Հայաստան ընտրուած է ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Հարցերով Խորհուրդի անդամ

15 de junio de 2018

Armenia-Naciones UnidasՆիւ Եորքի մէջ 13 յունիսին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանի լիագումար նիստին ընթացքին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Հայաստան երեք տարուան ժամկէտով ընտրուած է ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամ:

Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդը կը համակարգէ ՄԱԿ-ի մասնագիտացուած գործակալութիւններու, գործադիր յանձնախումբերու, ծրագիրներու ու հիմնադրամներու եւ շրջանային յանձնախումբերու աշխատանքները տնտեսական, ընկերային, բնապահպանական եւ յարակից ոլորտներուն մէջ:

ՄԱԿ-ի հիմնական մարմին հանդիսացող այս կառոյցին կ՛անդամակցի 54 երկիր: Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդը կեդրոնական հարթակ է միջազգային տնտեսական եւ ընկերային հարցերու քննարկումներու եւ քաղաքականութեան մշակման նպատակով` անդամ երկիրներուն եւ ՄԱԿ-ի համակարգին ուղղուած համապատասխան խորհրդատուութեան տրամադրման համար: