Կարօ Արմենեան

Հայաստանի հողը կը պատկանի ամբողջ հայութեան

02 de enero de 2018

Monte AraratԿար­դա՛լ ­Գո­հար Ա­ւե­տի­սեա­նի յօ­դո­ւա­ծը «Ա­ռա­ջին Լ­րատո­ւա­կան»ի կայ­քին վրայ, Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղատն­տե­սու­թեան ո­լոր­տէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող ըստ ա­մե­նայ­նի կար­ճա­տես եւ ըստ էու­թեան մեր ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան նոր­մե­րուն հա­կա­սող զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին։ ­Յօ­դո­ւա­ծին մէջ ընդգր­կո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­նե­գործ­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ Ա­ւագ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ մե­ծա­պէս շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը, ուր կը խօ­սո­ւի երկ­րի գիւ­ղատն­տե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լուրջ վրէպ­նե­րուն մա­սին, բայց ուր դժբախ­տա­բար կա­րե­լի յստա­կու­թեամբ չի խօ­սո­ւիր ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կե­լի հո­ղա­տա­րա­ծու­թիւն­նե­րու օ­տար­ման ե­րե­ւոյ­թի ռազ­մա­վա­րա­կան լուրջ վտանգ­նե­րուն մա­սին։

Ի սկզբա­նէ յստա­կաց­նենք, որ հոս տնտե­սա­կան «ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան» մա­սին չէ մեր խօս­քը, այլ ազ­գա­յին տնտե­սու­թեան ան­փոյթ ղե­կա­վար­ման պա­խա­րա­կե­լի եր­ևոյ­թին։ Հա­յաս­տա­նը կղզեակ մըն է բաղ­դա­տած ա­րա­բա­կան, ի­րա­նեան եւ (յան­կարծ նաեւ) հնդկա­կան ցա­մա­քա­յին ով­կիա­նոս­նե­րուն։ Այդ փոք­րիկ կղզիին միայն 16%ի տա­րա­ծու­թիւնն է բնա­կե­լի եւ ո­րուն մէկ մասն է միայն մշա­կե­լի եւ գիւ­ղատն­տե­սա­կան։ Թող ոե­ւէ օ­տա­րազ­գի ան­հատ փոր­ձէ հող գնել — այն ալ հո­ղա­յին մեծ տա­րա­ծու­թիւն­նե՜ր — ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ա­նա­պա­տա­յին տիե­զեր­քէն… ­Գի­տենք, թէ օ­րէն­քը ինչ­պի­սի՜ ար­գելք­ներ կը դնէ հո­ղե­րու օ­տար­ման դէմ այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Հետ­ևա­բար ե­կէք չխօ­սինք այն մա­սին, թէ ինչ­պի­սի՞ բա­րո­յա­կան պարտք ու­նի հա­յը այդ ազ­նիւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հան­դէպ։ Ս­փիւռ­քը իր պարտ­քին տէրն է ե­ղած եւ կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ։ Ա­մե­րի­կեան յայտ­նի ա­սոյ­թի ո­գիով կրկնենք՝ «խնձոր­նե­րը նա­րինջ­նե­րուն հետ ե­կէք չշփո­թենք»։

Հոս գործ ու­նինք ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան դաշ­տի մեծ ան­փու­թու­թեան հետ։ Մեծ ա­պի­կա­րու­թեա՛ն մը հետ։ Եւ նո­րէն գործ ու­նինք օ­լի­գար­խիա­յի եւ մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի կոր­ծա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ։

Ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն (ա­ւե­լի յստակ հաս­ցէա­ւո­րու­մով ՝ նա­խա­գահ ­Լե­ւոն Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի իշ­խա­նու­թեան օ­րե­րուն), երկ­րի գիւ­ղատնտե­սա­կան տա­րածք­նե­րը զան­գո­ւա­ծա­բար փո­խան­ցո­ւե­ցան գիւ­ղա­ցիու­թեան։ ­Պատ­մա­կան մեծ վայր­կեան մըն էր։ Եւ սա­կայն հոն կանգ ա­ռաւ պատ­մա­կան այս գոր­ծը։ Ան­փորձ ու աղ­քատ գիւ­ղա­ցին մնաց ինք­նիր թոյլ եւ ան­բա­ւա­րար լու­ծում­նե­րուն այդ տա­րածք­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ զար­գաց­ման են­թա­հո­ղի վե­րա­ծե­լու սուր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն առ­ջեւ։

Նոյ­նիսկ այն գիւ­ղա­ցի­նե­րը, ո­րոնք այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ կրցան գի­շե­րը ցե­րե­կին խառ­նե­լով բերք հասց­նել, ե­ղան գե­րին մեծ շա­հա­տէ­րե­րուն, քա­նի որ ձեւ չու­նէին ար­տադ­րան­քը շու­կայ հասցնե­լու…­Փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու տէ­րը մե­նաշ­նոր­հի տէ­րերն էին… Հե­տե­ւա­բար ի­րե­րա­յա­ջորդ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու աչ­քե­րուն առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­հատ գիւ­ղա­ցիու­թեան ո­լոր­տի ա­րագ փո­շիա­ցու­մը։ Եւ տա­րածք­նե­րու աս­տի­ճա­նա­կան կեդ­րո­նա­ցու՛մ մը մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի ու­ժե­րու ձեռ­քին։

Եւ այժմ յան­կարծ երկ­րի գիւ­ղատն­տե­սու­թեան փրկու­թիւ­նը կը սկսինք փնտռել ա­րաբ եւ ի­րան­ցի եւ հնդիկ մեծ գոր­ծա­րա­րու­թիւն­նե­րու հո­ղա­յին գնում­նե­րուն մէջ՝ փո­խա­նակ մտա­ծե­լու գիւ­ղատնտե­սու­թեան ո­լոր­տի ար­մա­տա­կան բա­րե­փո­խու­թեան մա­սին։ Փո­խա­նակ մեծ թա­փով հրա­պա­րակ իջ­նե­լու եւ գիւ­ղա­ցի՛ն վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու, զայն նո­րօ­րեայ ար­հես­տա­գի­տու­թեամբ զի­նե­լու, ա­նոր անհ­րա­ժեշտ են­թա­կա­ռոյց­ներ հայ­թայ­թե­լու եւ ա­նոր ար­տադ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շու­կա­յա­կան ար­դիա­կան գոր­ծա­ռոյթ­նե­րով հարս­տաց­նե­լու։ ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ, վար­չա­պետ ­Տիգ­րան ­Սարգ­սեա­նի անձ­նա­կան ճի­գե­րով՝ խորհր­դա­րա­նը ըն­դու­նեց յա­տուկ օ­րէնք պե­տա­կան քա­ջա­լե­րանք ցոյց տա­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան­նե­րու կազ­մու­թեան։ Այդ օ­րէն­քը մնաց թուղ­թի վրայ։ Այժմ եւս պե­տու­թեան առ­ջեւ դրո­ւած է գիւ­ղա­ցին բա­րո­յա­պէս լիա­զօ­րե­լու (empower) մեծ հրա­մա­յա­կա­նը։

Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րով պատ­մա­կան մեծ գոր­ծի մը սկիզ­բը դրո­ւե­ցաւ։ Պե­տա­կան գոր­ծօն քա­ջա­լե­րան­քով ստեղ­ծո­ւե­ցան հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան­ներ (կոո­պե­րա­տիվ, cooperatives) եւ գիւ­ղա­ցին պե­տու­թեան մէջ գտաւ իր ան­կեղծ գոր­ծըն­կե­րը։
Այ­սօր կը գտնո­ւինք այն­պի­սի կա­ցու­թեան մը մէջ, ուր գիւ­ղա­ցին հետզ­հե­տէ ինք­զինք կը գտնէ իր հո­ղէն օ­տա­րո­ւե­լու տա­րե­րա­յին պար­տադ­րան­քին տակ։ Ա­մօ՛թ մե­զի, ե­թէ մենք ազ­գո­վին ձեռն­թափ պի­տի մնանք այս ազ­գա­յին ող­բեր­գու­թեան առ­ջեւ։
Հո­ղը օ­տա­րերկ­րեայ շա­հե­րու յանձ­նե­լու այս մո­լո­րու­թիւ­նը ա­նըն­դու­նե­լի է ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ եւ ո­րե­ւէ չա­փա­նի­շով։ Ան ո­րե­ւէ կապ չու­նի օ­տա­րազ­գի ըն­կե­րու­թեանց հետ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան (industry) մար­զին մէջ հա­մա­տեղ գոր­ծակ­ցու­թեամբ ներդ­րում­ներ ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մաշ­խար­հա­յին փոր­ձին հետ։

Դուք այս­տեղ կը վա­ճա­ռէք մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը սահ­մա­նող հայ­րե­նա­կան (patrimonial) հարս­տու­թիւ­նը եւ գրա­ւի տակ կը դնէք բո­լոր վա­ղո­ւան սե­րունդ­նե­րու հայ­րե­նա­կան ի­րա­ւուն­քը, ո­րուն ի­րա­ւուն­քը դուք բա­ցար­ձա­կա­պէս չու­նիք։

Դուք ձեր ոտ­քե­րը դրած էք շատ փոր­ձա­նա­ւոր հո­ղի մը վրայ։ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։
Ա­սոնք օ­լի­գար­խիա­կան հա­մա­կար­գէն ու­ղիղ գծով սե­րող ծոյլ եւ ան­պա­տաս­խա­նա­տու «լու­ծում»ներ են, զորս մեր ժո­ղո­վուր­դը պի­տի մեր­ժէ։

Եւ պի­տի մեր­ժէ ա­մէն գնով։