Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն ընդունեց

25 de marzo de 2015

parlamento-ArmeniaՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ յայտարարութիւն մը ընդունեց` դատապարտելով Օսմանեան կայսրութեան մէջ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Ազգային ժողովը, արձանագրելով հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու դարերու խորքէն եկող բարեկամական յարաբերութիւնները, կը յայտարարէ, որ կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը:

Յայտարարութիւնը ընդունուած է միաձայնութեամբ. կողմ քուէարկած է 117 պատգամաւոր, դէմ եւ ձեռնպահ քուէարկողներ չեն եղած:

ՀՅԴ-ն Կ՛առաջարկէ 9 դեկտեմբերը հռչակել ցեղասպանութեան դէմ պայքարի օր

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին, երբ կը քննարկուէր «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն եւ լրացում կատարելու մասին հարցը, որով կը նախատեսուի 9 դեկտեմբերը սահմանել իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի միջազգային օր, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան հարցում ուղղած է հիմնական զեկուցող, Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Արտակ Զաքարեանին:

«Հաւանաբար տեղեակ էք, թէ ինչո՛ւ 24 ապրիլը նկատուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: «Հայոց» բառը յատուկ չէ շեշտուած` նկատի առնելով, որ ցեղասպանութիւն ապրած այլ ժողովուրդները կրնան այդ օրը հայերուն հետ յիշել այդ օրը: Այս փոփոխութեամբ կարծես մենք յատուկ կը շեշտենք, որ 24 ապրիլը միայն հայերուն կը վերաբերէր, ատիկա որքա՞ն նպատակայարմար է: Երկրորդ հարցումը` 9 դեկտեմբերը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելը կը նշանակէ, որ մեր հայկական տօնացոյցին մէջ կ՛ունենանք անընդհատ զոհերու մասին վկայութիւն: Այն, որ դուք ատիկա կը կապէք ՄԱԿ-ի հռչակագիրին, այնտեղ զոհերու մասին խօսք չկայ, այնտեղ խօսք կայ պայքարի, կանխարգիլման եւ պատիժի մասին: Այլ խօսքով, ճիշդ չ՛ըլլա՞ր, որ 9 դեկտեմբերը հռչակուի Ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի միջազգային օր», հարց տուած է Արծուիկ Մինասեան` շեշտելով, որ պայքարի օր յայտարարելը աւելի տրամաբանական կ՛ըլլար:

Արտակ Զաքարեան նշած է, որ ՄԱԿ-ի հռչակագիրը ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին կը խօսի: «Քանի որ մեր յիշատակի օրացոյցին մէջ չունինք բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օր, բնականաբար, 9 դեկտեմբերը մեզի կարելիութիւն կու տայ յիշելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու այդ բոլոր ժողովուրդներուն», ըսած է Արտակ Զաքարեան:

Արծուիկ Մինասեան արձագանգած է ըսելով. «Ես այնպէս հասկցայ, որ մեր առաջարկը կը մերժէք: Անգամ մը եւս կարդացէք ՄԱԿ-ի հռչակագիրը, ուր զոհերու մասին խօսք չկայ, ինչո՞ւ մենք արհեստականօրէն կը ձեւաւորենք ատիկա, երբ կրնանք ցեղասպանութիւններու դատապարտման ծիրին մէջ նաեւ յարգել ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը, բայց տօնացոյցին մէջ ունենալ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի երկու օր` առանձնացնելով զանոնք: Ատով կը վնասենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Պէտք է տրամաբանութեան ծիրին մէջ գործենք»:

Արտակ Զաքարեան պատասխանած է. «Տրամաբանութեան ծիրին մէջ է, չէի ուզեր, որ դուք մտածէք, թէ մենք ձեր առաջարկը կը մերժենք, կ՛աշխատինք միասին, կը բարելաւենք օրէնքը»:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան իր կարգին նշած է, որ միշտ կը խօսուի այն մասին, որ ցեղասպանութեան մասին պէտք չէ խօսուի միայն լաց ու կոծի ծիրին մէջ, այլ նաեւ` պայքարի:

«Մենք ունինք հատուցման եւ պայքարի հերոսներ` Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան եւ այլք, որոնք պայքարած են եւ վառ պահած ցեղասպանութեան դէմ պայքարի ոգին: Ձեւակերպումներուն մէջ իսկապէս պէտք է պայքար մատնանշենք` կա՛մ դատապարտման եւ կանխարգիլման օր, կա՛մ ցեղասպանութեան դէմ պայքարի օր», ըսած է Արմէն Ռուստամեան: