­նը դէ­պի հայ­րե­նա­կերտ յաղ­թա­նակ։

Ա­րա­մի ան­փո­խա­րի­նե­լու­թեան խոր հա­մո­զու­մը ու­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դի ռազ­մա­կան տա­ղան­դին բա­ցա­ռիկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն զօ­րա­վար ­Սի­լի­կեան, որ ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը ե­ղաւ։

Երբ 1917ի ձմեռ­նա­մու­տին ­Թիֆ­լի­սի մէջ բուռն քննար­կում­ներ տե­ղի կ­’ու­նե­նա­յին ռու­սա­կան բա­նա­կին կող­մէ լքո­ւած հայ-թրքա­կան սահ­մա­նին հա­մար ­Զի­նո­ւո­րա­կան Վա­րի­չի պաշ­տօ­նին յար­մար թեկ­նա­ծու գտնե­լու հար­ցին շուրջ, Ա­րա­մի նշա­նակ­ման ընդ­դի­մա­ցող եւ փո­խա­րէ­նը իր անձ­նա­կան թեկ­նա­ծու­թեան վրայ պնդող շրջա­նակ­նե­րուն զօր. ­Սի­լի­կեան կը պատ­գա­մէր.-

«Դժ­գոհ­նե­րը չեն ճա­նա­չում Ա­րա­մին։ Երբ ճա­նա­չեն, կը հա­մո­զո­ւեն, որ ներ­կա­յումս նա ՄԻԱԿ կա­րող մարդն է այդ պաշ­տօ­նին հա­մար։ Ես ին­չո՞ւ եմ հրա­ժար­ւում. ո­րով­հե­տեւ մէկ է՝ ես ինքս ա­ռանց Ա­րա­մի ո­չինչ չեմ ա­նե­լու։

Ես այժմ էլ ա­ռանց Ա­րա­մի հետ խորհր­դակ­ցե­լու՝ ոչ մի կա­րե­ւոր քայլ չեմ առ­նում. իսկ վա­րի­չի պաշ­տօ­նը յանձն առ­նե­լու պա­րա­գա­յում, գրա­սե­նեակս տե­ղա­փո­խե­լու եմ նրա մօտ։ Ոչ մի զի­նո­ւո­րա­կան վե­րար­կու ո՛չ ո­քի չի տայ այն՝ ինչ որ ու­նի Ա­րա­մը»։

Այ­սօ­րի­նակ ազ­գա­յին ղե­կա­վար ու քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նորդ էր Ա­րամ եւ կեն­սա­գիր­նե­րը միա­հա­մուռ կը վկա­յեն, որ ե­թէ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւ­նը չկտրէր կեան­քի թե­լը Ա­րա­մին, հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այս հսկան ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար նաեւ ա­ռող­ջաց­նե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հի­մե­րը՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան միաս­նու­թեան եւ կեն­սու­նա­կու­թեան ներ­քին շա­ղա­խը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կամքն ու ու­ժը ջլա­տող ցե­ցե­րու դէմ պայ­քա­րի մեծ գործ կար տա­կա­ւին եւ յատ­կա­պէս Ա­րամ ի վի­ճա­կի էր պա­տո­ւով յաղ­թա­կան իր ա­ւար­տին ա­ռաջ­նոր­դե­լու այդ պայ­քա­րը։

99 տա­րի­ներ ան­ցած են Ա­րա­մի տա­րա­բախտ վախ­ճա­նէն աս­դին, բայց ա­նոր լու­սա­ւոր կեր­պա­րը, գա­ղա­փա­րա­կան շուն­չը եւ հայ­րե­նա­կերտ գոր­ծը կը շա­րու­նա­կեն սե­րունդ­նե­րը ներշն­չել ու դաս­տիա­րա­կել՝ հա­յոց Ազ­գի, ­Հայ­րե­նի­քի եւ ­Պե­տա­կա­նու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնո­ւե­լու ան­վե­հեր ­Յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ներշնչ­ման աղ­բիւր չու­նե­նալ լու­սա­ւոր օ­րի­նա­կը Ա­րա­մի, որ ա­ռի­թով մը, հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին պայ­քա­րու­նա­կու­թեան եւ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեանց պատ­րաստ գտնո­ւե­լու գաղտ­նի­քը վեր­ծա­նե­լով՝ օ­րագ­րա­յին իր գրա­ռում­նե­րուն մէջ պի­տի պատ­գա­մէր.-

«Ես չէի կա­րո­ղա­նում հաս­կա­նալ այն մեծ գաղտ­նի­քը, այն մեծ ու­ժը, որ սո­վո­րա­կան մարդ­կանց, շատ ան­գամ կրթու­թիւն չու­նե­ցող­նե­րին, գիւ­ղա­ցի­նե­րին, ստի­պում էր տա­րի­ներ շա­րու­նակ անտր­տունջ հան­դուր­ժել այս տա­ռա­պանք­նե­րին։
Մ­տա­ւո­րա­կան­նե­րի հա­մար ա­սում էին ի­տէալն ու գա­ղա­փա­րա­կա­նու­թիւնն է, իսկ միւս­նե­րին մնում էր ըն­դու­նել հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը, որն ու­նէր եւ գաղտ­նի, ա­նըմբռ­նե­լի ուժ՝ այդ­քա՜ն զո­հա­բե­րու­թիւն­ներ վերց­նող»։

Այդ մեծ գաղտ­նիքն ու ան­սա­կարկ ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան հրա­շա­զօր ու­ժը մարմ­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ վա­րա­կիչ դար­ձաւ Ա­րա­մի պայ­ծա­ռա­գոյն կեր­պա­րով՝ ան­մա՛հ ա­ւան­դով։

Նազարէթ Պէրպէրեան


Diario Armenia

Apenas unos pocos años después del genocidio sufrido por nuestro pueblo en manos del imperio turco-otomano, y en un contexto mundial por demás comprometido, un grupo de refugiados armenios se unió y gran sacrificio logro crear un periódico para que sirviera no sólo para difundir información sino también para preservar la cultura y las tradiciones armenias, además de cumplir un rol social por demás importante.

El Diario Armenia vio la luz por primera vez el 24 de Abril de 1931 y desde entonces no dejó de cumplir todas y cada una de las metas que le impusieron sus fundadores.
Armenia 1366 PB - (1414) Buenos Aires // Tel: 11-2863-6327
Diario Armenia 2014 - Autoriza la reproducción del material nombrando la fuente con link, bajo leyes de copyright.     Desarrollo Fenix Design