Խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի առիթով

07 de marzo de 2018

Logo FRAԴարեր շարունակ պայքարելէ ու երազելէ ետք, Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ իրականութիւն դարձաւ ինչ որ երազանք կը թուէր, եւ հասաւ Անկախութիւնը՝ որպէս հետեւանք Բաշ Ապարանի, Սարտարապատի ու Ղարաքիլիսէի ռազմական ու գաղափարական պատերազմներուն, ու այսպէս Հայաստան դարձաւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն։

Այդ կարճ, սակայն նոյն ժամանակ ուժգին եւ բաղմնաւոր փուլը, 1918-1920 թուականներուն միջեւ, առիթ տուաւ ընդմիշտ ամրապնդելու այն հայեցակարգը թէ ի վիճակի ենք ապրելու ազատութեամբ եւ նոյնպէս ղեկավարելու մեր սեփական ճակատագիրը։

1918 թուականի անկախութիւնը սահմանը գծեց այդ ժամանակի թրքական կառավարութեան, կանխելով անոր փանթրքական գաղափարախօսութեան ցանկացած ու չարասէր երազանքը։

Անկախութեան ազգային իտէալները, որոնք միշտ ներկայ եղած են, տարիներ շարունակ նշեցին ապագայ պատմութեան ճանապարհը. Մարտերը տեղափոխուեցան դէպի աշխարհի բոլոր համալսարանները, խորհրդարանները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու կառավարութիւնները՝ մեր ժողովուրդի ընդհանուր նպատակներուն հասնելու միտումով։

Անցած են հարիւր տարիներ, ու Հանրապետութեան ձեռքբերման կարեւորագոյն փուլը կը հսկայանայ եւ կ՚ամրապնդուի այն հասկացողութիւնը, թէ զայն կը համարէ մեծ յաղթանակ, որը հզօրացուցած է ժողովուրդի իրաւունքները։

Հայերս, փայլուն հանգրուաններ ունեցած ենք մեր լայնածաւալ գոյութեան ընթացքին, զանազան ոլորտներու մէջ՝ մշակութային, կրթական, տարածքային եւ պատմական տարբեր պայմաններու մէջ։ Սակայն 1918 թուականին է երբ, ազգային միասնութեան պատգամով ու ժողովուրդի դերակատարութիւնը ստանձնելով, կը հասնի անկախութիւնը, կեանքի, բարոյական, մտաւորական ու նիւթական ժառանգութեան պաշտպանութեան խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու եւ համաշխարհային մարդասիրական ի պաշտպան կոչ։

Այդ առաջին Հանրապետութիւնը տեղադրեց Պետութեան դերի գաղափարը՝ որը կը դառնայ պաշտպան իր իւրաքանչիւր քաղաքացիի ու հզօրացնէ զայն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կեանքի մէջ ընդլայնէ իր իրաւունքները, որոնք նորարարական ու իրական ներկայութիւն ունեցող գաղափարներ են ու մինչեւ օրս աշխարհի ժողովուրդները կը ձգտին հասնիլ անոնց։

Ահա անցած է մէկ դար, եւ ամէն օր կը գործենք ի նպաստ Հայաստանի եւ Սփիւռքի նոյն հետեւողականութեամբ, ժամանակի ընթացքին ժողովրդավարական եւ առաջադէմ արժէքները պահպանոող Հանրապետութեան զարգացման համար։

Աշխատանք կը տանինք ի նպաստ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ անոր պատմական հատուցման. Եւ այս փուլին եւս՝ Արցախի Հանրապետութեան զարգացումն ու աշխարհի երկիրներու կողմէ անոր ճանաչումը առաջնահերթ նպատակ է, այդ հասկացողութեամբ որ անկախութեան իրաւունքն ու անոր շարունակականութիւնը նաեւ կը պահանջեն ժողովուրդի եւ երկրի սահմաններու պաշտպանութիւնը։

Անկախութեան գաղափարն ու արժէքը մեզ կը դնեն նոր մարտահրաւէրներու առջեւ. Կարելի չէ միայն զէնքով պաշտպանուիլ, այլ նաեւ՝ անկախ արդարադատութեամբ, համապատասխան օրէնքներով եւ հարստութեան արդարացի բաշխմամբ։

Հարկ է Հայաստանը խորացնէ Ընկերային Արդարութեան հասանելիութիւնը եւ աշխատաւորներու առօրեայ կեանքի բարելաւումը, որպէսզի այս ուղիներով կարողանայ դիմակայել եւ լուծել արտագաղթի լուրջ խնդիրը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցի անունով կը հրաւիրենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան Հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն, ըլլան անոնք մեր բնակած իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ թէ Մայր Հայրենիքի տարածքին։

Այսքան փորձառութիւններէ ետք, սոյն Հարիւրամեակի առիթով մեր ժողովուրդը հարկ է վերադառնայ հիմնադիր սկզբունքներու վերանորոգման, միութեան ու ներքին հզօրացման, ընկերային արդարութեան ի նպաստ ընդհանուր աշխատանքին, որպէսզի բոլորս միասին կարողանանք հասնիլ մեր ազգի կայուն ու ամբողջական զարգացման։