Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ` Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ

25 de marzo de 2015

chipre«Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը, կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքական կուսակցութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մշակած են: Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն մշակուած միացեալ օրինագիծը պատիժներ կը նախատեսէ ցեղասպանութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները չճանչցողներուն համար:

Հաղորդումին մէջ նշուած է, որ առաջարկուած է օրինագիծը ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով: Կիպրոսի Հանրապետութիւնը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կ՛ենթադրուի, որ Կիպրոսի խորհրդարանը օրինագիծը օրակարգի վրայ կը դնէ այս շաբթուան ընթացքին: