«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ձեռնարկած է հաշուետու այցերու

24 de mayo de 2017

Fondo ArmeniaԻր հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ա­մե­նա­մեայ նիս­տին ծի­րէն ներս, «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը` գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա Վար­դա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ­Մա­յիս 20էն սկսեալ կ­՝ի­րա­կա­նաց­նէ շարք մը հա­շուե­տու ձեռ­նարկ­ներ, նե­րա­ռեալ` են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու բաց­ման հան­դի­սու­թիւն­ներ եւ այ­ցեր, ինչ­պէս եւ հա­յաս­տա­նեան ու ար­ցա­խեան ծրա­գիր­ներ:

Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, որ կազ­մո­ւած է ­Հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէ, տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ, բա­րե­րար­նե­րէ եւ աշ­խա­տա­կից­նե­րէ, ­Մա­յիս 20ին մեկ­նած է Ար­ցախ` ծա­նօ­թա­նա­լու հա­շո­ւե­տու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­ւար­տած եւ ըն­թաց­քի մէջ գտնո­ւող ծրա­գիր­նե­րուն: ­Շուրջ 45 հո­գիէ կազ­մո­ւած խում­բը Ար­ցախ ու­ղե­ւո­րո­ւած է ­Վար­դե­նիս-­Մար­տա­կերտ մայ­րու­ղիով, ո­րուն վե­րա­կա­ռու­ցու­մը պի­տի ա­ւար­տի այս աշ­նան:

Այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին օ­րը, ­Հիմ­նադ­րա­մի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ բա­ցաւ ­Վար­դե­նիս-­Մար­տա­կերտ ճա­նա­պար­հին հա­րող ­Կո­ճո­ղոտ հա­մայն­քի (­Մար­տա­կեր­տի շրջան) նո­րա­կա­ռոյց հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նը, ո­րուն կա­ռու­ցու­մը հո­վա­նա­ւո­րած է ­Հիմ­նադ­րա­մի Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նը` Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան նիւ­թա­կան հա­մա­տեղ ա­ջակ­ցու­թեամբ: Ար­դէն իսկ կա­հա­ւո­րո­ւած կեդ­րո­նին մէջ այ­սու­հե­տեւ պի­տի գոր­ծեն գիւ­ղա­պե­տա­րա­նը, բժշկա­կան կեդ­րո­նը, գրա­դա­րա­նը, խա­ղա­սե­նեա­կը եւ հան­դի­սու­թիւն­նե­րու սրա­հը իր խո­հա­նո­ցով: Ս­րա­հին մէջ տե­ղադ­րուած բե­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ տա­րաբ­նոյթ ձեռ­նարկ­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու այս­տեղ: Ֆ­րան­սաբ­նակ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րով՝ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն նման կեդ­րոն­ներ կեան­քի կո­չո­ւած են Ար­ցա­խի տաս­ներ­կու հա­մայնք­նե­րու մէջ` ա­ռա­ւել յար­մա­րա­ւէտ ու յա­գե­ցած դարձ­նե­լով ընդ­հա­նուր 7700 բնա­կի­չի ա­ռօ­րեան:

Մա­յիս 21ին, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու մէջ բա­ցաւ եւս եր­կու հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն Ար­ցա­խի մէջ` ­Քիւ­րա­թաղ (­Հադ­րու­թի շրջան) եւ ­Սարգ­սա­շէն (­Մար­տու­նիի շրջան): ­Ժա­մա­նա­կա­կից յար­մա­րու­թիւն­նե­րով հա­մալ­րո­ւած այս նո­րա­կա­ռոյց­նե­րը նոյն­պէս ֆրան­սա­հա­յե­րու նո­ւէրն են ար­ցախ­ցի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն: ­Կեդ­րոն­նե­րուն կա­ռուց­ման հա­մա­տեղ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը: ­

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ֆրան­սա­հա­յե­րու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի մէջ են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման մեծ գնա­հա­տան­քի կ­՝ար­ժա­նա­նայ ար­ցախ­ցի­նե­րու կող­մէ: