«Հայրենիք». ՌՈՒԲԷՆ

03 de diciembre de 2019

Այս ա­նունով ծա­նօթ էր ան. մեր ընկե­րը, մե­ծա­նուն յե­ղա­փո­խա­կա­նը, որ ե­րեք օր ա­ռաջ օ­տար հո­ղին յանձնուե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ:
Հատ մըն ալ կ’աւելնայ նոյն հո­ղին վրայ «հա­յոց մե­ծաց» գե­րեզմաննե­րէն. հոն՝ ուր հին օ­րե­րէն կը հանգչի Կի­լի­կիոյ տա­րա­բախտ ու հայրե­նա­սէր թա­գաւորնե­րէն Լեւոն Զ-ը (Սէն Տը­նի). իսկ Փէռլա­շէ­զի մէջ՝ Ազգա­յին Սահմա­նադրութեան հիմնա­դիրնե­րէն՝ գրա­գէտ ու ազգա­յին անմահ գործիչ՝ Գրի­գոր Օ­տեա­նը, Հայկ. Ա­զա­տագրութեան ասպե­տա­կան դէմքե­րէն՝ Անդրա­նիկ, Հայկ. Հանրա­պե­տութեան արժա­նա­յարգ վարչա­պետնե­րէն՝ Ա. Խա­տի­սեան եւ հայ գրա­կա­նութեան փառքե­րէն՝ Ա. Ա­հա­րո­նեան:
Ռուբէն, ա­պա­հո­վա­բար, վերջին շքա­խումբին մօտ կ’երթայ արժա­նաւո­րա­պէս հանգչե­լու, վերջ տա­լով իր ա­լե­կոծ կեանքին ու գործունէութեան, ո­րոնք սա­կայն սե­րունդներ պի­տի ո­գեւո­րեն գե­րեզմա­նին իսկ մէ­ջէն:
Կրա­կին հետ խա­ղա­ցող մէկն ե­ղաւ Ռուբէն, Հայկ. Ա­զա­տագրութեան ա­մե­նէն յուզիչ դէմքե­րէն, ո­րոնք պի­տի պա­տա­հեն ի­րենց հմայքն ու հե­ղի­նա­կութիւնը՝ ի­րենց գործե­րուն մէ­ջէն:

Ա­նոնք որ հանդի­պած են ի­րեն, ա­ռա­ջին իսկ վայրկեա­նէն, ներքին ցնցում մը զգա­ցած են. նոր մարդու մը, նոր մտքի մը եւ հաւա­տաւոր ու սա­կաւա­խօս գործի­չի մը տպաւո­րութիւնը ստա­ցած են, որ մնա­ցած է անջնջե­լի:
Իր լայն ու պայծառ ճա­կա­տով եւ կա­պոյտ ու ե­րա­զուն նա­յուածքով, Ռուբէն կը գրաւէր իսկոյն իր խօ­սա­կի­ցը, որ հետզհե­տէ կը տա­րուէր մեծ յե­ղա­փո­խա­կա­նին ինքնա­տիպ մտքե­րէն, ո­րոնք ի­րենց պարզութեան, կա­րե­լի է ը­սել՝ կէս-ը­սուածքին մէջ, ի­մաստուն էին. ի­րա­կա­նութեան լայն արձա­գանգո­վը եւ միշտ սրտապնդիչ: Սա­կաւա­խօս էր. խօսքի մարդը չէր, այլ գործի, այն աստի­ճան, որ ա­մէն հանդի­պում ի­րեն հետ՝ գործի մը, նա­խա­ձեռնութեան մը կը վե­րա­ծուէր:
Իր ե­րի­տա­սարդ օ­րե­րէն իսկ նե­տուած էր հայ Յե­ղա­փո­խութեան կրակնե­րուն մէջ եւ ա­նընդհատ գործած, կռուած, կազմա­կերպած եւ գործի մղած ուրիշնե­րը: Վճռա­կան, ամբողջա­կան ու մեծ գործե­րու, խո­շոր ծրա­գիրնե­րու եւ խոր հաւատքի մարդն էր Ռուբէն: Իր ամբողջ կեանքը, ինքն իր մէջ, ամբողջա­կան նուի­րում մը ե­ղած էր, բայց միշտ մտա­ծուած, միշտ ծրագրուած ու արժեւո­րուած նուի­րում մը: Հայրե­նի լեռնե­րուն վրայ ըլլայ, թէ քա­ղաքնե­րուն մէջ, ֆե­տա­յի­նե­րուն հետ թէ գործիչնե­րու, քա­ղա­քա­կան ու մտաւո­րա­կան մարդոց հետ, նոյնն էր Ռուբէն – յանդուգն, ինքնա­տիպ, հե­տաքրքրա­կան ու հե­ղի­նա­կաւոր:
Ծա­նօթ էր հա­յոց պատմութեան եւ ուսումնա­սի­րած հին ու նոր հա­յութիւնը. թա­փանցած էր սուր մտքով, կրնանք ը­սել՝ իր բնա­կան խելքով իր ժո­ղո­վուրդին արժէքնե­րուն, բաղձանքնե­րուն, շա­հե­րուն եւ շնորհնե­րուն: Ա­ռանց զգա­ցա­կա­նութեան՝ կը հաւա­տար ան իր ժո­ղո­վուրդին. ա­նոր ի­րաւունքնե­րուն ու դա­տին, ու կը նե­տուէր պայքա­րի մէջ, պաշտպա­նե­լու հա­մար Արդա­րութիւնը, ո­րուն մարմնա­ցումն էր իր ժո­ղո­վուրդը, իր ոտնա­կո­խուած ի­րաւունքնե­րով, իր անհուն տա­ռա­պանքնե­րով: Ծա­նօթ էր, ոեւէ մէ­կէն աւե­լի, Մերձաւոր Ա­րեւելքի ժո­ղո­վուրդնե­րու պատմութեան, կեանքին ու արժէքնե­րուն, եւ ճիշդ ա­տոր հա­մար ալ՝ աւե­լի՛ խո­րա­ցած էր հիա­ցումը հայ ժո­ղո­վուրդին հանդէպ: Կը ճանչնար Հա­յաստա­նը, ոչ միայն հի­նը, այլեւ նո­րը, զոր չա­փած էր քայլ առ քայլ, եւ ըմբռնած ա­նոր նշա­նա­կութիւնը՝ մի­ջազգա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ ռազմա­գի­տա­կան տե­սա­կէ­տէն: Կը հաւա­տար ա­նոր, իր ու մեր հայրե­նի­քի ա­պա­գա­յին: Հաստատ հա­մո­զումնե­րու տէր, ո­րոնք կազմուած էին ժա­մա­նա­կի ընթացքին ու փորձա­ռութեան յորդ լոյսին տակ, քա­ջութեամբ գի­տէր պաշտպա­նել զա­նոնք, ա­ռանց մտա­ծե­լու պարտութեան կամ տե­ղա­տուութեան մա­սին, այնպէս՝ ինչպէս կռիւնե­րուն մէջ չէր մտա­ծած:
Խո­նարհ էր իր մե­ծութեան մէջ եւ մեծ՝ իր խո­նարհութեան մէջ, ա­հա թէ ինչո՛ւ անհուն սէր ունէր խո­նարհ մարդոց, գիւղա­ցի­նե­րու, անգրա­գէտ մարտիկնե­րու հանդէպ, ո­րոնց նուի­րումն ու զո­հա­բե­րութիւնը «Ազգի ու հայրե­նի­քի» հանդէպ՝ ճանչցած էր մօ­տէն, գործի մէջ:

Ա­պա­գա­յին մարդն էր, ծրա­գիրնե­րով տա­րուած շա­րունակ. ծրա­գիր՝ հա­յութիւնը զօ­րացնե­լու, Հա­յաստա­նը ամրացնե­լու, հայ ժո­ղո­վուրդը հա­մախմբե­լու իր հայրե­նի­քին մէջ: Իր խառնուածքին տի­րա­կան գի­ծը՝ յե­ղա­փո­խա­կան էր եւ քա­ղա­քա­կան, մինչ մտա­հո­գութիւնը՝ հայն ու հայրե­նի­քը կը կազմէին: Ի՞նչպէս զօ­րացնել Հա­յաստա­նը. աշխա­տած էր եւ զօ­րա­ցուցած զայն: Ի՞նչպէս հա­յացնել Հա­յաստա­նի բնակչութիւնը. հա­յա­ցուցած էր, հանդարտ խղճով ու պե­տա­կան ի­մաստութեամբ: Յե­ղա­փո­խա­կան էր, բայց ոչ տե­սա­կան, ոչ խօսքով: Հարկ էր կռուի՞լ, կը կռուէր. հարկ էր ա­րի՞ւն թա­փել, կը թա­փէր, ա­նօ­թի, ծա­րաւ, բո­պիկ: Արտա­սո­վոր գի­ծե­րու մարդն էր, չնա­յե­լով որ ինք զուսպ էր ու չա­փաւոր իր խօսքին, գործին ու կենցա­ղին մէջ:
Դաշնակցա­կան էր, տի­պար ըլլա­լու աստի­ճան. կարգա­պահ ու զո­հա­բե­րող, յանդուգն ու պարկեշտ՝ իր վե­րա­բե­րումին, իր գործե­րուն եւ մտա­ծումնե­րուն մէջ: Ա­ռանց ծուռ ու մուռ ճամբա­նե­րու, անմի­ջա­պէս նպա­տա­կին հասնե­լու վճռա­կա­նութեամբ: Կրնանք ը­սել Ռուբէ­նը՝ Դաշնակցութեան պատկերն էր. ա­նոր հա­մադրութիւնը: Հայրե­նա­սէր էր, պայքա­րող, ի­րա­տես ու ի­րա­կա­նութեան զօ­րաւոր զգա­ցումո­վը, բայց նաեւ գա­ղա­փա­րա­կան, վե­րա­ցա­կան, վի­պա­յին ըլլա­լու աստի­ճան: Ի­րա­կա­նութիւն եւ ե­րազ ներդաշնա­կուած էին իր մէջ եւ կրնա­յիք իր մէջ տեսնել ի­րա­պաշտն ու ե­րա­զա­յի­նը, ե­րա­զա­պաշտը: Կրնա­յիք տեսնել զինք պա­ղա­րիւն, գործօն, դա­ժան ըլլա­լու չափ ի­րա­տես, յա­ջորդ վայրկեա­նին հաստա­տե­լու հա­մար իր մէջ յուզումը, իսկ աչքե­րը՝ լի արցունքով: Զարմա­նա­լի կերպով անսա­սան, կարծր մտա­ծումներ ունէր, բայց նաեւ փխրուն սիրտ ու գուրգուրոտ հո­գի, որ կը մղկտար ուրի­շի մը ցաւին հանդէպ:
Կ’ա­տէր գրե­լը, բայց կը գրէր՝ ոչ թէ գրա­կա­նութեան հա­մար, այլ Հայ Յե­ղա­փո­խութեան դրուագնե­րը, դէմքե­րը փրկե­լու, հա­յութեան հո­գի՛ն տա­լու հա­մար, դիւցազնա­կան գի­ծե­րու մէջ, ա­ռանց մո­ռա­նա­լու սա­կայն լոյսին հետ մութն ալ… Այս է պատճա­ռը որ իր Յուշե­րուն մէջ, յա­ճախ դիւցազներգութեան կը հասնի, մեծ գրա­գէտնե­րը զարմացնե­լու աստի­ճան:
Այս մարդն է որ հո­ղին կը յանձնենք, հա­յութեան, Դաշնակցութեան պատկե­րով, որ սա­կայն պի­տի մնայ ա­նեղծ:
Կրնանք ը­սել ի­րեն հա­մար՝ թէ իր դէմքը պի­տի մեծնայ, երբ հայրե­նի­քի հա­յութիւնը ա­զա­տութիւնն ունե­նայ խօ­սե­լու, պատմե­լու ազգա­կերտումի իր գործը:

Երբ Սասնոյ լեռնե­րը տան արձա­գանգը իր հե­րո­սա­կան խի­զա­խումնե­րուն.
«Ա­հա կանգնել է խի­զախ Ռուբէ­նը: Տե­սէ՜ք շան տղան.
Ա­ղե­ղի նման ձգուել է, յա­րուել,
Այրուած իր դէմքը տուել է լե­րան,
Մի թուղթ է կարդում եւ հրա­ման տա­լիս – կտրել լեռնե­րի
Բարձրա­բերձ շղթան, անցնել հո­վիտներ, մագլցիլ սա­րեր
Հասնել Մշոյ դաշտ:
– «Մե­ռե­լի ճժե՛ր՝ ձեր ոտքին մա­տաղ, թե՛ւ ա­ռէք տեսնեմ»:
Եւ խումբը ա­հա ճամբայ է ընկնում»:
(«Տատրա­կո­մի Հարսը»)
Բա­նաստեղծի այս տո­ղե­րուն հետ՝ ա­նեղծ պի­տի մնայ իր դէմքը, երբ անխօս գիւղա­ցի­նե­րը, քիւրտե­րը, մե­ծերն ու խո­նարհնե­րը խօ­սին «փա­շայ»ի մա­սին, իբրեւ արտա­յայտութիւն յարգանքի:
Երբ Հա­յոց Աշխարհը ա­զա­տագրուի եւ իր հե­րոս ու ե­րախտա­շատ զաւակնե­րը հաւա­քէ օր մը Ազգա­յին Պանթէո­նին մէջ:
Շա­տեր պի­տի մոռցուին, նոյնիսկ մեծ մարտիկներ, ա­նուա­նի մտաւո­րա­կաններ, քա­ղաքկան ու ազգա­յին գործիչներ, բայց Ռուբէ­նը պի­տի չմոռցուի եւ իր պա­տուոյ տե­ղը պի­տի ունե­նայ մեր Ազգա­յին Պանթէո­նին մէջ:
Հայ մարդ մըն է որ օ­տար հո­ղին կը յանձնուի, հա­րա­զատ Դաշնակցա­կան մը, որ Ա­զատ հայրե­նի­քի հիմնա­դիրնե­րէն ե­ղաւ ու պի­տի մնայ, մեծ ու անմո­ռա­նա­լի Ա­րա­մին հետ:
Փա՜ռք ու յարգանք իր քաղցր ու պանծա­լի յի­շա­տա­կին: