"Հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը ոճիր է ընդդէմ մարդկութեան” Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի մէջ

09 de mayo de 2015

Aram-Washington«Եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն բառը միջազգային օրէնքի բառամթերքին մաս չէր կազմեր 1915-ին, այն ինչ որ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ, ցեղասպանութիւն էր իր նպատակով եւ իր մեթոտներով` այլ խօսքով ոճիր ընդդէմ մարդկութեան», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս, Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ երկու հազարէ աւելի ժողովուրդի ներկայութեան:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ 100-ամեակը երեք բառերով կարելի է բնորոշել` յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել: «Մենք յիշեցինք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ մի՛շտ պիտի յիշենք, որովհետեւ անոնք մեր ամէնօրեայ պայքարին ու ձգտումներուն մաս կը կազմեն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը վեհափառը ըսաւ. «Նահատակները յիշել կը նշանակէ աշխարհին յիշեցնել անոնց կտակը: Ցեղասպանութիւն մը կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ: Լռութիւնը այլապէ՛ս ցեղասպանութիւն է: Միջազգային օրէնքին համաձայն ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, հետեւաբար մարդկութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս ոճիրին նկատմամբ»:

Իր խօսքին վերջին կէտին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտը դրաւ պահանջատիրութեան վրայ` ըսելով. «Անարդարութիւն գործուած է մեր ժողովուրդին դէմ: Հայ ժողովուրդը իր իրաւունքները կը պահանջէ: Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, մարդիկ չեն կրնար ուրիշներուն իրաւունքները խլել: Մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափած է, մեր ժողովուրդի կալուածները բռնագրաւուած են: Ո՛չ միայն ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջենք, այլ նաե՛ւ հատուցում: Ներումը քրիստոնէական հաւատքին մաս կը կազմէ. սակայն ներում կը շնորհուի, երբ Թուրքիան կ՛ընդունի ճշմարտութիւնը եւ այս ձեւով երկու ժողովուրդներուն հաշտութեան առաջնորդող ճամբան կը բանայ»: Վեհափառ հայրապետին պատգամը յաճախակի առիթներով ծափահարութիւններով ընդհատուեցաւ եւ աւարտին, ներկայ ժողովուրդը յոտընկայս ծափողջոյններով գնահատեց իր սրտին թարգմանը հանդիսացող հայրապետին խօսքերը:

5-08-15_3111146559_1057552050925163_929832848155645156_n

Միջկրօնական արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որ իր կարգին ողջունեց վերջին շրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գործնական քայլի դիմած երկիրները եւ կոչ ուղղեց, որ միջազգային համայնքը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները:

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ծերակուտականներ, քոնկրեսի անդամներ, եկեղեցական ներկայացուցիչներ եւ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ եկած հայորդիներ: