Հայաստանի Հանրապետութեան նոր Խորհրդարանին պատկերը

12 de diciembre de 2018

ParlamentoԸստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգիրքին` Ազգային ժողովը կազմուած է նուազագոյնը 101 պատգամաւորէ: 6-րդ գումարման Ազգային ժողովը ունէր 105 պատգամաւոր, որմէ` Սահմանադրութեան պահանջի համաձայն, 30 առ հարիւրը կ՛ապահովէր ընդդիմութիւնը: Նուազագոյն 101-ին վրայ գումարուած էր 4 պատգամաւոր, որոնք կը պատկանէին փոքրամասնութիւններուն:

Քանի որ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքներով «Իմ քայլը» դաշինքը ստացած է ձայներու 70,44 առ հարիւրը,  ոչ իշխանական ուժերուն պիտի տրուին լրացուցիչ պատգամաւորական աթոռներ` Ազգային ժողովին մէջ բաւարար չափով ընդդիմութիւն ապահովելու համար:

Ընտրական օրէնսգիրքով` պատգամաւորներու բաշխումը կը կատարուի հետեւեալ ձեւով` կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու ստացած ձայներու թիւը (ոչ թէ տոկոսները) կը բազմապատկուի 101 թիւով (Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նուազագոյն թիւով) եւ կը բաժնուի  խորհրդարան անցած քաղաքական ուժերուն կողմ քուէարկած քուէաթերթիկներու հանրագումարին:

Այսինքն` «Իմ քայլը» դաշինքի 884.849 ձայնը կը բազմապատկուի 101-ով եւ կը բաժնուի 1.068.697-ի եւ կը ստացուի  83,6, հետեւաբար` «Իմ քայլը» դաշինքը կը ստանայ 84 պատգամաւորական աթոռ: Նոյն ձեւով  կը հաշուուին նաեւ նուազագոյն շեմը յաղթահարած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորական աթոռները:

Այսպիսով` «Իմ քայլը» դաշինքը կը ստանայ 84, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը` 10, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը` 7 պատգամաւոր, սակայն այդ ձեւով Ազգային ժողովին մէջ 1/3 ընդդիմութիւնը չ՛ապահովուիր:

«Իմ քայլ»-ը դաշինքի պատգամաւորական աթոռներուն վրայ կը գումարուի 4 աթոռ, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի` 16, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի` 11: Այսպիսով` «Իմ քայլը» դաշինքը կ՛ունենայ 88, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը` 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը` 18 պատգամաւորական աթոռ: