Յարութ Չէքիճեան

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի` 28 Մայիս 2018-ի ոչ համարժէք տօնակատարութիւնը Հայաստանի մէջ

11 de junio de 2018

SardarabadԱկնարկելով մէկ տարի առաջ լոյս տեսած «Ազդակ»-ի 27 մայիս 2017-ի «Ազգի շարունակականութեան ապահովումը» խմբագրականին,  նաեւ 2018-ի մայիս 28-ի «Ազդակ բացառիկ»-ին մէջ լոյս տեսած Շահան Գանտահարեանի «Վերակառուցակարգել հայկական աշխարհը» յօդուածներուն` առաջինէն կը մէջբերեմ.

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծրագրաւորման եւ նշումին համար յառաջացած պետական յանձնաժողովը, տարածաշրջանային ու տեղական յանձնախումբերը եւ համակարգուած աշխատանքը փաստեցին, որ մենք ազգովին ամէնէն համահայկական նիւթին շուրջ կրնանք համախմբուիլ, հռչակագիր խմբագրել, հրատարակել եւ համայն աշխարհին մէջ աննախընթաց համախմբուածութեամբ ներկայանալ մեր աշխատանքներով, մեր պահանջներով եւ մեր հեռանկարային մօտեցումներով:

Պատճառ չկար, որ նոյնքան կարեւոր իրադարձութեան նշումը (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումը) նահանջ արձանագրէր այդ բարձրակէտէն: Աշխատանքներուն տրուէր նոյն տարողութիւնը, նոյն հարթութիւնը, համախմբուելու նոյն ճիգը եւ մանաւանդ նախապատրաստուելու նոյն ժամանակը: Հայաստանեանէն տեղափոխուէր համահայկական հարթութիւն»:

Համահայկական տարողութեամբ 100-ամեակի տօնակատարութեան ծրագրաւորում տեղի չունեցաւ: Պետական յանձնախումբ մը`«Յանձնաժողով` մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի» զբաղեցաւ այս հարցով:

«Մայիսեան յաղթանակներ»-ուն շարքին մէջ նկատի առնուած էր նաեւ Խորհրդային Միութեան «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ի յաղթանակին նշումը, որ իրականութեան մէջ, հեգնօրէն, հայ ժողովուրդին համար սուգի օր պէտք է հռչակուի, քանի որ շուրջ 300 հազար հայ զինուորներ զոհուեցան այնտեղ: Միքայէլ Հաջեանի (Մայիսի 9` Հայոց Եռատօն» իր յօդուածին մէջ կ՛ըսէ. «Հարկ է նշել, որ պատմութեան մէջ երբեւէ հայ ժողովուրդը միաժամանակ ռազմի դաշտ չի հանել այդքան զինուոր (շուրջ կէս միլիոն Խորհրդային Միութենէն, եւ շուրջ 100 հազար սփիւռքէն, ՅՉ) եւ որեւէ պատերազմի ժամանակ այդքան մարդկային կորուստներ չի տուել»… «Խորհրդային հայազգի քաղաքացիների 25 տոկոսը մարտնչում էր» , որոնց 15 տոկոսը զոհուեցաւ:

Ճիշդ է, որ միւս կողմէ` հայկական զօրախումբեր բացառիկ հերոսական նուաճումներ արձանագրեցին. օրինակ` Հայկական 89-րդ Թամանեան զօրքը` Նուէր Սաֆարեանի հրամանատարութեամբ, առաջինն էր, որ հակառակորդին մայրաքաղաք` Պերլին մտաւ, ու այնտեղ հայ զինուորները քոչարի պարեցին:

Հայաստանի-Հանրապատութեան-Կառավարութեան-շէնքը_

                             Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան շէնքը այժմ` ճաշարան

Ցաւով հարկ է նշել այստեղ, ապրիլ-մայիս ամիսներու «թաւշեայ յեղափոխութեան» ընթացքին կարգ մը անգէտ, կամ երախտակորոյս,  ապերախտ ռուս քաղաքական դէմքեր, որոնք լկտիօրէն, անարդար կերպով եւ անամօթաբար, անտեսելով 300 հազար հայ զոհերը, եւ այն ալ` «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ի մայիսեան յաղթանակի յիշատակի օրերուն, շրջելով իրականութիւնը, մօտաւորապէս յայտարարեցին, որ` «Հայերը պատմութեան ընթացքին ռուսերուն միայն բեռ եղած են…»: Մինչդեռ խորհրդային վարչակարգն էր, որ դաւադրաբար, 1921-1922-ին,  Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կազմող, հայու արիւնով ազատագրուած հողերէն, Արցախն ու Նախիջեւանը Ազրպէյճանի հոգատարութեան յանձնեց, Ախալքալաքը Վրաստանին նուիրեց, Արեւելեան Հայաստանի Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու շրջանները, Արարատ լեռով ու Անիով միասին, պարտուած Թուրքիոյ նուիրեց, եւ իրեն, Խորհրդային Միութեան իրաւայաջորդ` Ռուսիոյ քաղաքական դէմքերն են:

Արմէնփրես կը գրէ. «Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթից յետոյ մեկնարկեց ռազմական հանդիսաւոր շքերթը, որի ընթացքում ներկայացուեց հայկական բանակի ձեւաւորման պատմութիւնը, մայիսեան հերոսամարտերու, Հայրենական մեծ պատերազմի, արցախեան ազատամարտի ժամանակ հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարի ուղին»

Ինչո՞ւ, իրար խառնելով ամէն ինչ, տարբեր բնոյթի «մեծաքանակ» այս հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին նաեւ օտար երգեցողութիւններ եւ  ռուսերէն «Յաղթանակի օր» քայլերգը կատարուեցաւ… Ի՞նչ տրամաբանութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը վճռորոշող Սարդարապատի ճակատամարտի հարիւրամեակին նուիրուած եւ անոր յատուկ յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ օրուան խորհուրդին անյարիր այսպիսի յայտագիր մը:

Պէտք է նշել, որ օրին` 9 մայիս 2018-ին արդէն իսկ արժանաւոր կերպով տեղի ունեցան Շուշիի ազատագրման, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ի տօնակատարութիւնները… Ինչո՞ւ այս կրկնութիւնը: Չէ՞ր արժեր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը իւրայատուկ եւ լիարժէք կերպով, առանց շեղումի եւ շփոթի կատարել:

Բացայայտ է արդէն իսկ փաստուածը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումին ազգային, միջազգային եւ պատմական արժէքը տակաւին համարժէք գնահատականին չէ արժանացած Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ,  եւ խորհրդային շրջանի յոռի ու թշնամական մտայնութիւնը բոլորովին չէ վերացած: Երբ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան կանգուն շէնքը ճաշարանի վերածուած է, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր կերտիչներէն Արամ Մանուկեանի կանգուն բնակարանը կիսաքանդ վիճակի հասցուցած են` փոխանակ տուն- թանգարանի վերածելու. երբ Արամ Մանուկեանին շիրիմը տակաւին Թոխմախ, գերեզմանատան մէջ կը գտնուի եւ ոչ թէ` Եռաբլուրի մէջ, երբ Արամ Մանուկեանի արձանին տեղադրումը կ՛առկախուի «աւելի յարմար վայր» գտնելու պատճառաբանութեամբ. Երբ 28 մայիս 2018-ին հեռատեսիլի Հ1 հանրային կայանի մայիս 28-ի յատուկ «Հայոց պետականութեան վերածնունդը» յայտագիրին խօսնակը կ՛ըսէ.«Սա պատմութեան նուէ՞րն էր հայ ժողովուրդին, թէ՞ առանձին առաջադէմ գործիչների ծրագրի արդիւնքը, դժուար է ասել» Եթէ դժուար է ասելը, լաւ կ՛ըլլար, որ այս մասին կարծիք չյայտնէիք:

Եթէ տակաւին «նուէր»-ի տրամաբանութեամբ է, որ կը խօսուի «մայիսեան հերոսամարտերուն» եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մասին… Ամօ՛թ, հազա՛ր ամօ՛թ: