Հայ-Գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ` Մերքելի Հայաստան այցելութեամբ

25 de agosto de 2018

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Վրաստան կատարած այցելութենէն ետք հասած է Երեւան: Ասիկա Գերմանիոյ վարչապետի մը առաջին այցելութիւնը եղած է Հայաստան:

Զայն դիմաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Սարգսեան. «Հայաստանի Եւ Գերմանիոյ Միջեւ Յարաբերութիւնները
Խարսխուած Են Փոխըմբռնման Եւ Խոր Վստահութեան Վրայ»

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի  ունեցած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հանդիպումը, որուն մասնակցած են երկու երկիրներու պատուիրակութիւնները:

Ողջունելով վարչապետ Անկելա Մերքելն ու գերմանական պատուիրակութիւնը` նախագահ Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ այս պատմական այցելութիւնը նոր հորիզոններ պիտի բանայ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման համար:

«Կ՛ուզեմ գոհունակութեամբ նշել, որ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները խարսխուած են փոխըմբռնման եւ խոր վստահութեան վրայ: Գերմանիան Հայաստանի համար շատ կարեւոր գործընկեր է, բայց մեր համագործակցութիւնը կարելիութիւն ունի շատ աւելի ընդլայնուելու տարբեր մարզերու մէջ: Եւ, վստահաբար, չեմ կրնար գոհունակութիւնս չյայտնել Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու նաեւ այն քաղաքական աջակցութեան համար, որ կը զգանք Եւրոպական Միութեան հետ մեր համագործակցութեան ընթացքին, քանի որ Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին մեզի համար», նշած է նախագահ Սարգսեան:

Վարչապետ Անկելա Մերքել իր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ հիւրընկալուելու համար. «Համամիտ եմ ձեզի հետ այն առումով, որ մեր յարաբերութիւնները ունին չօգտագործուած ներուժ, որ պէտք է օգտագործուի քաղաքական, տնտեսական, գիտահետազօտական եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ: Մենք կ՛ուզենք մեր մասնակցութիւնը ունենալ Հայաստանի կողմէ յայտարարուած բարեփոխումներուն, ուշադրութեամբ կը հետեւէինք գարնան ձեր երկրին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ գործընթացներուն: Պատրաստ ենք համագործակցութիւնը շարունակելու այս թերեւս դժուարին, բայց կարեւոր ճամբուն վրայ»:

Հանդիպումին զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները տարբեր` մշակութային, կրթական եւ գիտական ուղղութիւններով խորացնելու կարելիութիւններուն:

Անկելա Մերքել Այցելեց Ծիծեռնակաբերդի
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր

Գերմանիոյ վարչապետը ծաղիկներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Ան նաեւ Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկած է:

15 յունիս 2005-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշում ընդունած էր: 23 ապրիլ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուք, իսկ 2 յունիս 2016-ին Գերմանիոյ Պունտըսթակը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը:

Մերքել. «Կարեւոր Է` Լեռնային Ղարաբաղի
Տագնապը Լուծել Լաւ Մթնոլորտի Մէջ»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ, ապա տեղի ունեցած է երկու երկիրներու վարչապետներու միացեալ մամլոյ ասուլիսը:

Վարչապետ Փաշինեան ըսած է. «Ուրախ եմ,  որ շատ մը հարցերու վերաբերեալ մեր տեսակէտները կը նոյնանան, ինչ որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հսկայական ներուժ ունին: Գերմանիան առեւտրական եւ տնտեսական շրջանառութեան ծաւալով աշխարհի երրորդ գործընկեր երկիրը կը հանդիսանայ Հայաստանի համար, իսկ Եւրոպայի մէջ` առաջին երկիրը: Այս այցելութեան հիման վրայ մենք պիտի ունենանք միացեալ յստակ գործողութիւններու  օրակարգ, որ կը վերաբերի զանազան մարզերու»:

Վարչապետ Փաշինեան աւելցուցած է, թէ ուրախ է, որ տիկին վարչապետը զգացած է այն դրական վերաբերմունքը, որ Հայաստանի մէջ կայ Գերմանիոյ եւ անձամբ տիկին վարչապետին նկատմամբ:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել նոյնպէս հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` ըսելով, որ ուրախ է այն ջերմ վերաբերմունքին համար, որ դրսեւորուեցաւ Հայաստանի մէջ իր այցելութեան նկատմամբ: Ան նշած է, որ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

«Մենք կը գիտակցինք, թէ 1915-ին  ինչ սարսափելի իրադարձութիւն տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ, այս փաստը պէտք չէ մոռցուի, եւ մենք մեր ներդրումը պէտք է ունենանք այս յիշողութեան պատմութեան մէջ», ըսած է Մերքել:

Ան նշած է, որ իրենք անցեալ ամիսներուն հետեւած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերուն եւ թաւշեայ յեղափոխութեան: Քննարկած են, թէ ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլան հայ-գերմանական յարաբերութիւնները յառաջիկային: Մերքելի համաձայն, կայ լաւ  օրակարգ ինչպէս մշակութային, այնպէս ալ տնտեսական հարցերու հետ կապուած: Գերմանիան պատրաստ է համագործակցելու թուայնացման, բնական պաշարներու մարզին, գերմաներէնի խորացուած ուսուցման եւ գիտութեան մարզին մէջ: Քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու կողմէ  Գերմանիոյ մէջ ապաստան խնդրողներու խնդիրները: Կայ լաւ  համագործակցութիւն այս մարզին մէջ, բայց պէտք է աւելին ընել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կարենան Գերմանիոյ մէջ բժշկական օգնութիւններէն օգտուիլ:

«Ուրախ եմ, որ Հայաստանը յաջողած է Եւրոպական Միութեան  հետ կնքել խոր եւ համապարփակ համաձայնագիրը եւ ցանկութիւն ունի խորացնելու յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ: Գերմանիան իր ներդրումը պիտի ունենայ այդ համաձայնագիրի կիրարկման, իրագործման մեջ», ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը: Ան ընդգծած է, որ շատ հետաքրքրական էր հիւրընկալուիլ նաեւ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ:

Մերքել անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  խաղաղ լուծման հարցին` ըսելով, որ Գերմանիան պատրաստ է ջանքեր ներդնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման մէջ:

«Խօսած ենք այն մասին, որ շատ կարեւոր է տագնապը լուծել լաւ մթնոլորտի մէջ: Գերմանիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ է, եւ պատրաստ է այդ շրջագիծին մէջ աջակցելու Հայաստանին», ըսած է Մերքել:

Փաշինեանը` Մերքելին. «Հայաստանի Արտաքին
Յարաբերութիւններուն Մէջ Շրջադարձներ Պիտի Չըլլան»

Գերմանացի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեամբ արդեօք կարելի՞ է հաւասարակշռել յարաբերութիւնները Հայաստանի ու Ռուսիոյ հետ, Մերքել շատ կարճ պատասխանած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւի ոգիին համապատասխան այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, եւ այդտեղ ինք իրաւաբանական խնդիր չի տեսներ:

Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան աւելցուցած է, որ ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ գործընկերոջ հետ քաղաքականութիւն չի վարեր այլ գործընկերոջ հետ յարաբերութիւնները հակակշռելու նպատակով:

«Մենք ըսած ենք, որ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ  շրջադարձներ պիտի չըլլան: Մենք մտադիր ենք զարգացնելու մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ` ՀԱՊԿ-ի  եւ ԵՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ: Քննարկումներուն ընթացքին արձանագրեցինք, որ մեր այս քաղաքական մօտեցումները լիարժէք ձեւով ընկալելի են Գերմանիոյ կողմէ: Այստեղ հակակշռելու անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Հարցումին, թէ կարելի՞ է գործուն համագործակցութիւն Եւրոպական Միութեան եւ ԵՏՄ-ի միջեւ, եւ այդ համագործակցութեան մէջ ինչպէ՞ս կը տեսնէ Հայաստանի տեղը, Մերքել պատասխանած է.

«Հայաստանը լաւ  օրինակ կրնայ ըլլալ այն բանին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լաւ համագործակցիլ թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան հետ: Դժուար թէ յառաջիկային բանակցութիւններ ըլլան Եւրոպական Միութեան եւ ԵՏՄ-ի միջեւ»:

Լրագրողներու այն հարցումին, թէ Գերմանիան ինչպէ՞ս պիտի աջակցի մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հարցին, քանի որ հարցը տակաւին լուծուած չէ, Գերմանիոյ վարչապետը պատասխանած է.

«Մենք Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ հետ ունինք ընկերակցութեան համաձայնագիրներ, եւ այդ երկիրներուն համար արդէն իրականացած է մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործընթացը: Այս հարցերը սերտօրէն կ՛առնչուին քաղաքական հարցերու հետ, կ՛ակնկալենք, որ այս հարցը յառաջընթաց պիտի ունենայ»: