«Հայրապետական Մաղթանք» Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման տարեդարձներուն առիթով

05 de julio de 2018

Aram aniv.Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին նուիրուած «Հայրապետական Մաղթանք»ի արարողակարգը կատարուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներուն մէջ. սոյն արարողակարգով Բերիոյ Թեմը իր երախտագիտութիւնն ու երախտապարտութիւնը յայտնեց իր ազգընտիր հովուապետին։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի առաւօտեան, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք. այս տարի սոյն արարողակարգը զուգադիպեցաւ իր քահանայական օծման 50-ամեակին եւ հայրապետական մական ստանալու 23-ամեակին, երբ վեհափառ հայրապետը Աստուծոյ ու ազգին դիմաց, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ ծնկաչօք իր ուխտը կատարեց՝ կաթողիկոսական բարձրագոյն պատասխանատուութեամբ առաջնորդելու մեր ժողովուրդը։

«Հայ Մեր»էն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շրջապատուած քահանայ հայրերով, եւ ներկայութեամբ Ազգ. Վարչութեան անդամներուն, եկեղեցւոյ Ատեանին մէջ կատարեց սոյն արարողակարգը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ: Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներու ներկայութեան տուաւ իր պատգամը՝ նախ վերլուծելով օրուան աւետարանական հատուածը՝ հարցերու առաջին բազմացումը առնուած (Մտ 14.13-21)էն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց զանազանութիւնը նիւթական հացին ու երկնաւոր հացին, զոր Մարդու Որդին պիտի տայ:

Մեկնելով Աւետարանի հատուածէն, անդրադարձաւ հացի հոգեւոր ու այլաբանական նշանակութեան: Հաց, որով հաւատացեալին կը տրուի Քրիստոսի իսկական մարմինը՝ աշխարհի փրկագործութեան համար։ Ապա անդրադառնալով վերհափառ հայրապետին 23-ամեայ հայրապետական տարիներուն կատարած աշխատանքին՝ ան լուսարձակի տակ առաւ երեք յատկանիշներ, որոնք կ’արտացոլան իր կեանքին մէջ. նախ իր աշխատասիրութիւնը, երկրորդ իր ծառայութիւնը եւ իր բոլորանուէր ընծայաբերումը հայ ազգին, թէ՛ որպէս հովուապետ, եւ թէ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Խորհուրդի 16 տարիներու (շուրջ երկու նստաշրջան) ատենապետ:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ որպէս ինքնընծայում Աստուծոյ ան իր կեանքի 71 տարիներուն 50-ը անցուցած է հոգեւորականի սքեմին տակ: Իր պատգամի աւարտին, սրբազան հայրը ջերմ աղօթք առաքեց առ Աստուած եւԿիլիկիոյ Աթոռի Գահակալին մաղթեց արեւշատութիւն, անսասանութիւն եւ հայաստանեայց Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ պայծառութիւն։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց խորանին վրայ սպասարկող դպրեվանքի սաներուն եւ թելադրեց հոգեպէս ու իմացապէս զօրանալ, պատրաստուիլ իրենց անձերը նուիրաբերելու եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին։

Արարողակարգը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Նոյն օրը, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանքի արարողակարգը եւ վեհափառ հայրապետին արեւշատութեան ու ընդ երկար գահակալութեան համար աղօթք մատուցուեցաւ առ Աստուած։