Հայ-Չինական Հռչակագիրին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Արցախի տագնապի կարգաւորման

28 de marzo de 2015

0326ARM-CHINԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Պետական այցով Չինաստան գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 25ին հանդիպում մը ունեցած է Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հետ: Երկու պետութիւններու ղեկավարները ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ խորհրդակցած են հայ-չինական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական հարցերու մասին: Ձեռք բերուած է փոխըմբռնում՝ հարցերու լայն շրջանակի շուրջ:

Հանդիպման աւարտին, Հայաստանի եւ Չինաստանի նախագահները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան բարեկամական համագործակցութեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ խորացման մասին» համատեղ հռչակագիր:

Հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ կողմերը այսուհետեւ եւս պիտի շարունակեն զարգացնել փոխադարձ յարգանքի, հաւասարութեան եւ փոխադարձ շահերու հիման վրայ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները, ու հետեւելով 1996ի Մայիս 5ի «ՀՀ եւ ՉԺՀ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հիմունքներու մասին» համատեղ հռչակագիրին եւ 2004ի Սեպտեմբեր 27ի ՀՀ եւ ՉԺՀ համատեղ հռչակագիրի դրոյթներուն՝ հետեւողականօրէն պիտի իրականացնեն երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ուղեգիծ՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ, հայ-չինական յարաբերութիւններու բարեկամական համագործակցութեան զարգացման նպատակով, ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն:

0326serjpekinՆոր հռչակագիրին մէջ, հայկական կողմը կը հաստատէ Չինաստանի քաղաքականութեան իր աջակցութիւնը՝ հանդէս գալով Թայուանի անկախութեան դէմ եւ վերահաստատելով, որ Թայուանի հետ որեւէ պաշտօնական կապ պիտի չհաստատէ, պիտի աջակցի Թայուանական նեղուցի երկու ափերուն միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ զարգացման, ինչպէս նաեւ երկրի միաւորման ուղղուած Չինաստանի կառավարութեան բոլոր ջանքերուն՝ համարելով, որ Թայուանը ՉԺՀի անքակտելի մէկ մասն է, իսկ թայուանական հարցը՝ Չինաստանի ներքին գործը:

Չինական կողմը հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ արդար կարգաւորման օգտին՝ ՄԱԿի կանոնադրութեան հիմնական նպատակներուն եւ միջազգային իրաւունքի համընդհանուր ճանչցուած սկսզբունքներուն համաձայն:

Կողմերը կը յայտարարեն, որ պիտի չանդամակցին որեւէ միութեան կամ դաշինքի, որոնք ուղղուած են կողմերէն մէկուն ինքնիշխանութեան, ապահովութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, ու պիտի չձեռնարկեն այնպիսի գործողութիւններու, որոնք վնաս կը հասցնեն միւս կողմի ինքնիշխանութեան, ապահովութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ներառեալ՝ երրորդ կողմի հետ պայմանագիրներու կնքումին ու իրենց տարածքին մէջ այնպիսի կազմակերպութիւններու եւ խմբաւորումներու արգիլման, որոնք վնաս կը հասցնեն միւս կողմին:

Կողմերը լիովին կը սատարեն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն ընտրած զարգացման ճանապարհը, կը հաստատեն աջակցութիւնը միւս կողմի ջանքերուն՝ ուղղուած պետական անկախութեան, ինքնիշխանութեան, ապահովութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ամրապնդման, ընկերաքաղաքական կայունութեան ապահովման եւ ազգային տնտեսութեան զարգացման:

Անոնք կը հաստատեն, որ առեւտրատնտեսական կապերը հայ-չինական յարաբերութիւններու բարեկամական համագործակցութեան կարեւոր բաղկացուցիչն են: Չինական կողմը կը խրախուսէ իր ձեռնարկութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ նոր ձեռնարկութիւններ ստեղծելու հարցով:

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են հանգամանօրէն քննելու ֆինանսական համագործակցութեան զարգացման հարցը, ներառեալ՝ ազգային արժոյթներու փոխանակումները, նաեւ՝ գտնելու ֆինանսաւորման բազմազան միջոցներ եւ ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրելու համագործակցութեան կարեւոր նախագիծերուն:

Նշուած է, որ Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտիի համատեղ ստեղծման նախաձեռնութիւնը նոր հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ երկու երկիրներու բազմակողմանի համագործակցութեան համար: Նաեւ, պիտի շարունակուի ընդլայնուիլ ուսանողներու փոխանակումը: Չինական կողմը պատրաստ է պետական կրթաթոշակներու տրամադրումը շարունակելու Չինաստանի մէջ հայ ուսանողներուն, եւ աջակցելու բոլոր բնագաւառներուն մէջ մասնագիտացած անձնակազմեր պատրաստելու հարցով:

ՀՀն եւ ՉԺՀն դատապարտած եւ հաստատապէս հանդէս եկած են ահաբեկչութեան դէմ. անոնք պատրաստ են աշխուժացնելու երկու երկիրներուն միջեւ կապերն ու համագործակցութիւնը, համատեղ պայքարելու ահաբեկչութեան, դրամի «մաքրագործման», թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան եւ անդրազգային կազմակերպուած յանցաւորութեանց այլ ձեւերու դէմ: Կողմերը պատրաստակամութիւն կը յայտնեն համապատասխան ձեւով շարունակելու համագործակցութիւնը՝ ռազմական պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններու, զինուորականներու պատրաստման, ռազմական օգնութեան ցուցաբերման եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Նաեւ, պիտի աշխուժացուի երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը ՄԱԿի ու այլ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու մէջ: