Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յորդորէ Հայաստանին եւ Միացեալ Նահանգներուն կրկնակի հարկումը բացառող համաձայնագիր կնքել

18 de mayo de 2015

Hai Tad 2015Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը սկսած է նոր արշաւի, որ նպատակ ունի նախապատրաստել Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ կրկնակի հարկումը բացառող համաձայնագիր:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը առանձնացուցած է այն առաւելութիւնները, որոնք կողմերը կ՛ունենան նմանօրինակ համաձայնագիրի մը կնքման պարագային:

Յանձնախումբին համոզումով` պէտք է սկսին բանակցութիւններ համաձայնագիրին վերաբերեալ, որովհետեւ անոր ընդունումը կը ստեղծէ  օրինական շրջանակներ ներդրողներու եւ անհատ ձեռներէցներու համար, կը կանխէ կրկնակի հարկումը եւ կը նպաստէ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կարծիք յայտնած է, որ կրկնակի հարկումը բացառող համաձայնագիրը պիտի օգնէ  ամրապնդելու բարեկամական յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ, Արեւմուտքի մէջ պիտի դառնայ  Հայաստանի խարիսխը, ինչպէս նաեւ Երեւանին պիտի ընձեռէ աւելի մեծ ռազմավարական կարելիութիւններ եւ շրջանային տէրութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ անկախութիւն:

Համաձայնագիրի բացակայութիւնը, ըստ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, կրնայ վատ ազդել Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ կրնայ բացասական ազդակ ըլլալ կարողական ներդրողներուն համար:

Յանձնախումբը յիշեցուցած է, որ նմանօրինակ համաձայնագիրներ Հայաստանը արդէն ունի շատ յառաջադէմ երկիրներու հետ, ինչպիսիք են` Աւստրիան, Պելճիքան, Քանատան, Չինաստանը, Ֆրանսան, Իտալիան, Հոլանտան, Լեհաստանը, Ռուսիան եւ Բրիտանիան: Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներ եւս կրկնակի հարկումը բացառող համաձայնագիրներ կնքած են այնպիսի փոքր երկիրներու հետ, ինչպէս, օրինակ, Էսթոնիոյ, Ճամայքայի, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ, Մալթայի եւ Սլովենիոյ հետ: