“Հայաստանի մէջ յամեցող թէժ իրավիճակը կը նեղացնէ Ռուսիան” Շեշտեց Լաւրով

06 de septiembre de 2018

Lavrov sergeiԽօսելով յառաջիկային Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունենալիք հերթական հանդիպումին մասին` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ յամեցող թէժ իրավիճակը կը նեղացնէ Ռուսիան` աւելցնելով, որ ատիկա Հայաստանի ներքին խնդիրն է:

«Մեզի կը նեղացնէ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, մասնաւորապէս` երբ կ՛իմանանք, թէ նախորդ տասը տարիներու իրադարձութիւններուն մասին հետաքննութիւններ կը բացուին եւ ձերբակալութիւններ կը կատարուին:

Մենք այս իրավիճակը կը նկատենք Հայաստանի ներքին հարցը` մաղթելով, որ ներքին խնդիրներուն լուծումը կատարուի օրէնքի եւ սահմանադրութեան ամուր հիմերուն վրայ», ըսաւ Լաւրով:

Լաւրովի համաձայն, Ռուսիա շահագրգռուած է, որ այն երկիրները, որոնց հետ Մոսկուա դաշնակցային յարաբերութիւններ եւ ռազմավարական գործընկերութիւն ունի, ըլլան կայուն: «Այդ երկիրներուն կայունութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի ներքին գործընթացները զարգանան Սահմանադրութեան համապատասխան, եւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին` տնտեսութեան զարգացման եւ ընկերային մարզի բարելաւման համար», հաստատեց ան:

Լաւրով ընդգծեց, որ իրենք ուշադիր կը հետեւին այն իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան, երբ ուժի մէջ մտան սահմանադրական նոր բարեփոխումները, որոնց համաձայն` լիազօրութիւնները անցան խորհրդարանին կողմէ ընտրուած վարչապետին:

«Մենք չենք ձեռնարկած որեւէ քայլի կամ յայտարարութեան, որ կրնար մեկնաբանուիլ իբրեւ Հայաստանի ներքին հարցերու միջամտութիւն: Սակայն կարելի չէ ըսել, թէ արտաքին միւս խաղացողները մեր վարուելակերպը ունեցած են», եզրափակեց Լաւրով: