Հա­յաստա­նի հա­մալսա­րա­նը՝ 100 տա­րե­կան

01 de octubre de 2019

Ե­րեւա­նի պե­տա­կան հա­մալսա­րա­նը նշեց իր հիմնադրութեան հա­րիւրա­մեա­կը:
Ա­տե­նին, Թուրքիոյ վե­րա­նո­րո­գումը հե­տապնդող թրքա­կան ազգայնա­կան շարժումի` Հա­յաստա­նի դէմ շղթա­յա­զերծած պա­տե­րազմին պարտուած հայկա­կան ուժե­րը, յա­ջո­ղութեամբ դի­մադրե­ցին ա­րեւե­լեան Հա­յաստանն ալ գրաւե­լու ա­նոնց փորձե­րուն: Այդ յաղթա­նակնե­րով ա­նոնք, դա­րեր տեւած ստրկութե­նէն ետք, կերտե­ցին նո­րա­գոյն ժա­մա­նակնե­րու հայկա­կան պե­տա­կան կա­ռոյցը՝ Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը: Տա­րի մը ետք արդէն, կա­ռա­վա­րութեան ո­րո­շումով, հի­մը կը դրուէր ԵՊՀի ա­ռա­ջին տարբե­րա­կին՝ Հա­յաստա­նի Հա­մալսա­րա­նին: Քաո­սա­յին այդ օ­րե­րուն ինչպէ՞ս կա­րե­լի էր մտա­ծել, որ Հա­յաստա­նը կրնար օր մը ունե­նալ մէ­կէ աւե­լի հա­մալսա­րաններ:
Հա­մալսա­րա­նի ի­րո­ղա­կան հիմնա­դի­րը հանրա­պե­տութեան կրթութեան եւ ա­րուեստի նա­խա­րար Նի­կոլ Աղբա­լեանն էր. ան արդէն հա­մազգա­յին ճա­ռա­գայթում ունե­ցող հանրա­ծա­նօթ մտաւո­րա­կան էր: Աչքի զառնող գրաքննա­դատ, Սա­յաթ Նո­վա­յի մասնա­գէտ, հա­յոց ա­զա­տագրա­կան պայքա­րին մէջ նե­տուած ազգա­յին գործիչ, ե­րի­տա­սարդ տա­ղանդներ՝ բա­նաստեղծներ ու ընդհանրա­պէս գրա­գէտներ յայտնա­բե­րող, իր գա­ղա­փա­րա­կան հա­կա­ռա­կորդ ե­րի­տա­սարդ բա­նաստեղծ Ե­ղի­շէ Չա­րենցը իր ղե­կա­վա­րած նա­խա­րա­րութեան մէջ հո­վա­նաւո­րութեան տակ ա­ռած Նի­կոլ Աղբա­լեա­նը, Հա­յաստա­նի խորհրդայնա­ցումէն ետք պարտաւո­րուե­ցաւ աքսո­րա­կան դառնալ ա­զա­տե­լու հա­մար նոր իշխա­նութիւննե­րու մա­հա­բոյր հա­լա­ծանքնե­րէն:
31 յունուար 1920ին, Ա­լեքսանդրա­պո­լի մէջ, տե­ղի ունե­ցաւ Հա­յաստա­նի Հա­մալսա­րա­նի պաշտօ­նա­կան բացման հանդի­սութիւնը. ա­նոր հիմնումը շուրջ ութ ա­միսներ ա­ռաջ յայտա­րա­րուած էր կա­ռա­վա­րա­կան հրա­մա­նագրով: Հանդէ­սի ա­ռի­թով հրա­պա­րա­կուած էր միօ­րեայ թերթ՝ «Հա­յաստա­նի հա­մալսա­րան» ա­նունով: Կրթութեան եւ ա­րուեստի նա­խա­րար Նի­կոլ Աղբա­լեա­նի խօսքին մէջ յատկանշա­կան էր հե­տեւեալ նա­խա­դա­սութիւնը.
«Այն ջա­հը, որ մենք վա­ռում ենք այսօր Հա­յաստա­նի բարձրաւանդա­կի վրայ, չի հանգչի երբեք եւ կը լուսաւո­րէ Ա­ռա­ջաւոր Ա­սիան»: Իսկ Հա­յաստա­նի մէջ Մեծն Բրի­տա­նիոյ ներկա­յա­ցուցիչ՝ Ճոն Օ­լի­վըր Ուորտրո­պը ը­սաւ՝ «Ես կարծում եմ, որ ա­ռա­ջին հա­մալսա­րա­նի բա­ցումը նոյնքան կա­րեւոր է, որքան անկա­խութիւնը»*:
Նի­կոլ Աղբա­լեա­նի պաշտօ­նա­վա­րութեան օ­րով վա­ռած ջա­հը կը շա­րունա­կէ իր շուրջը լոյս սփռել դար մը ետք իր կրա­կի ուժգնութեան տա­րե­րա­յին ե­լեւէջնե­րով, պայմա­նաւո­րուած՝ երկրի քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան ու ա­պա­հո­վա­կան փո­փո­խութիւննե­րու տե­սա­կէն եւ կրթութեան ո­լորտին վրայ ա­նոնց գործած ազդե­ցութե­նէն: Այսօր Հա­յաստա­նի կրթա­գի­տա­կան մարզը դժբախտա­բար իր լաւա­գոյն օ­րե­րը չ՛ապրիր, բայց ա­նոր անցեա­լը անկասկած ե­րաշխիք մըն է փայլուն ա­պա­գա­յի մը ի­րա­կա­նացման:
Վերջին նա­խա­տե­սութիւնը մեր օ­րե­րուն զգա­լի կերպով արտա­յայտուող հայկա­կան դա­տարկ մե­ծամտութեան մը հերթա­կան արտա­յայտուիւնը չէ, այլ դեռ մօ­տաւոր անցեա­լի անհերքե­լի տուեալնե­րու վրայ հիմնուած վարկած մը, որ կրնայ ի­րա­կա­նութիւն դառնալ մօ­տաւոր անցեա­լի տա­կաւին տե­սա­նե­լի հետքե­րուն հե­տեւե­լով: Անհերքե­լի է նաեւ Ճ.Օ. Ուորտրո­պի արտա­յայտութիւնը, ո­րովհե­տեւ անկա­խութիւնը կա­յա­նա­լէն ետք կա­րե­լի է զայն պահպա­նել միայն լաւ պատրաստուած սե­րունդնե­րով:
Գի­տա­կան խորհուրդի պաշտօ­նա­կան նիստի ընթացքին հաստա­տուած «ա­կա­դե­մա­կան ա­զա­տութեան> մա­սին յայտա­րա­րութեան մէջ տեղ մը կը խօ­սուի հա­մալսա­րա­նի ա­պա­քա­ղա­քա­կա­նացման մա­սին: Եզրը յայտա­րա­րութեան գրութեան մէջ բաւա­րար չա­փով բա­ցատրուած չէ, այդ պատճա­ռով ալ կրնայ թիւրի­մա­ցութիւննե­րու ա­ռաջնորդել: Յայտա­րա­րութիւնը խմբագրողնե­րը վստա­հա­բար ը­սել կ’ուզեն, թէ հա­մալսա­րա­նը մէկ քա­ղա­քա­կան ուժի հա­կակշռի տակ պէտք չէ ըլլայ, նոյնիսկ երբ ա­նոր ղե­կա­վա­րութեան կազմաւորման մէջ երկրի կա­ռա­վա­րումը ստանձնած քա­ղա­քա­կան ուժը, բնա­կա­նօ­րէն, այդ ուղղութեամբ հասկնա­լի ա­ռաւե­լութիւններ վա­յե­լե­լու դիրքի մէջ կը գտնուի: Սա­կայն, ա­մէն պա­րա­գա­յի, հա­մալսա­րա­նը այն վայրն է, ուր ե­րի­տա­սարդ ուսա­նո­ղը պի­տի ստա­նայ քա­ղա­քա­կա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան դաստիա­րա­կութիւնը: Այստեղ երկխօ­սութեան ու վի­ճա­բա­նութեան մի­ջա­վայր է, ի­րա­րու հետ ա­զատ, անկաշկանդ ու ազնիւ փոխյա­րա­բե­րութեան մէջ մտնե­լու մթնո­լորտ կայ: Մէկ խօսքով՝ երկրի ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րող ա­ռողջ քա­ղա­քա­կա­նութիւն հա­սունցնե­լու կա­րե­լիութիւններն ու ժա­մա­նա­կը առկայ են:
Հին ժա­մա­նակնե­րուն այդպի­սի վայրե­րու մէջ զարգա­ցած են քա­ղա­քի, այսինքն՝ հա­սա­րա­կա­կան կեանքի ու քա­ղա­քա­կա­նութեան գա­ղա­փարնե­րը Պղա­տո­նով, Սոկրա­տե­սով, Ա­րիստո­տե­լե­սով. նոյնիսկ Դիո­գե­նե­սով՝ որ մեր օ­րե­րու բնա­պահպա­նա­կան շարժումի հիմնա­կան սկզբունքնե­րու տա­րա­զումի նա­խա­կա­րա­պե­տը կա­րե­լի է հա­մա­րել: Անշուշտ ա­կա­դե­մա­կան ա­զա­տութեան գա­ղա­փա­րի առկա­յութիւնը, ա­ռանձին, բաւա­րար չէ գործնա­պէս ե­րաշխաւո­րե­լու այդ ա­զա­տութիւնը. անհրա­ժեշտ է, հա­մալսա­րա­նի յայտա­րա­րագրին մէջ այլ ա­ռի­թով մը ամրագրել նաեւ հա­մալսա­րա­նա­կան տա­րածքնե­րու անձեռնմխե­լիութիւնը կամ ա­պաստա­նը. ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ ոստի­կա­նութիւնը հա­մալսա­րա­նի տա­րածք կրնայ մուտք գործել միայն հա­մալսա­րա­նի գլխաւոր պա­տասխա­նա­տուի բա­ցա­յայտ դի­մումին ընթացք տա­լով:
Նշե­լի է, որ պաշտօ­նա­կան խօսքե­րուն մէջ առհա­սա­րակ բա­ցա­կայ էր Հա­յաստա­նի հա­մալսա­րա­նի գլխաւոր հիմնա­դիր Նի­կոլ Աղբա­լեա­նի ա­նունը՝ իբր այդ: Ա­նոր ա­նունը ներկայ էր հիմնուած հա­մալսա­րա­նի դա­սա­խօսնե­րու ա­ռա­ջին սե­րունդի ցանկին մէջ հա­մալսա­րա­նի ա­ռա­ջին ռեկտոր՝ Եուրի Ղամբա­րեա­նի ա­նունէն ետք: Նի­կոլ Աղբա­լեա­նի ա­նունը իբրեւ հա­մալսա­րա­նի հիմնա­դիր հնչեց միայն մէկ անգամ՝ ԵՊՀ գի­տա­կան խորհուրդի նիստի ընթացքին փրոֆ. Ռ.Մարտի­րո­սեա­նի բերնէն:
Արդար ըլլա­լու հա­մար պէտք է միա­ժա­մա­նակ այստեղ յի­շել, որ Նի­կոլ Աղբա­լեա­նի կի­սանդրին զե­տե­ղուած է ԵՊՀի գլխաւոր մուտքէն անմի­ջա­պէս ետք, ա­ռա­ջին կարգի վրայ՝ աշխարհահռչակ աստղաբնա­գէտ Վիկտոր Համբարձումեա­նին հետ:
Նի­կոլ Աղբա­լեա­նի ա­նունը ե­րի­տա­սարդա­կան, հա­մալսա­րա­նա­կան եւ ընդհանրա­պէս մտաւո­րա­կան շրջա­նակնե­րէ ներս ա­մէն ա­ռի­թով շեշտե­լը ժա­մա­վա­ճա­րութիւն չէ: Մտաւո­րա­կա­նը իր գի­տութեամբ պի­տի ծա­ռա­յէ ա­մե­նէն ա­ռաջ իր հա­րա­զատ հա­սա­րա­կութեան զարգացման ու մշա­կութա­յին վե­րելքին: Այդպէս կը դաւա­նէր Ն.Աղբա­լեան եւ այդպէս էր ինք: Մեր հա­սա­րա­կութիւնը կա­րի­քը ունի մտաւո­րա­կա­նի խօսքին եւ ուղղութեան:
Մեր ընդհա­նուր հա­սա­րա­կութեան սխալնե­րու բազմութիւնն ու բազմա­զա­նութիւնը հաւա­նա­բար, գէթ մա­սամբ, արդիւնք են այդ խօսքի բա­ցա­կա­յութեան: Այդ պատճա­ռով՝ Ն.Աղբա­լեա­նը եւ ընդհանրա­պէս իր տե­սա­կը ընդօ­րի­նա­կե­լի տի­պար է: Ուղեղնե­րը հարկ է հե­տեւո­ղա­կա­նօ­րէն մրճա­հա­րել ի­րենց օ­րի­նա­կով եւ ա­նոնց խօսքով:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻ­ՉԵԱՆ
«Հա­մազգա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կութա­յին միության կենտրո­նա­կան վարչության ա­տե­նա­պետ