Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան ցած համեմատութիւն` 48,63 առ հարիւր

11 de diciembre de 2018
Հետեւեալ Հերթականութեամբ Յառաջատար Են «Իմ Քայլը» Դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» Եւ «Լուսաւոր Հայաստան» Կուսակցութիւնները

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) յայտարարելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն աւարտը, ըսաւ, թէ ընտրութիւններուն մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 48,63 առ հարիւրը:

Առաւօտեան ժամը 4:15-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Հայաստանի ամբողջ տարածքին 2010 ընտրական տեղամասերէ 1545 ընտրական տեղամասերու քուէաթերթիկները հաշուելով, ըստ ոչ պաշտօնական նախնական տուեալներու, հրապարակուած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները: Այս արդիւնքներուն համաձայն,  «Իմ քայլը» դաշինքը ապահոված է քուէներուն 70,26 առ հարիւրը, (630.952 ձայն), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` 8,46 առ հարիւրը (75.985 ձայն), «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը` 6,34 առ հարիւրը (56.909 ձայն), Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը 4,55 առ հարիւր (40.835 ձայն), ՀՅ Դաշնակցութիւնը 4,02 առ հարիւր (36.068 ձայն):

«Ազդակ»-ի խմբագրակազմը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն հետեւեցաւ Հայաստանի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու զարգացումներուն` արագ լրահոսի դրութեան միջոցով անդրադառնալով անոնց:

Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացան Բնականոն Հունով

Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու համար սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներուն մէջ  երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին բացուած են  1998 տեղամասային կեդրոնները:

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան ըսած է. «Այսօր ժամը 8:00-ին սկսած է արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 9 դեկտեմբեր 2018-ի արտակարգ ընտրութիւններու ընտրողներու ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած է 2.592.486 ընտրող», ըսած  է Մուկուչեան:

Մուկուչեանի համաձայն, Հայաստանի մէջ քուէարկութիւնը ապահովելու նպատակով կազմաւորուած են 2010  ընտրատեղամասեր, որոնցմէ 12-ը` քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ:

Առաւօտեան ժամը 08:00-ի դրութեամբ փորձարկուած են բոլոր արհեստագիտական  սարքաւորումները:

Ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն կ՛իրականացնեն 8  միջազգային եւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու 505 միջազգային դէտեր  եւ 17.813 տեղական դէտեր, որոնք կը ներկայացնեն 22 տեղական հասարակական կազմակերպութիւններ: Այցելուի կարգավիճակով քուէարկութեան ընթացքին հետեւելու իրաւունք ստացած են 77 օտարերկրեայ քաղաքացիներ:

Ընտրութիւնները լուսաբանելու նպատակով հաւատարմագրուած են 70 լրատուամիջոցներու 1.200 ներկայացուցիչներ եւ 31 օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու 80 ներկայացուցիչներ», ըսած է Տ. Մուկուչեան:

«Մեղաւորները Պէտք Է Պատասխան Տան` Անկախ Իրենց` Մինչեւ Այսօր Ունեցած Կարգավիճակէն».
Ռուստամեանը` Քոչարեանի Կալանաւորման Մասին

Ընտրութիւններով պայմանաւորուած` ՀՅԴ-ն չէ ուզած քաղաքական յայտարարութիւն կատարել, մանաւանդ` լռութեան օրը: «Հիմա ալ դեռ ընտրական գործընթացներն են, եւ այդ պատճառով է, որ մենք հանգամանալից այդ հարցին չենք անդրադարձած», քուէարկելէ ետք  լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ նախընտրական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ՀՅԴ-ն յայտարարութիւն չկատարեց Հայաստանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման վերաբերեալ, ինչպէս ըրած էր նախապէս:

«Այս փուլին քաղաքական յայտարարութիւններ կատարելը ճիշդ չէր ըլլար, եւ այդ պատճառով մենք ձեռնպահ մնացինք: Հիմա ալ չեմ ուզեր կրկին ինչ որ գնահատականներ տալ` ձգելով հարցը իրաւաբաններուն եւ նախ եւ առաջ` դատարաններուն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ իրենք ուշադրութեամբ պիտի հետեւին գործընթացներուն եւ իրենց գնահատականները պիտի տան:

Ժողովուրդը մեծ ակնկալիքներ ունի այս ընտրութիւններէն եւ յանուն այդ ակնկալիքներու արդարացման, յանուն ժողովուրդը չհիասթափեցնելու, երկրի ապագային եւ յանուն հողին ու հայուն քուէարկած է ՀՅԴ նախընտրական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեանը:

Համբարձումեան. «Պիտի Քուէարկեմ Յանուն Ազգային Նկարագիր
Ունեցող Եւ Ընկերային Մակարդակի Վրայ Արդար Հայաստանի»

«Կրցած ենք կարելի եղածին չափ արդիւնաւէտ քարոզարշաւ  իրականացնել», «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցուցակի 2-րդ հորիզոնականը զբաղեցնող Արսէն Համբարձումեանը:

Թիւ 7/46 ընտրատեղամասին մէջ քուէարկած դաշնակցական թեկնածուն նշեց, որ քարոզարշաւը շատ կարճատեւ էր, այնուամենայնիւ, այդ սահմանափակ ժամանակահատուածին մէջ փորձած են առաւելագոյն ջանք գործադրել, որպէսզի Դաշնակցութեան մօտեցումները, ըսելիքն ու պատկերացումները հասցնեն ընտրողներուն:

«Կը կարծեմ` այդ հարցով յաջողած ենք: Կ՛ակնկալենք գիտակից ընտրութիւն»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յանուն ինչի՞ քուէարկած է, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչը ըսաւ. «Քուէարկած եմ յանուն պատասխանատու պետութեան, յանուն համերաշխ հասարակութեան, յանուն ազգային նկարագիր ունեցող եւ ընկերային մակարդակի վրայ արդար Հայաստանի»:

 

Խաչատրեան. «Քուէարկած Եմ Յանուն Մեր Երեխաներուն»

Ընտրախախտումներու մասին լուրջ ահազանգներ չեն ստացած, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցուցակի 3-րդ հորիզոնականը զբաղեցնող Արթուր Խաչատրեան:

Անդրադառնալով ընտրութիւններուն մասնակցողներու թիւին` ան նշեց, որ ընտրութեան գալէ առաջ տեսած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ասուլիսը, թէ 18:00-ի դրութեամբ ընտրութեան  մասնակցած է ընտրողներու մօտ 40 առ հարիւրը: Անոր համաձայն, մասնակցութեան ցած ցուցանիշը հաճելի չէ, ցանկալի կ՛ըլլար, որ մասնակցութիւնը բարձր ըլլար:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի հարցումին, թէ յանուն ինչի՞ քուէարկած է Արթուր Խաչատրեանը, ան նշեց. «Յանուն այս երեխաներուն, յանուն հողին, յանուն հայու, յանուն հզօր Հայաստանի, յանուն ընկերային մակարդակի վրայ արդար Հայաստանի: Իսկ Հայաստան ըսելով` Հայաստան, Արցախ, հետագային նաեւ` Միացեալ Հայաստան»:

Նիկոլ Փաշինեան Կատարեց Իր Ընտրութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար, «Իմ քայլը» դաշինքի ցուցակը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային ժողովի  արտակարգ ընտրութիւններուն քուէարկեց յանուն ազատ, երջանիկ ու հզօր Հայաստանի: Փաշինեան իր քաղաքացիական պարտքը կատարեց Երեւանի 8/16 ընտրատեղամասին մէջ, ուր եկած էր իր ընտանիքին` կնոջ եւ երեխաներուն հետ:

«Մենք արդէն հասած ենք մեր հիմնական նպատակին: Ասոնք իսկապէս ազատ, թափանցիկ եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններ են: Մեր հիմնական նպատակն էր հասնիլ ժողովրդավարութեան, եւ յաջողած ենք: Ապագային հաստատութենական առումով աւելի պիտի ամրացնենք  հայկական ժողովրդավարութիւնը», լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին  ըսաւ Փաշինեան:

Ան ընդգծեց, որ ընտրողները կ՛որոշեն, թէ ով պէտք է ըլլայ խորհրդարանին մէջ, եւ ով` ոչ:

Փաշինեան հերքեց, որ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով դատական համակարգին վրայ որեւէ ճնշում եղած է: «Դատական համակարգին երբեք ոչ մէկ ցուցմունք չէ տրուած, ներառեալ նաեւ Քոչարեանի գործով: Պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական համակարգը երբեք այնքան անկախ չէ եղած, որքան այսօր է», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:

Սերժ Սարգսեանը Քուէարկած Է

Հայաստանի Հանրապետութեան 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ անոր տիկին Ռիթա Սարգսեանը Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններուն քուէարկեցին Կոտայքի մարզի Ձորաղբիւրի թիւ  29/45 ընտրատեղամասին մէջ:

Քուէարկութենէն ետք Սերժ Սարգսեանը հրաժարեցաւ պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Քուէարկեց Յանուն Խաղաղութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններուն: Ան յայտարարեց, թէ քուէարկած է յանուն խաղաղութեան:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան խոստացաւ ընտրութիւններուն վերաբերեալ գնահատական տալ անոնց աւարտէն ետք: Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք մտահոգութիւններ ունի՞ արցախեան հարցին վերաբերեալ, ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդին մէջ կա՞յ մէկը, որ մտահոգութիւն չունի»: